Հայաստանը Մասնակցեցաւ «Բաց Կառավարման Գործընկերութեան» Լոնտոնի Գագաթնաժողովին

Հոկտեմբեր 30-էն նոյեմբեր 1 Լոնտոնի մէջ կայացաւ «Բաց կառավարման գործընկերութեան» (ԲԿԳ) նախաձեռնութեան 2013թ. գագաթնաժողովը, որուն մասնակցեցան ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան եւ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարարի առաջին տեղակալ Տիգրան Գէորգեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները:
Գագաթնաժողովի հիմնական նպատակն էր ի մի բերել ԲԿԳ գործունէութեան առաջին երկու տարիներու արդիւնքները, մասնաւորապէս` գործողութիւններու ազգային ծրագիրներով նախատեսուած յանձնառութիւններու կատարումը, քննարկել գործողութիւններու նոր ծրագիրներու մշակման հետ կապուած հարցերը, կառավարութեան գործունէութեան թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան
ապահովման մեխանիզմները, նախաձեռնութեան ծիրէն ներս կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան երկայացուցիչներու փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման հեռանկարները:
Գագաթնաժողովի ծիրէն ներս փոխնախարար Աշոտ Յովակիմեան մամլոյ ասուլիսի եւ ելոյթի միջոցով ներկայացուց Հայաստանի գործողութիւններու նոր ծրագիրի` կառավարութեան կողմէ առաջարկուող ընդհանուր դրոյթները:
Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի 2014-16 թթ. կարեւորագոյն յանձնառութիւններէն մէկուն` հանքարդիւնաբերութեան բաց շտեմարանի ստեղծման, որուն նպատակն է թուայնացնել եւ հասարակութեան հասու դարձնել ՀՀ երկրաբանական գործակալութեան արխիւներն ու տուեալները: Յանձնառութիւնը կ’արձագանքէ յառաջիկայ տարիներուն համար ԲԿԳ գործընթացքին յայտարարուած հինգ
առաջնայնութիւններէն մէկուն` բնական պաշարներու օգտագործման ոլորտին մէջ թափանցիկութեան ապահովման: Նախարարի տեղակալ Յովակիմեան նաեւ շեշտեց, որ ՀՀ կառավարութիւնը հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընէ ` ԲԿԳ գործընթացներուն քաղաքացիական հասարակութեան ներգրաւման ծաւալն ու արդիւնաւէտութիւնը ընդլայնելու համար:
Գագաթնաժողովի աշխատանքներուն մասնակցեցան Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնը, արտաքին գործերու նախարար Ուիլիամ Հէյգը, ԱՄՆ պետական քարտուղար Ճոն Քերրին (հեռուստակամուրջի միջոցով), բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: