Տօնական Ձեռնարկ Արժանթինի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/համերգ31-300x225.jpg)
«Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցաւ արժանթինահայ համայնքի համագաղութային հերթական «Buenos Aires Celebra Armenia» ձեռնարկը: Տեղի մշակութային ուժերով կազմակերպուած տօնական օրուան ընթացքին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, իր անզուգական երգերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Գրիգոր Միրզոյեան: Շնորհակալ ենք Սփիւռքի նախարարութեան այս կարեւոր աջակցութեան համար»,- «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է Արժանթինի Հայոց թեմի Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան: