«Հայ Դպրոց» Հիմնարկը 17 Ծրագիրներ Կ՛իրականացնէ 2016ին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/0000ArmeniaSchoolFoundation1.jpg)
«Հայ Դպրոց» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան ընթացքին եւս կարելի եղած է յաջողութեամբ շարունակել Հայաստանի գիւղական շրջաններու վարժարաններուն կահկարասիներ տրամադրելու աշխատանքը՝ ամբողջացնելով 16 վարժարաններ կահաւորելու նպատակը:
Նաեւ, համագործակցաբար «Մելիք Ոսկանեան» հիմնադրամին հետ, հիմնարկը Երեւանի Զէյթուն շրջանի թիւ 136 դպրոցին մէջ հովանաւորեց մնայուն ցուցադրասրահ մը ու արուերստի աշխատանոց մը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ 4 Յուլիս 2016ին։ Այս նախաձեռնութիւնը իրականացած է ի յիշատակ ճարտարապետ, նկարիչ եւ արձանագործ Ռոստոմ Ոսկանեանի։
Այս տուեալներով, 2016 տարեշրջանը հանդիսացած է հիմնարկի գործունէութեան ամենաարդիւնաբեր տարիներէն մէկը, շնորհիւ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն նուիրատուութեանց եւ «Թամպերչի» հիմնարկէն Յունիս 2016ին յատկացուած առատաձեռն նուէրին, որ տրամադրուեցաւ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով։
Արդարեւ, մարդասիրական սպասարկութիւններ մատուցող այս կազմակերպութիւնը 2015ի Օգոստոսէն սկսեալ աշակերտներու յատուկ 570 նստարան-գրասեղաններ (1140 աշակերտի համար) հասցուցած է Հայաստան եւ Արցախ, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու յատուկ 158ական գրասեղաններ եւ աթոռներ ու 162 գրատախտակներ, համակարգիչներու յատուկ 6 գրասեղաններ, վերարկուներու 126 կախիչներ, մանկապարտէզի յատուկ 10 սեղաններ եւ բազմաթիւ դաստիարակչական գիրքեր ու քարտէսներ։
Վերոնշեալները յանձնուած են հետեւեալ վարժարաններուն.
– Արտաբիւնքի վարժարան, Վայոց Ձորի մարզ.
– Մարմարաշէնի նախակրթարան, Արարատի մարզ.
– Աղնջաձորի երկրորդական վարժարան, Վայոց Ձորի մարզ.
– «Կակարին» երկրորդական վարժարան, Գեղարքունիքի մարզ (նուիրուած ի յիշատակ Յակոբ Աղաճանեանի).
– Մադինայի վարժարան, Գեղարքունիքի մարզ.
– Այգեհովիտի վարժարան, Տաւուշի մարզ.
– Սարիգիւղի վարժարան, Տաւուշի մարզ.
– Կայանի վարժարան, Տաւուշի մարզ.
– Ոսկեպարի վարժարան, Տաւուշի մարզ.
– Արծուաբերդի վարժարան, Տաւուշի մարզ.
– Դիտակի վարժարան, Արարատի մարզ.
– Իջեւանի «Արեւիկ» մանկական կեդրոն, Տաւուշի մարզ.
– Այրումի վարժարան, Տաւուշի մարզ (նուիրաուած ի յիշատակ Սիրվարդ Սարգիսեան Փանոսեանի).
– Գողթի վարժարան, Կոտայքի մարզ.
– Ափնագիւղի վարժարան, Արագածոտնի մարզ.
– Ապարանի զինուորական վարժարան, Արագածոտնի մարզ։
«Հայաստանի փայլուն ապագան կախեալ է անոր երիտասարդներէն եւ այդ պատճառով յոյժ կարեւոր կը նկատենք մեր իմաստուն եւ տաղանդաւոր աշակերտներուն նման միջոցներով նպաստելը», կը յայտնէ «Հայ Դպրոց» հիմնարկի ատենապետ Մոնէ Տէր Գրիգորեան։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ նուիրատուութիւններ կատարելու համարտ, կարելի է դիմել հիմնարկին՝ (818) 409-0665 թիւով կամ այցելել www.armeniaschoolfoundation.org կայքը:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: