Մաքսիմ Վենկերովի Տարածաշրջանի Առաջին Մենահամերգը Տեղի Կ’ունենայ Հայաստանի Մէջ

Ջութակահար եւ խմբավար Մաքսիմ Վենկերովի առաջին մենահամերգը տարածաշրջանին մէջ կը կազմակերպուի Հայաստանի մէջ:

Ջութակահարը նոյեմբեր 28-ին «Երեւանեան հեռանկարներ» 14-րդ փառատօնի ծիրէն ներս ելոյթ կ’ունենայ «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ:

Ջութակահարին պիտի նուագակցի դաշնակահար Վահագն Պապեան:

«Մեր ժամանակներու ամենամեծ արուեստագէտ Մաքսիմ Վենկերովը Հայաստան առաջին անգամ այցելած է 2011-ին, բայց ոչ «Երեւանեան հեռանկարներու», այլ` երիտասարդական նուագախումբի նախաձեռնութեամբ: Այդ տարի ան հանդէս եկած է որպէս խմբավար:

Մենք անոր երկար ժամանակ է, որ կը սպասենք Հայաստանի մէջ:

Առողջական խնդիրներու պատճառով ան որոշ ժամանակ ջութակ չէր նուագեր, հանդէս կու գար միայն որպէս խմբավար: Ան մեր տարածաշրջանին մէջ երբեւէ մենահամերգ չէր  ունեցած: Մեզ համար ասիկա զգայացունց համերգ է, որ երկար բանակցութիւններու արդիւնք է» ,- «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց «Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնի ղեկավար Սոնա Յովհաննիսեան:

Երեւանեան մենահամերգի ընթացքին Վենկերովը կը կատարէ Պախի, Ֆրանքի, Պրամսի, Տժուորժակի, Քրայսլերի, Շոստակովիչի, Եիգանովի, Պագանինիի, Իզայիի եւ Սէն Սանսի գործերը:

Մաքսիմ Վենկերովը ծնած է Ռուսաստանի Չելեաբինսկ քաղաքին մէջ: 1989-ին տեղափոխուած է Գերմանիա, այնուհետեւ 1990-էն դարձած Իսրայէլի քաղաքացի:
1990-ին յաղթած է Լոնտոնի Ֆլեշի անուան ջութակահարներու մրցոյթին: 2005 թ-ին դասաւանդած է Լոնտոնի  երաժշտութեան թագաւորական ակադեմիային մէջ:
Վենկերովը կը համագործակցի լաւագոյն երաժիշտներու հետ եւ արժանացած է «Գրեմմի» ու  շարք մը այլ միջազգային մրցանակներու: Մաքսիմ Վենկերովը բազմիցս հանդէս եկած է աշխարհի նշանաւոր բեմերու վրայ` հանրայայտ խմբավարներու ղեկավարութեամբ:

Վենկերովն իր առաջին հայաստանեան այցին որպէս խմբավար հանդէս եկած է Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին հետ: Այն ժամանակ հայ լրագրողներու հետ հանդիպման մեծանուն երաժիշտը խոստովանած է, որ կը սիրէ հայերուն` ըսելով, որ ինքը  բազմաթիւ հայ ընկերներ ունի, աւելին`ինքնիրեն նուազագոյնը մէկ քառորդով հայ կը համարէ: Ջութակահարը յատկապէս տպաւորուած եղած է Սերգէյ Փարաջանովի տուն-թանգարանով:

«Երեւանեան հեռանկարներու» 14-րդ համերգաշրջանն այս տարի մեկնարկած է Վիեննայի ֆիլհարմոնիկ հռչակաւոր նուագախումբի համերգով: Այնուհետեւ, յունիսին Երեւանի եւ Վանաձորի մէջ ելոյթ  ունեցած է  «Գրեմմիի» մրցանակակիր Էսթոնիայի տղամարդոց երգչախումբը: «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ վերջերս հանդէս եկած է  նաեւ «Հորտուս Մուզիկուս» խումբը: Սեպտեմբեր 12-ին փառատօնի ծիրէն ներս ելոյթ  ունեցած է Եուրի Բաշմետը` իր ղեկավարած «Մոսկուայի մենակատարներ» կամերային նուագախումբին հետ, իսկ սեպտեմբեր 29-ին` ռուս բարիտոն Դմիտրի Խուորոստովսկին: Փառատօնային վերջին համերգի ընթացքին յատուկ ծրագիրով  ներկայացած է «Շանհայ» լարային քառեակը:

Scroll Up