Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեանի «Բողբոջող Անմոռուկներ»ը

Հա­րիւր տա­րին իր լրու­մին հա­սաւ ար­դէն, բայց անլ­ռե­լի մնաց հա­յուն ցե­ղաս­պա­նու­թեան ցա­ւը, երբ մեր Սփիւռք դար­ձած ժո­ղո­վուր­դին չոր­րորդ սե­րունդն ան­գամ ոչ միայն կը զգայ ուժգ­նու­թիւնը այդ կոտ­տա­ցող ցա­ւին, այլ կը շա­րու­նա­կէ ար­ձա­նագ­րել նա­եւ իր վա­ղե­միու­թիւնն ան­գամ ցն­ցող ան­մո­ռա­նա­լի, ան­նե­րե­լի ցա­ւը: Այդ վկա­յա­բե­րու­մը կը շա­րու­նակ­ուի Մար­ի­ա­նա Պէր­թիզլ­եան-Ղա­զար­եա­նի 206 էջ գրա­ւող գիր­քին մէջ, ուր պերճ մայ­րենի լե­զու մը կ՛ար­ձա­գան­գէ ցա­ւին խո­րու­թիւնը:

Ահա այս­պէս` առա­ջին պա­տում.- «Կեանք եւ երազ պար­գե­ւած քա­ղաք»: 32 էջ գրա­ւող պա­տու­մին հե­ղի­նա­կը տիկն. Երա­նիկն է, որ ան­ցած է ու ապ­րա՛ծ եղեռ­նի անջն­ջե­լի ցա­ւե­րը: Անոր եղեռ­նա­պա­տու­մը գրի առած են Սո­նան եւ Մար­իա Պէր­թիզլ­եա­նը: Մէ­կը ապ­րա՛ծ է, միւս­նե­րը գի­րի վե­րա­ծե­լով ապր­ուա­ծը, վե­րապ­րած են տիկ­նոջ ցա­ւե­րը: Ու կոտ­տա­ցող այդ ցա­ւե­րուն պատ­մու­թիւնը հրա­տա­րակ­ուած է Երե­ւա­նի մէջ, 2015 թուա­կա­նին: Խո­րա­չա­փել կա­րե­լի է՞ ահա­ւո­րու­թիւնը կա­տար­ուա­ծին…:

Են­թա­կան կը պատ­մէ.«Անա­պա­հո­վու­թեան զգա­ցու­մը շատ աւե­լի սար­սա­փե­լի բան էր քան կեն­դա­նի պայ­քարն ու պայ­քա­րի­լը: Հա­սանք Հա­լէպ»:

Չար­չա­րան­քի ահա­ւոր տա­րի­նե­րուն, երբ հա­յու­հին ապաս­տան կը գտ­նէ արա­բի մը տան մէջ կ՛ու­զէ հաս­տա­տել.«մե­ծա­հա­րուստ ըն­տա­նի­քին հա­ցին հա­մը շատ տար­բեր էր մե­րի­նէն, ինչ որ ու­տէի ան­համ կը թուէր ին­ծի: Երա­նի­կը կը շա­րու­նա­կէ.- «Մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը թէ­եւ սառն ու պաշ­տօ­նա­կան էին, բայց գլ­խուս վրայ ծածկ մը ու­նէի»: Ահա եւ վեր­ջին խօս­քը տա­ռապ­եա­լին` երբ կը մա­հա­նայ Հա­լէ­պի մէջ 1997 թուին.-«Թուր­քին հար­ուա­ծէն ազա­տե­ցայ, հայ մնա­ցի, բայց զա­ւակ­ներս հա­յօ­րէն չապ­րե­ցան, կը ցա­ւիմ»: Այս տո­ղին մէջ կայ ողջ Սփիւռ­քին ցա­ւը:

Այս վկա­յու­թեան փաս­տաթղ­թա­յին հաս­տա­տու­մէն ետք որ­քան ալ խո­րա­գիր­նե­րու հան­դի­պիք, թիւով 33, շօ­շա­փուող նիւ­թե­րը թէ­եւ ու­նին այ­լա­զա­նու­թիւն, հե­ղի­նա­կին վար­պե­տու­թեամ­բը սա­կայն, բո­լո­րը կը կապ­ուին մեր մե­ծա­գոյն ցա­ւին, որոնց վրայ որ­պէս չար­չա­րան­քի վրայ ցան­ուած աղ ու պղ­պեղ կու գան գու­մար­ուիլ Հա­լէ­պի փլա­տակ­նե­րու կոյ­տը եւ Քե­սա­պի հայ գիւ­ղե­րու երեք ան­գամ պարպ­ուի­լը նոյն թշ­նամի­ին կող­մէ, թուր­քին կող­մէ, հա­րիւր տար­ուան ըն­թաց­քին:

«Եր­կին յաղ­թերգ»ին մէջ կը կար­դանք.- «Ամէն բան մո­խի­րով ծածկ­ուած է, իսկ քու երեսդ` ամ­պե­րով: Մեր աղօթքն ու աղա­ղա­կը ան­հաս մնա­ցին քե­զի, ալիք­ներ ամէն կող­մա­նէ պա­տե­ցին մեր գլու­խը, ողո­ղե­ցին: Կա­թըն­կե­րին լե­զուն ծա­րա­ւէն քիմ­քին փա­կաւ, ան չի լար»:

Հե­ղի­նա­կը թէ­եւ Դուր­եա­նի առ Աստ­ուած ուղ­ղած խօս­քին ուժգ­նու­թիւնը չու­նի, բայց հա­կա­ռակ իր Աստ­ուա­ծա­վախ ըլ­լա­լուն, բո­ղո­քած է առ Աստ­ուած:

Նոյ­նը այ­լա­պէս կրկ­նած է Մար­ի­ա­նան.«Բա­բե­լո­նի կոր­ծա­նու­մը շու­տով կու գայ», բայց ե՞րբ պի­տի գայ Արեւ­մուտ­քի կոր­ծա­նու­մը, երբ այդ «մե­ծե­րը» ամ­բողջ Արե­ւել­քը կը կոր­ծա­նեն:

Աշ­խար­հի ներ­կայ դրու­թիւնը հե­ղի­նա­կը շուա­րու­մի կը մատ­նէ.- «Պահ մը իրար կը խառնը­ւին Մա­րաշ-Բեր­դուս Նորք Մա­րաշ-Հա­լէպ… մտա­պատ­կե­րիս մէջ շփոթ մը ստեղ­ծե­լով… ո՞ր մէ­կը երա­զեմ, որո՞ւ հա­ւա­տամ… անց­եա­լի՞ն (էր­կի­րի՞ն Թ.Թ.) ներ­կա­յի՞ն, թէ անակն­կալ­նե­րուն»: Տե­սաք թէ նո­րէն ջար­դին հա­սաւ հե­ղի­նա­կը:

Հա­լէ­պի հա­յոց գե­րեզ­մա­նա­տու­ներն ան­գամ ռում­բե­րու թի­րախ դար­ձան «նոր հա­րա­զատ­ներ կորսն­ցու­ցինք: 200-է աւե­լի սուր­ի­ա­հայ նա­հա­տակ­ներ ու­նե­ցանք: Ո՞ւր պի­տի թաղ­ուինք, մեր նն­ջեց­եալ հա­րա­զատ­նե­րէն հե­ռո՞ւ, միս մի­նա՞կ, սի­րե­լի ծնող­նե­րուս կող­քին կ՛ու­զէի հանգ­չիլ»:

Ժա­մա­նա­կին նոյն ցան­կու­թիւնը ու­նե­ցած է` Շա­հան Նա­թա­լին…:

Հա­կա­ռակ կեան­քի դա­ժա­նու­թեան. «Նիւ­թա­կան ամէն բան են­թա­կայ է կոր­ծան­ման, իսկ ոգե­ղէն բո­լոր ար­ժէք­նե­րը կա­րե­լի է ամ­րօ­րէն պահ­պա­նել մեր հո­գի­նե­րուն խո­րը»: Ասոնք ապ­րում­նե­րու ու­լուն­քա­շար են: Հե­ղի­նա­կը իր մշա­կած նիւ­թին կա­պակ­ցու­թեամբ ու­նի պա­շար եւ գի­տէ օրի­նակ­ներ բե­րել թուա­կան­նե­րու ճշգր­տու­թեամբ. «14-րդ դա­րէն այս­տեղ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած էր հայ­կա­կան կազ­մա­կերպ­ուած գա­ղութ: Հա­լէ­պը եղած էր ըն­դու­նա­րան, ապաս­տա­նա­րան` Եղեռ­նէն մա­զա­պուրծ ազատած մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար»:

Այս­տեղ` մտո­րում­նե­րու ան­կաշ­կանդ հոսք: Ինչ­պէ՞ս լքել ծնն­դա­վայ­րը, որուն կապ­ուած է հա­զար թե­լե­րով… բայց կայ նա­եւ հայ­րե­նի­քին կան­չը, որուն հե­ղի­նա­կը կապ­ուած է իր ծնն­դո­ցով, որ­պէս իր պա­պե­րուն հայ­րե­նի­քը:

Հոս նա­եւ հա­ւատ­քի հարց կայ` «վեր­ջը նա­եւ նոր սկիզբ է»:

Ու տա­կա­ւին. «Հա­մայն­քի ղե­կա­վար­ներ իրենց կա­րե­լին ըրին կարգ ու կա­նոն պահ­պա­նե­լու եւ մեր ապա­հո­վու­թիւնը հո­գա­լու հա­մար»:

Կայ­ծե­րով պճն­ուած մա­նի­շա­կա­գոյն քա­ղաք մըն էր իրը, ինչ­պէս մա­նի­շա­կա­գոյն է հե­ղի­նա­կին ու­նե­ցած լե­զուն, որ մերթ կը հաս­նի նու­ռի հա­տի­կին գոյ­նին.«Սուրճ ըմ­պել սի­րած էա­կիդ հետ, սի­րե­լի քա­ղա­քիդ մէջ, երազ մըն է ալ: Ան­հա­սա­նե­լի թե­րեւս… Բայց կը հա­ւա­տամ որ երազ­նե­րը նա­եւ կր­նան իրա­կա­նա­նալ… ես հասկ­ցայ, որ առանց քե­զի չեմ կր­նար, աւե­լի ճիշ­դը չեմ ու­զեր ապ­րիլ` քա­ղաք, գետ, սի­րե­լի ներ­կա­յու­թիւն»:

Ու տա­կա­ւին. «Եթէ վե­րա­դառ­նա­լու ըլ­լամ եւ դուռդ թա­կե­լու, չե՞ս բա­նար կր­կին, երեսդ պի­տի դարձ­նե՞ս ինձ­մէ, թէ` հա­շիւ պա­հան­ջես»:

Ան­խօս ծնն­դա­վայ­րը` այն­քան խօ­սուն է:

Իսկ մեր եր­կի­րը. «Հա­յաս­տա­նը իրա­կա­նու­թիւն է, Հա­յաս­տա­նը պե­տու­թիւն է, ինչ­պէս բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րը կա­յուն եւ ան­կա­յուն, տկար կամ զօ­րա­ւոր: Պար­տա­ւոր ենք ըն­դու­նիլ զայն` սի­րել իր բաց­թո­ղում­նե­րով` որոնց մե­ղա­ւո­րը մենք ենք, մեր բա­ցա­կա­յու­թեամբ եւ ծու­լու­թեամբ»:

Երա­զա­յին էջի մը վրայ հե­ղի­նա­կը կը հան­դի­պի ծաղ­կող վար­դա­պե­տի մը, չէ՞ որ Հա­լէ­պը ու­նե­ցած էր ծաղ­կող­ներ, որ դառն կար­մի­րով…: Այս եւս նե­րաշ­խար­հի քն­նար­կում մըն է վասն ինք­նա­ճա­նաչ­ման: Հար­ուած­նե­րը կը շա­րու­նակ­ուին Հա­լէ­պի վրայ, մի­թէ՞ հարուած­ներ չեն շա­րու­նակ­ուիր Հա­յաս­տա­նի վրայ: Հե­ղի­նա­կին մտա­ծում­նե­րուն կի­զա­կէ­տը հա­ւա­սա­րա­զօր է` ծնն­դա­վայր ու հայ­րե­նիք: Եր­կու­քին ալ պար­տա­կա՛ն է եւ պատ­րաստ է եր­կու­քին ալ վճա­րել իր որդ­ի­ա­կան պարտ­քը:

Արա­գիլ­նե­րու հա­մար Մար­ի­ա­նան ճիշդ դի­մում մը ըրած է Հա­մօ Սահ­եա­նին` ճիշդ բա­նաս­տեղ­ծին.-

Դուք ինձ չէ՞ք ասի որ­բա­ցած բա­ներ

Ի՞նչ էին խօ­սում իրար ական­ջի

Արա­գիլ­նե­րը չուե­լուց առաջ`

Տա­ռա­պում էին:

Բուք ար­տաշն­չող լեռ­նա­գա­գաթ­ներ,

Ի՞նչ էին խօ­սում յոգ­նած ու մր­սած

Արա­գիլ­նե­րը ետ գա­լու պա­հին:

Հա­ւա­տում էին:

Խօ­սուն են Սահ­եա­նա­կան այս օրի­նակ­նե­րը:

Հե­ղի­նա­կին սիր­տը այ­րած է Քե­սա­պին` եր­կա­րաձ­գուող Կի­լիկ­իա­յին հա­մար.«Հի­մա վեր­ջին քե­սապ­ցին պա­պե­նա­կան տու­նը կը լքէ, իր հա­յաբ­նակ գա­ւա­ռը, երա­նի արա­գի­լի պէս չուէր ետ դառ­նա­լու հա­մար»:

Այո՛, ոմանք վե­րա­դար­ձան:

Բզքտ­ուած սիր­տով Մար­ի­ա­նան կը գրէ. «Ա՜խ, ինչ­պէս բա­ցատ­րեմ սա ամե­րի­կա­ցի­նե­րուն, թէ իրենք են բուն պատ­ճա­ռը Սուր­իոյ կոր­ծան­ման»: Տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով հա­րուստ է այս բա­ժի­նը եւս:

Ամե­րի­կա մեկ­նած են իր զա­ւակ­նե­րը. «Իսկ ո՞վ կր­նայ երաշ­խա­ւո­րել թէ միայն քա­նի մը տասն­եակ տա­րի ետք իմ թոռ­նու­հիս եւս այս­պի­սին չըլ­լայ… կը պա­պան­ձիմ ու ալ ոչ մէկ բառ… ոչ մէ­կ փա­փաք` ար­մատ­ներ պրպ­տե­լու…»:

Ապ­շե­ցու­ցիչ է նա­եւ ծե­րա­ցած ար­ծիւ­նե­րու օրի­նա­կը:

Թէ­եւ մենք սո­վոր ենք կրկ­նել` եթէ մե­ռաւ արծիւը, ու­րեմն, գէթ որ­պէս ար­ծիւ մե­ռաւ:

Մի­ա­ժա­մա­նակ. «Հա­մաշ­խար­հա­յին պտու­տա­հող­մը կը սպառ­նայ բո­լո­րին` անա­պա­տա­ցած երկ­րի բնա­կիչ­նե­րուն, մա­նա­ւանդ` անօգ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, որոնց կեան­քե­րը կախ­ուած են տար­բեր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու քմա­հա­ճու­թիւն­նե­րէն»:

Բայց գիտ­ցիր Մար­ի­ա­նա, հա­ւա­տա՛, որ պտու­տա­հող­մը նիւ­թող­նե­րը նոյն­քան վտանգ­ուած են. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խեն­թերն են գտ­նում հնար…»

Տի­պա­յին օրի­նակ մը եւս կը ցն­ցէ ըն­թեր­ցո­ղը: Հե­ղի­նա­կը, Հա­լէ­պի մէկ փո­ղո­ցին վրայ կը հան­դի­պի եր­կու բո­կոտն արաբ մա­նուկ­նե­րու, անօ­թի մա­նուկ­նե­րու, ու հարց կու տայ անոնց.- «կ՛ու­զէ՞ք ձեզ տա­նիմ մեր տու­նը ու կե­րա­կուր տամ ձեզի«:

-Այո՛, կ՛ու­զենք,- կ՛ըսեն պզ­տիկ­նե­րը: Հե­ղի­նա­կը կը կե­րակ­րէ արաբ սո­ված այդ լա­ճե­րը, տան ճամ­բուն վրայ արաբ մարդ մը խոր­հուրդ կու տայ այդ պզ­տիկ­նե­րը յանձ­նել մօ­տա­կայ մզ­կի­թին, որ գի­տէ ուր առաջ­նոր­դել այդ երե­խա­նե­րը:

Յու­զիչ է Երե­ւա­նի Ազա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ դէ­պի եր­կինք բարձ­րա­ցող կա­ղան­դի ծա­ռին պատ­մու­թիւնը: Վա­րորդ մը հոն գտ­նուող սփիւռ­քա­հայ ու­սա­նող­նե­րը ուշ ժա­մուն հան­րա­կա­ցարան պի­տի տա­նի. ճամ­բան ան կ՛ըսէ.- մեր տու­նը պի­տի տա­նիմ ձեզ, վե՛րջ, ոչ մի խօսք չեմ ըն­դու­նի:

Այդ­պէս ալ կ՛ըլ­լայ: Նոր տա­րին` վա­րոր­դի տան մէջ:

Գողտ­րիկ ու մարդ­կա­յին մտո­րում­նե­րու շտե­մա­րան մըն է այս հա­տո­րը:

Պի­տի ըսենք` եղի­ցի լոյս:

Թորոս Թորանեան

Scroll Up