Ընտանեկան Յուշեր Պաքուի Հայերու Պատմութենէն

Հայոց աշխարհը ինծի համար Կասպից ծովեզերքէն՝ Պաքուէն սկսաւ, իր ներքին բակերէն, լայնատարած պատշգամներէն, գոյնզգոյն կերակուրներով ծածկուած երկար սեղաններէն, ղարաբաղեան բարբառին հնչիւններէն, հայկական պարերու մէջ փռուած ձեռքերու ուրուագիծերէն, «Քամիներու քաղաք»-ի սօսիներու անդադրում սօսաւիւնէն:

Եթէ պոլսահայերը վարժ են Հայաստանը իբրեւ արեւելեան հեռաւոր երկիր մը երեւակայելու, ապա մեզի համար նոյնիսկ Ղարաբաղը արեւմտեան աշխարհ մըն էր: Մոսկուա ծնած ըլլալով՝ բնականաբար չէի կրնար հայութեան մասին յստակ գաղափար մը ունենալ, բայց երբ մանկութեանս տարիներուն Պաքու կ՚երթայի, մեծ մօրս ու մեծ հօրս հետ ժամանակ վայելելու, ուրիշ տիեզերք մը կը բացայայտուէր՝ բաղձալի ու խորհրդաւոր: Կը յիշեմ, ինչպէս մեծ մայրիկիս հետ զբօսնելու կամ գնումներ ընելու ատեն, ան, երբեմն, անծանօթի մը հետ պատահական զրոյցի բռնուելով, հետը ռուսերէն քանի մը նախադասութիւն փոխանակելէ ետք, յանկարծ հայերէնին կ’անցնէր: Քովը կանգնած ու գլուխս ի վեր պարզած՝ մանկական կարճ հասակէս խօսակից մարդուն կզակը միայն կը տեսնէի ու մարդը աչքերովս կ’ուտէի՝ փորձելով հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս մեծ մայրիկս կրցած էր կռահել, թէ դիմացինը Հայ էր: Իսկ եթէ հարցնէի իրեն՝ կը ժպտէր միայն ի պատասխան…: Մարմնովս իսկ կը զգայի, որ ես այս անհետացող աշխարհին հետ անզննելի թելերով կապուած էի:

Ինծի նախորդող չորս սերունդները Պաքու ապրած են, բայց մեծ մօրս ու մեծ հօրս ընտանիքները տարբեր գաւառներէ էին, ու Պաքուի մէջ իրենց տարբեր շրջանակները զիրար շատ չէին հաւներ: Առաջինը Շուշիէն կու գար ու իր բարբառը կը պահէր. Արցախի լեզուն քաղաքի փողոցներուն վրայ, ո՛չ միայն Էրմէնիքենտ, այլեւ քաղաքին բուն կեդրոնը, մինչեւ 1990-ի ջարդը, կը լսուէր:

Միւս ընտանիքին արմատները Շամախի կը կորսուէին. մեծ հօրս մայրը՝ Թագուհի Աբէլեան՝ դերասան Յովհաննէս Աբէլեանի քոյրն էր, միեւնոյն Բաբախանեան ընտանիքէն, ինչպէս էին՝ Ալեքսանդր Շիրվանզադէ, Լէօ ու Կոստան Զարեան: Երիտասարդ Շիրվանզադէն, 19-րդ դարու վերջը, Շուշիէն Պաքու տեղափոխուելուն՝ առաջին շրջանին մօրաքրոջ՝ Մարիամ Բաբախանեանին տունը ապրած է, ու յետագային զայն իբրեւ իր «երկրորդ մայրը» յիշած է «Կեանքի բովից» երկին մէջ:

Իսկ Մարիամին դուստրը՝ Թագուհի, իր ընտանիքով հաստատուած է գեղեցիկ չորեքյարկանի տան մը մէջ, որ Թագուհիին ամուսինը՝ Կարապետ Լազարեւ, կառուցել տուած էր նախկին Սդարօ-Բոլիցէյսգայա փողոցին մէջ: 1920-էն ետք Բոլշեւիկեան կառավարութիւնը խլեց այս տունը Լազարեւներէն, բայց մեծ հայրս՝ Արթեմիյ (Յարութիւն), մինչեւ վերջ միեւնոյն փողոցը ապրեցաւ, ուրիշ հայաշէն տան մը մէջ, որուն մասին եւս քանի մը խօսք պիտի ըսեմ: Սովետական ժամանակներուն, այսպէս կոչուած «ունեւոր դասակարգին» հետ նոյնացուած ըլլալու սարսափը այնքա՜ն ուժգին էր, որ Արթեմիյ իր ծնած տան մօտենալուն՝ ամէն անգամ փողոցին միւս կողմը կ՚անցնէր, որպէսզի զինք իր հարազատ բոյնին քով յանկա՛րծ չտեսնեն ու չմեղադրեն, թէ իր ընտանեկան օճախը կը կարօտնար:

Մեծ մայրս՝ Էմմա, հօրենական գծով կու գար շուշեցի Թառումեան ընտանիքէն, որ դարասկիզբին Կորչագովսգայա փողոցը կ՚ապրէր: 1822 թուականին Թառումեանները աջակցած էին կառուցելու Շուշիի «Ագուլեցոց» (Ագուլիսցիներուն) եկեղեցին, որ մինչեւ 1887, Ղազանչեցոց եկեղեցիի շինութիւնը, քաղաքին աւագը եղած էր: Ատիկա 1920-ի ջարդին օրօք կործանեցաւ, սակայն 1895-ին Պաքու հրատարակուած գիրքի մը մէջ Մակար եպիսկոպոս Բարխուդարեանց, նկարագրելով այս «անտաշ քարով կառուցեալ» տաճարը, կ՚արձանագրէ անոր հարաւային դրան բարաւորին (ճակատակալ քարին) վրայ փորուած գրութիւնը, որ Թառումեաններուն «արդիւնքն եւ ծախքն» կը յիշէ:

1915-ի վերջը եւ 1916-ի սկիզբը Պաքու, Թաթարներու (այսօրուան Ազէրպայճանցիներուն) յարձակումները Հայերու վրայ աւելի յաճախակի դարձած էին, ինչ որ նոր ջարդի մը վախը կ՚արծարծէր Հայոց մէջ: Կովկաս ու Միջին Ասիա հակահայկական հալածանքները կը գրգռէին Թաթարներու «իսլամական բարերար միութիւնները», որոնք սերտ կապ մը կը պահէին Երիտթուրքերուն հետ: Մեծ մօրս մայրը յղի ըլլալուն չնայելով, երբ անգամ մը, գարունը, լուրը ստացած էր, որ Թաթարներ փորձեր էին դպրոցէն վերադարձող աղջիկներուն վրայ յարձակիլ, անոնց ուղեկառքը կանգնեցնելով, իսկոյն որոշած էր մեծ ընտանիքին փութանակի փախուստը կազմակերպել: Քանի՜ցս Հայերուն քով կրկնուած ընթացք. կի՛նն է, որ ընտանիքին ճակատագիրը կ՚որոշէ: Վտանգը այնքա՜ն շօշափելի էր, որ բոլոր պատրաստութիւնները քանի մը օրուան մէջ կատարուեցան: Ուղեկառք նստելու ատեն, Էմմային մեծ քոյրը յանկարծ անհետացած էր՝ տագնապի մատնելով բոլորը, բայց քանի մը վայրկեան ետք ելած էր լքուած տունէն՝ արծաթեայ սպասքը ձեռքին. երիտասարդներն ու երախաներն ալ կը գիտակցէին, ուրեմն, թէ ճամբան դժուար պիտի ըլլար, ու տուներնին կրնային այլեւս չտեսնել:

Վտանգէն ազատելու համար, թաթարաբնակ տարածքներու մէջէն Թիֆլիս կամ Ռուսաստան երթալու փոխարէն՝ Թառումեանները նախընտրած են ծովը կիսել. Թիւրքմենիստանը իրենց աւելի ապահով կը թուէր: Արդէն նախորդ դարու վերջին քառորդէն սկսեալ՝ Աշխապատ հաստատուած էին շատ մը պաքուցի Հայեր, որոնց շնորհիւ Պաքու մնացած իրենց հայրենակիցները կրնային տեղեկանալ Միջին Ասիոյ մէջ տիրող վիճակին մասին: Իսկապէս ալ, 1916-ին Աշխապատ հանգիստ տեղ մըն էր. բայց եթէ իրօք այդպէս էր, ինչո՞ւ Աշխէն ու Արշակ հոն կանգ չառին, այլ իրենց եօթը դուստրերուն հետ երեք-չորս անգամ աւելի երկար ճամբայ մը կտրելով՝ հասան Ֆերկանայի հովիտը, ուր Հայեր ու ընդհանրապէս քրիստոնեաներ քիչ էին: Մանկութեանս, ընտանիքիս գաղթին պատմութիւնը այնքա՜ն լսած եմ՝ թէ՛ մեծ մօրմէս, թէ՛ իր քրոջմէն, թէ՛ մօրմէս, որ զիս իրենց բոլոր քայլերուն տեղեակ կը համարէի: Միայն երբ առաջին անգամ գրիչ մը ձեռքս առի այս եղելութիւնները գրի առնելու համար, անդրադարձայ, թէ քանի՛ օղակ պակաս են շղթային մէջ: Աւա՜ղ, ուշ էր արդէն մասնակիցները փնտռելու…:

Կ՚ենթադրեմ, սակայն, որ ի սկզբանէ մտադիր էին իրենց ճամբորդութիւնը դէպի Ռուսաստան շարունակելու, որովհետեւ Խաւաստէն մինչեւ Օրենպուրկ տանող երկաթուղագիծ մը կը գործէր, բայց Աշխէնին յղի ըլլալուն պատճառով ստիպուեցան կենալ Խաւաստէն քիչ մը անդին գտնուող Քոքանտը, ուր եւ ծնաւ իրենց վերջին երախան: Քոքանտ տարի մը հանգիստ ապրեցան, բայց երբ յաջորդ տարուան ամառը՝ Փետրուար 1917-ին, Ռուսական յեղափոխութեան հետեւանքով Միջին Ասիան անկառավարելի դարձած էր, Էնվեր փաշայի գործակալները կրցած էին հոն իրենց գործունէութիւնը սաստկացնել. զինուած գունդեր կը շրջէին վայրէ-վայր Հայեր փնտռելով: Անգամ մը, Թաթարներու մօտենալուն լուրը առնելով, Աշխէն սուրացած է երախաները պահարաններու մէջ, անկողիններու տակ թաքցնելու համար, ու միայն Թառումեաններուն ուզպեք խոհարարը տունէն դուրս ելլելով եղեռնագործներուն առջեւ ձեւացուցած է, թէ ան մահմետականի տուն մըն էր, եւ ատով փրկած է ընտանիքը: Այս արկածէն ետք Քոքանտը ձգելով՝ Թառումեանները հաստատուած են Աշխապատ:

Ընտանիքին տասը անդամներէն միայն Էմմա երեսնական թուականներուն սկիզբը վերադարձաւ Պաքու, ուր ամուսնացաւ Արթեմիյ Լազարեւին հետ: Անոնք ապրեցան վերոյիշեալ տունը, որ Լազարեւներուն տան քով կը գտնուէր եւ ուր ծնան թէ՛ քեռիս, թէ՛ մայրս եւ ուր ես ալ մանկութեանս ամենաքաղցր պահերը անցուցի: Մինչեւ այսօր կարող եմ մտովի վերականգնել այդ ինքնուրոյն կառոյցը, որուն պատշգամները չորս գիրուկ արձաններ լոկ մէկ ձեռքով կը կրէին, եւ անոր տարբեր դռներուն յատուկ ճռճռոցն ու բախումը՝ առանձին-առանձին:

Աշխէն երբե՛ք չուզեց Պաքու վերադառնալ: 1905-ի ու 1918-ի կոտորածներուն ակնարկելով կը կրկնէր, թէ ո՛ւր որ այդ պատահեցաւ՝ նորէ՛ն պիտի պատահի: Թառումեաններուն փախուստէն 74 տարի ետք, յունուար 1990-ին, անոնց աղջիկը՝ Էմման, նորէն պիտի փախչէր Պաքուէն, քեռիիս ընտանիքին հետ, վերջնապէս լքելով իր քաղաքն ու տունը, բայց սա արդէն ուրիշ անգամ պատմուելիք եղելութիւն է: Երբ, քանի մը տարի առաջ իմացայ, որ չկայ այլեւս այդ շէնքը, հասկցայ, որ այն անբացատրելի զիլ կսկիծը, որ ամէն տարի Պաքուին նորէն հանդիպելու ուրախութեանս կը խառնուէր, այդ քաղաքին, իր Հայերուն ու այդ ջերմ բոյնին աւերումը նախազգացող կոծ մըն էր:

Իկոր Տորֆման-Լազարեւ

Աղբիւր՝ «Ազգ»

Scroll Up