Հոլիվուտի Հռչակի Պողոտային Վրայ Պատուոյ Աստղ Մը՝ Ազնաւուրին

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27ին, կ.ա. ժամը 11ին, Հոլիվուտի «Փենթէյճըս» թատերասրահին առջեւ (6233 Hollywood Blvd., Los Angeles, CA 90028) կայանալիք արարողութեան մը ընթացքին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Քեւըն տէ Լէոն Հոլիվուտի Հռչակի Պողոտայի պատուոյ աստղ մը պիտի շնորհէ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին, որ Հոկտեմբեր 28ին ելոյթ մը պիտի ունենայ նշեալ սրահին մէջ։

Աշխարհի տարածքին ունեցած իր բազմաթիւ ելոյթներուն կողքին, 92ամեայ Ազնաւուրը հեղինակած եւ արձանագրած է աւելի քան 1200 երգեր՝ 8 լեզուներով։ «Ֆրանսայի Ֆրենք Սինաթրա»ն նկատուող Ազնաւուրը ստեղծագործած է ամբողջ ութ տասնամեակներ։

Նշենք, որ Քեւըն տէ Լէոն Փոքրիկ Հայաստանը կը ներկայացնէ Սաքրամենթոյի մէջ։

Scroll Up