«Խաչատուրեան Թրիօ»-ի Ելոյթը` Լիբանանի Մէջ

Երէկ` երեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչատուրեան թրիօ»-ի ելոյթը` կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային միութեան եւ ներկայութեամբ արուեստասէր լիբանանահայութեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Շահէ Պապահիկեան: Ան ըսաւ, թէ տասնամեայ թրիոն ելոյթներով հանդէս եկած է աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ եւ համաշխարհային բեմերուն վրայ` արժանանալով հայ եւ օտար երաժիշտներու եւ արուեստասէրներու բարձր գնահատանքին:

Ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ «Խաչատուրեան Թրիօ»-ի կազմը. Արմինէ Գրիգորեան` դաշնակ, Կարէն Շահգալդեան` ջութակ, իսկ Կարէն Քոչարեան` թաւջութակ:

Շուրջ մէկուկէս ժամ «Խաչատուրեան Թրիօ»-ի բարձրարուեստ կատարումներուն շնորհիւ հանդիսատեսը ըմբոշխնեց հայկական դասական երաժշտութեան ամէնէն գեղեցիկ գոհարները: Անոնք իրենց զգացումներն ու յոյզերը միախառնելով իրեն բարձրարուեստ կատարումներուն` յաջողեցան հանդիսատեսին առջեւ բանալ աշխարհ մը, ուր կը տիրէր արուեստի բացարձակ  գեղեցկութիւնն ու հմայքը:

«Խաչատուրեան թրիօ»-ի կատարումներուն մէջ ուշագրաւ էին Կոմիտասի կտորները, որոնք ոչ միայն դիւթեցին ներկաները, այլեւ հանդիսատեսը հոգեւին տարին դէպի հայկական լեռնաշխարհ, ուր ծնունդ առած են այդ թովիչ եղանակները, տարին դէպի անդարձ կորած այն գողտրիկ աշխարհը` հաստատելով, որ կորած անցեալը կ՛ապրի երաժշտութեամբ, որ պիտի հնչէ դարեր շարունակ:

Ելոյթի աւարտին երկար հնչեցին ծափահարութիւնները` իբրեւ երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն, մինչ «Խաչատուրեան թրիօ»-ի անդամները մեծարուեցան ծաղկեփունջերով: Արմինէ Գրիգորեան թրիոյին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵԸ-ի հրաւէրին համար, ինչպէս նաեւ հանդիսատեսին` ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:

«Խաչատուրեան թրիօ»-ի ներկայացուցած ծրագիրը կ՛ընդգրկէր Արամ Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս» տրամայէն` «Վալս», «Մազուրկա եւ Կալոբ», «Սուրերու պար», «Գայեանէ» պալէէն երեք կտոր` «Քարէնի եւ Նունէի պարը», «Օրօրոցային» եւ «Նունէի պարը»,  «Սպարտակ» պալէէն «Ատակիօ» եւ «Ֆրիկիա», Առնօ Պապաճանեանէն «Թրիօ» եւ «Նոքթիւռն» եւ Կոմիտասէն «Վաղարշապատի պար», «Հապըրպան» եւ «Ալ այլուղս» կտորները:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up