Պարգեւատրուած Է Սուրիա Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղեկցած Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատակիցը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/պարգևատրում.jpg)
Հոկտեմբեր 17-ին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ կայացած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեանի հանդիպումը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը` հանդիպման ընթացքին Պաշտպանութեան նախարարն ընդունած է Սուրիա առաքուած ՀՀ կառավարութեան մարդասիրական օգնութիւնը ուղեկցած Սփիւռքի, Պաշտպանութեան եւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններու աշխատակիցները:
Իր խօսքին մէջ Վիգէն Սարգսեան ընդգծած է, որ այդ առաքելութիւնը այնչափ կարեւոր էր Հայաստանի համար` որպէս պետութիւն, որ այդ ձեւով իր դիրքորոշումը արտայայտելէ բացի, նաեւ իր օգնութիւնը կը ցուցաբերէ հակամարտութենէն տուժած բարեկամ երկրի քաղաքացիներուն: Շնորհակալութիւն յայտնելով հայրենիքին մատուցած ծառայութեան համար` Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեանին, ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու աշխատակցներուն պարգեւատրեց ՀՀ ՊՆ գերատեսչական մետալներով:
Աւելցնենք, որ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ այս ամիս Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ երկու ինքնաթիռներով Սուրիա առաքուած է 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն` սննդամթերք, անձնական առողջապահական պարագաներ, ձմեռնային հագուստ, ծածկոցներ եւ այլն: Օժանդակութեան 10 թոն բաժնուած է Դամասկոսի եւ ծովափնեայ շրջաններ ապրող ժողովուրդին, 30 թոն` Հալէպին: