Ազգային Առաջնորդարանը Կը Պատուէ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Մեծ Ընտանիքը
«Ծառայութեան Տարուան» առիթով եւ Արեւմտեան թեմի ծառայողները գնահատելու նախաձեռնութեանց ծիրին մէջ, Ազգ. առաջնորդարանը Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15ին, կազմակերպած էր յատուկ ճաշկերոյթ մը, ի պատիւ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ու անոր նուիրեալ ծառայողներու մեծ ընտանիքին, ի յարգանս կնոջական այս մեծ միութեան վիթխարի ծառայութեան, որ կը մատուցուի մեր ժողովուրդին՝ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, æաւախք եւ սփիւռքեան գաղութներ:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ, այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինին կողմէ, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կից «Աւետիսեան» սրահին մէջ:
Հանդիսութեան, առաջնորդին կ՛ընկերանային Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեանն ու Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը։ Ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան, Շրջանային վարչութեան ու մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ եւ 250 անդամուհիներ։
Հանդիսավարութիւնը կատարեց տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Ծովիկ Զէյթլեան. ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հռչակած «Ծառայութեան Տարուան» խորհուրդը եւ Ազգ. առաջնորդարանի գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը՝ գնահատելու թեմին մէջ վաստակ ունեցող անհատներն ու կազմակերպութիւնները։ Ապա, հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս երգելու ՀՕՄի քայլերգը, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը։
Հանդիսութեան ընթացքին, ծանօթ երգիչ Գէորգ Չաքմանեան աշուղական երգերու փունջով հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեց։
ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց վարչութեան փոխատենապետուհի Այտա Պապայեան-Ալ Ռայէսը, որ նշեց ՀՕՄի բազմամեայ եւ բազմաբեղուն ծառայութիւնները՝ բարեսիրական, մշակութային եւ կրթական ոլորտներուն մէջ։ Ապա, ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազան հօր այս ձեռնարկին համար, եւ շնորհաւորեց անոր քահանայական օծման քառասուն եւ առաջնորդութեան քսան ամեակները:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ Մարալ Վարժապետեան, որ ասմունքեց Եղիշէ Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»ն եւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» բանաստեղծութիւնները։
Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ առաջին հերթին գնահատեց Ազգ. առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինը՝ այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան մտայղացման եւ կազմակերպման համար, ապա գնահատեց ՀՕՄի եւ ՀՕՄականներու վեհ առաքելութիւնն ու անխոնջ ծառայութիւնը՝ աշխարհասփիւռ հայութեան, եւ ըսաւ. «Գաղտնիք չէ, որ հայութեան ու մեր հայրենիքին ծառայութեան դաշտին մէջ ՀՕՄը կը կանգնի յառաջապահի դիրքերու վրայ, ա՛յն օրէն սկսեալ, երբ հիմը դրուեցաւ կնոջական այս աշխարհատարած կազմակերպութեան, աւելի քան դար մը առաջ: ՀՕՄականը սկզ-բնապէս յանձն առաւ օգնութեան ձեռք երկարել Ցեղասպանութենէն վերապրող ու հայրենի հող կորսնցուցած կարօտեալ հայ ընտանիքներու, նեցուկ կանգնեցաւ հայ ուսանողներու, իսկ վերջին տասնամեակներուն իր սպեղանին տարածեց դէպի Հայաստան, Արցախ ու æաւախք: Եւ ի՜նչ գեղեցիկ զուգադիպութիւն. այս տարի կը տօնենք Հայաստանի անկախութեան 25րդ տարեդարձը… Մէկ խօսքով, ՀՕՄը եղաւ ու կը մնայ մարմնաւորումը նոյնինքն ծառայութիւն հասկացութեան, դարձած է օրինակ ծառայութեան ու նուիրաբերումի: Իսկ ամերիկեան այս ափերուն, իրերայաջորդ Շրջանային վարչութեանց գլխաւորութեամբ, Արեւմտեան շրջանի ՀՕՄը ընկերային կարիքներ ունեցող ընտանիքներուն լայնածիր նուիրաբերում եւ ծառայութիւններ կ՛ընձեռէ»:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա» օրհներգի ու «Մեր Հայրենիք» քայլերգի երգեցողութեամբ։ Ներկաները ստացան առաջնորդ արբազան հօր պատգամներէն փունջ մը պարունակող՝ «A Collection of Spiritual Reflections» հատորէն օրինակներ եւ այս օրուան համար յատուկ պատրաստուած էջադիրներ։
* * *
Այս առթիւ, առաջնորդը ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան շնորհեց Օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր, զոր կը հրապարակենք ստորեւ.
«Սրտի անհուն գոհունակութեամբ կ՛ողջունենք Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնն ու անոր հովանիին տակ գործող բոլոր մասնաճիւղերուն անդամները՝ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին ի խնդիր անոնց անձնդիր ու անսակարկ նուիրումին համար:
2016ը «Ծառայութեան Տարի» հռչակող իր պատգամին մէջ, Ս. Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոս կը նշէ, թէ «Ծառայութիւնը մեր առօրեայ խօսակցութեան մէջ յաճախակիօրէն գործածուող սովորական բառ դարձած է, ինչպէս նաեւ՝ մեր կեանքին մէջ յաճախ պարզուող բնական երեւոյթ մը: Սակայն, խորունկ նշանակութիւն ունի ծառայութիւնը: Ան մարդկային կեանքին ամէնէն բարձր արժէքներէն ու արժանիքներէն մէկն է: Ծառայութիւնը իր խոր էութեամբ հաւատքի ու նուիրումի շօշափելի արտայայտութիւն է, Աստուծոյ ու մեր նմանին հանդէպ ունեցած հաւատարմութեան ու սիրոյ գործնականացումն է»: Մեկնելով վեհափառ հայրապետին այս բնորոշումէն, կրնանք անվերապահօրէն վկայել, որ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր կազմաւորման առաջին իսկ օրէն ու մինչեւ օրս, իր գործունէութիւնը ծաւալած է ա՛յս գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ, ծառայած է մեր ժողովուրդին, հայրենի հողին վրայ թէ Սփիւռքի տարածքին, եւ մեր հայրենիքին՝ իր Հայաստան-Արցախ-æաւախք միասնութեամբ, հաւատալով, որ մեր պատմական հողերուն միացումը այս եռանկիւնին՝ բազմաթիւ նոր հորիզոններ ու անդաստաններ պիտի բանայ իր գործունէութեան դիմաց:
«Ծառայութիւնը աստուածահաճոյ գործ է եւ քրիստոնէական մեր հաւատքին էութիւնը», կ՛ըսէ վեհափառ հայրապետը: Վերջին մէկ դարու մեր պատմութեան մէջ, ՀՕՄը եղած է ու կը մնայ այն կազմակերպութիւնը, որ ծառայութիւնը դարձուցած է իր գոյութեան նպատակը: Անոր անձնուէր անդամներն ու վարչականները ժամանակ ու ճիգ զոհաբերած են, հասնելու համար տարբեր գաղութներու կարօտեալ հայ ընտանիքներուն, ուսանողին, Հայաստանի, Արցախի ու æաւախքի բնակիչներուն, այն խոր գիտակցութեամբ, որ ժողովուրդին ծառայել՝ կը նշանակէ ծառայել եկեղեցւոյ ու հայրենիքին:
Այս առիթով, կ՛ուզենք վերահաստատել մեր համոզումը, որ որեւէ կազմակերպութեան աճն ու յաջողութիւնը պայմանաւորուած են իր անդամներուն նուիրումով եւ իր առաքելութեան կարեւորութեամբ: ՀՕՄը աւելի քան դարէ մը ի վեր, տարուէ տարի բազմապատկած է իր անդամներուն թիւը, ընդարձակած՝ գործունէութեան դաշտերը, գործնական փաստն ու վկայութիւնը տալով, որ «Ժողովուրդէն, ժողովուրդին համար» բնաբանով առաջնորդուող անոր առաքելութիւնը յաջո՛ղ ընթացքի մէջ է:
Թող օրհնեալ ըլլան ՀՕՄի բոլոր ծառայողները: Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ վարձահատոյց ըլլայ բոլոր նուիրեալներուն եւ ՀՕՄի ժողովրդանուէր ու հայրենաշէն գործը պահէ Իր Ս. Աջի հովանիին տակ:»
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: