Ռումանիոյ Հայ Համայնքի Գերեզմանաքարերու Եւ Մահարձաններու Արձանագրութիւնները
Մօտ երկու տարի առաջ հնարաւորութիւն ունեցայ ուսումնասիրելու եւ գրառելու Մոլտովայի հայ համայնքներէն երեքին` Սուչաւայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ, Ս. Սիմէոն եկեղեցւոյ, Զամքա վանքի եւ Հաճկատար վանքի գերեզմանաքարերը. այնուհետեւ Պոտոշանի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներու, Ֆոկշանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գերեզմանաքարերն ու մահարձանները, որոնց ամբողջական հրատարակութիւնը ուրիշ աշխատասիրութեան նիւթ պէտք է ըլլայ: Նոյնքան կարեւոր են Եաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող գերեզմանաքարերն ու մահարձանները, որոնք ամբողջութեամբ գրառած եմ եւ վերծանած: Միւս համայնքներու գերեզմանաքարերը հնութեամբ եւ իրենց յիշատակութիւններով մեծ արժէք չեն ներկայացներ, բայց ամէն պարագայի նոյնպէս ներառած եմ աշխատութեան մէջ: Աւելցնենք, որ նոյն աշխատանքը կատարած ենք նաեւ Պուխարեստի գերեզմանատան մէջ, ուր մինչ օրս կը պահուին տասնեակ հին շիրիմներ:
Ընդհանրապէս, Ռումանիոյ մէջ պահպանուած գերեզմանաքարերը ծաւալով տարբեր են: Ոմանք կարճ յիշատակութիւններով, հանգուցեալի անունն ու մահուան թուականը ցոյց տուող, ուրիշները` չափածոյ գովասանական արձանագրութիւններով:
Գերեզմանաքարերէն քանի մը հատը զարդարուած են Կենաց ծառով, կամ մեխակներով, որթատունկերով եւ խաղողով, ունենալով միշտ խաչ: Կան շիրիմներ, որոնք զարդարուած են երկգլխանի արծիւով: Բաւական շատ են այն տապանաքարերը, որոնք կը կրեն հրէական Էմմանուէլ բառին սկզբնատառը, այսինքն «Է», գրեթէ բոլորն ալ թռչնագիր, որ կը նշանակէ ընդ մեզ Աստուած (Աստուած մեզ հետ):
Պոտոշանի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ զանգակատան աջ կողմը կը գտնուի «Տր Յսի պաշտօնեայ լեալ, տր Աւետիս վերակոչեալ Պարխուտարեան մականուանեալ», թուական` 1814 Փետրուար 19, տապանաքարին վերեւը եւ ճիշդ մէջտեղը քանդակուած է քահանայական գդակ, երկու կողմերը բուրվառներ, քիչ մը ներքեւ, մէկ սկիհ եւ խաչ, իսկ այս երկուքին մէջտեղը Աւետարան` «Ելի ի Հորէ եկի յս. դրձլ թղմ եւ երթամ առ Հայր»: Ֆոկշանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջ պահպանուած է քահանայի մը դամբարանը, որուն ճակատը` ծաղկեայ շրջանակի մէջ քանդակուած են սաղաւարտ, վակաս եւ փորուրարի մասեր. թուականը անընթեռնելի է, շիրիմը` «Ադրեանոպոլսեցի տ. Ստեփանին»- է:
Նախքան 17-րդ դարը, շարք մը գերեզմանաքարերու յիշատակութիւնները եղած են չորս եզրերու մէջ, մէջտեղը ունենալով զանազան զարդարանքներ` սովորաբար բուսային: 17-րդ դարէն յետոյ արձանագրութիւնները եղած են քարի մէջտեղը, իսկ զարդարանքները` եզերքներուն: Տապանաքարեր, ընդհանրապէս, շատ լաւ որակի եղած են` մարմարէ, իսկ աշխատութիւնը` արուեստի գործ: Մարմարեայ այս քարերը բերուած են Պոլիսէն, առանց որեւէ գրութեան:
Տապանաքարերու արձանագրութիւնները, բացառութեամբ քանի մը հատի, գրաբար են, իսկ թուականները փորագրուած են հայկական եւ արաբական թուանշաններով:
Շարք մը գերեզմանաքարեր գործածուած են եկեղեցիներու եւ վանքերու նորոգութեան առիթներով: Այսպէս, Սուչաւայի ս. Խաչ եկեղեցւոյ զանգակատան դրան վրայ դրուած են 4 հին գերեզմանաքարեր, ուրիշ 4 հատ նոյն եկեղեցւոյ հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն վրայ, 2 հատ Ս. Սիմէոն եկեղեցւոյ մկրտութեան աւազանին առջեւ:
Պոտոշանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Աւագ Խորանին մօտ պահպանուած են երկու հին տապանաքարեր, իսկ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ աջակողմեան պահարանի սեղանին առջեւ եւ ձախակողմեան դրան վրայ` 4 գերեզմանաքարեր:
Անկասկած եղած են աւելի հին ու շատ տապանաքարեր, որոնք ունեցած են իրենց առանձնայատուկ յիշատակութիւնները, սակայն ժամանակի հոլովումով անհետացած են եւ կամ ալ զարդարուած են մամուռի կանանչ թաւիշով:
Ախթալայի Ս․ Աստուածածին վանքի վանահայր`
Տէր Հեթում քահանայ Թարվերդեան
Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»