Օրինակելի Ղեկավարը. Ընկեր Ատուր Գապագեանի Անմոռանալի Յիշատակին Եւ Մահուան 41-րդ Տարելիցին Առիթով

ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերներէն բացի, նոյնիսկ անոնք, որոնք տոքթ. Ատուր Գապագեանը անձնապէս չեն ճանչցած, ըլլան անոնք Դաշնակցութեան համակիրներ կամ ոչ, նոյնիսկ օտարներ, վկայած են, որ տոքթ. Գապագեանի հանդէպ ունեցած են միայն համակրանք ու յարգանք, մասնաւորաբար` Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, որովհետեւ ընկեր Գապագեան պայմաններու բերումով, իր բազմաթիւ գործունէութեանց առաւելագոյնը կատարած է այդ երկիրներուն մէջ:

Ընկեր Ա. Գապագեան, իր համբերատար, հանդարտ ու հանդուրժող բնաւորութեամբ, հաւասարակշիռ ու արդար դատողութեամբ մօտեցած է ոեւէ անհատի, որ իրեն դիմած է այս կամ այն հարցով եւ կամ` որեւէ գործի համար: Տոքթ. Գապագեանը, իր խիղճի խաղաղութեամբ ու մարդկօրէն դատելով անձի մը նախ արժանիքները, ապա` թերութիւնները, իր օգնութիւնը կամ գործ հայթայթելու դիւրութիւնը չէ զլացած երբե՛ք, բարոյական եւ նկարագիր ունեցող ոեւէ անհատի:

Ընկեր Ա. Գապագեան ոեւէ դաշնակցական ընկերոջ հանդէպ հաւասարապէս միեւնոյն յարգանքն ու սէրը կը տածէր: Այդ կարողութիւնն էր, որ ընկեր Ա. Գապագեանին գործը կը դիւրացնէր, եւ ոեւէ ընկեր ակամայ կը կապէր ՀՅ Դաշնակցութեան «լծակ»-ին` տալով անոր ատակ աշխատանք:

Ուրկէ՞ ստացած էր այդ կարողութիւնը, ո՞վ եղած էր իր դաստիարակը, ընկեր Ա. Գապագեան իր մեղմ ձայնով, իր խորաթափանց, քիչ մը տխուր, բայց փայլք ունեցող արտայայտիչ աչքերով եւ ուրոյն ժպիտով, առանց վերապահութեան կը բացատրէր, թէ այդ կարողութիւնը ստացած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «ուսումնարան»-էն, որ ապրած օրերդ, տարիներդ կը բազմացնէ, եթէ ունիս իր ուղին ընտրելու եւ իր ուղիէն անխոնջ քալելու ուժը եւ հաւատքը` իր գաղափարը ընկալելու, իր երդուեալ զինուորը դառնալու եւ մնալու, եւ սորվածդ բաշխելու հայ ժողովուրդին, որմէ ծնած է ի՛նք` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

Աւելի՛ն. ՀՅ Դաշնակցութեան դպրոցը ո՛չ «դասարանային» կարգի բնոյթ ունի, ո՛չ նիշ ու վկայակագիր կամ վկայական, այլ յարատեւ աշխատանքի «դարբնոց» է. դարբնոց, ուր ընդունակ «զինուորագրեալը» միայն կը գիտակցի, որ օր մը, ժամ մը, երկվայրկեան մը հազուադէպ հպարտութիւնը պիտի ունենայ «զաւակը» կոչուելու հիմնադիր երրորդութեան` Քրիստափորի, Ռոստոմի, Զաւարեանի, եւ ցմահ ծառայելով Դաշնակցութեան ճամբով իր ժողովուրդին, հայրենիքին, հայրենիքի ազատագրութեան, հայ ազգին, Հայ դատի տեսլականին ու լուծման, եւ ա՛յն ատեն պիտի ունենայ ցնծութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան յարկին տակ ապրելու իրաւունքի կոչումը:

Ընկեր Ա. Գապագեան բնա՛ւ չունէր դոյզն յաւակնութիւնը, որ այդ բոլոր մտածումներուն արժանաւոր զաւակն ու տէրը եղած էր ինք` իր օրինակելի ղեկավարութեամբ եւ վաստակով:

Ծնած է Այնթապ, 1895-ին: Ափսո՜ս, որ չէ տեսած ու վայելած իր սիրասուն մայրը, իր մայրը եւս չէ կրցած իր գրկին մէջ սեղմելու եւ գգուելու ակնթարթ մը իսկ իր սրտահատոր զաւակը, որովհետեւ յաւիտեան փակած է իր աչքերը որդւոյն ծննդաբերութեան ընթացքին:

Մօրմէ որբացած ու զրկեալ մանուկը տարիներ շարունակ մնացած է խորթ մօր ձեռքին տակ, ան նոյնիսկ չէ կրցած վայելել կամ համտեսել իրենց պարտէզի պտուղները, որովհետեւ մօրուն ծառին կապած պահած է փոքրիկն Ատուրը, որպէսզի իր բացակայութեան յանկարծ համարձակութիւնը չունենայ ձեռքը երկարելու պտղատու ծառերուն: Այս միայն մէ՛կ դրուագն է իր մանկութեան ունեցած անթիւ թախիծներէն:

Ապա տոկուն ու չարքաշ որբը` Ատուր Գապագեան, հասնելով պատանեկութեան, իր նախնական ուսումը ստացած է Կեսարիոյ Ս. Կարապետի վանքը, 1912-ին յաճախած է իր ծննդավայր Այնթապի քոլեճը:

1913-ին, 18 տարեկանին, գիտակից ու ծառայասէր հայորդի, իր ուղեգիծը ընտրած է եւ մուտք գործած` ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը:

1915-ի ցեղասպանութիւն-տեղահանութենէն ետք, 1918-ին կարճատեւ վերադարձէ մը ետք իր ծննդավայրը` Այնթապ, 1919-ին ուսումնատենչ երիտասարդ Ատուր Գապագեան 24 տարեկանին կրցած է հասնիլ Լիբանան եւ ընդունուիլ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը եւ ուսանիլ ու աւարտել ատամնաբուժական ճիւղը` 1924-ին:

Միեւնոյն տարին, 1924-ին, հաստատուած է Հալէպ, Սուրիոյ բաբախուն ու հայադրոշմ քաղաքը, ուր ապրած է մինչեւ 1948 թուականը` հանդիսանալով Սուրիոյ ազգային եւ կուսակցական կեանքի կեդրոնական ղեկավար դէմքերէն մէկը:

Նո՛յն տարիներուն ՀՅ Դաշնակցութեան աննկուն ղեկավարներէն  Հրաչ Փափազեանի գործակիցը`  Ատուր Գապագեան, կենսական դեր ունեցած է սուրիական պետականութեան կազմակերպման եւ ազատագրական շարժման` հայութեան բերած նպաստին մէջ:

1948-էն ետք հաստատուած է Լիբանան, հայահոծ մայրաքաղաքը` Պէյրութ, դարձեալ մնալով ազգային-կուսակցական ղեկավարութեան առաջաւոր դիրքերուն վրայ:

1924-էն սկսեալ (29 տարեկանէն) մինչեւ 1950-ական թուականները, գրեթէ 26 տարի, մնայուն անդամ եղած է Սուրիոյ եւ ապա Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէներուն:

Մասնակցած է ՀՅ Դաշնակցութեան ԺԵ., ԺԶ., ԺԸ., ԺԹ. Ընդհանուր ժողովներուն:

Ընկեր Ատուր Գապագեան 1963-ին ընտրուած է ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ եւ մինչեւ իր մահը` 1972 (9 տարի) մնացած է պատասխանատու դիրքի վրայ:

Կենսագրական վերոնշեալ սեղմ գիծերով ներկայացուած` իր, ինչպէս նաեւ իր դաշնակցականի գործունէութեանց հակիրճ թուարկումով, անվերապահօրէն կարելի է ըսել, թէ Ա. Գապագեան իր խաղաղ ու խոնարհ վճռակամութիւնը առած է իր ժողովուրդի դարաւոր կեանքէն, նկարագիրէն ու տեսլականէն: Իր կամքն ու գիտակցութիւնը ստացած է ՀՅ Դաշնակցութեան «հնոց»-էն` զանոնք ի սպաս դնելով հայ ազգին ու հայրենիքին:

Ա. Գապագեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հաւատաւոր զինուորը, 59 տարուան իր ղեկավարի արդիւնաշատ վաստակով, 77 տարեկանին մահացաւ Պէյրութի մէջ, շաբաթ, ապրիլ 22, 1972-ին:

Ա. Գապագեան իր կուսակցական կեանքին ընթացքին իր ծառայասիրութեամբ եւ աննահանջ աշխատանքով փաստեց իր իսկ խօսքերը. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ապրած օրերդ, տարիներդ կը բազմացնէ, եթէ հաւատարիմ մնաս իր ուղիին ու բարոյականին»:

                                                                                     ***

Ա. Գապագեան, ձեր ուղղամիտ եւ արդարախոհ ծառայութեամբ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «կրթարանին» արժանաւոր զաւակը դարձաք. ձեր զաւակները քալեցին ձեր վճիտ շառաւիղէն, նաեւ` ձեր թոռները այսօ՛ր, վա՛ղը` հաւանաբար ձեր ծոռերը:

Իսկ անոնք, որոնք ականատես եղած են ձեր անհամար եւ անկորնչելի գործունէութեանց, երախտապարտ են ձեզի ընդմիշտ:

Որբ էիք, բայց` երբե՛ք որբացած, որովհետեւ հայ ժողովուրդին բերիք ձեր երախտիքը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ճամբով եւ ան ձեզ սիրեց մօր մը հանգոյն:

Յարգա՜նք ձեր անջինջ յիշատակին ու անկորուստ վաստակին, օրինակելի՛ ղեկավար Ընկեր Ատուր Գապագեան:

ՍԱԼԲԻ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

aztagdaily.com

Scroll Up