Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մասթրիխթի ՄԷջ Մասնակցած Է ԵԺԿ Գագաթնաժողովին

Աշխատանքային այցով Մասթրիխթ գտնուող Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր մասնակցած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթնաժողովին: Այն վարած է ԵԺԿ նախագահ Ժոզէֆ Տոլը: Գագաթնաժողովին մասնակցած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսկը, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունկերը, Եւրոպական միութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներէն ԵԺԿ-ին անդամակցող կուսակցութիւնները ներկայացնող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Օրակարգի ծիրէն ներս գագաթնաժողովի մասնակիցները քննարկած են Եւրոպական խորհուրդի յառաջիկայ նիստի նախապատրաստական աշխատանքները, անդրադարձած փախստականներու ճգնաժամի շուրջ վերջին զարգացումներուն, ԵՄ տնտեսական, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցերուն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան գագաթնաժողովին հանդէս եկած է ելոյթով, որուն մէջ անդրադարձած է տարածաշրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Հանրապետութեան Նախագահը ԵԺԿ գագաթնաժողովի իրականացման վայրին մէջ` Լիմպուրկ նահանգի կառավարութեան շէնքին մէջ, նաեւ գրառում  կատարած նահանգապետարանի պատուաւոր հիւրերու ոսկէ մատեանին մէջ:

Scroll Up