Ոչ եւս է Մովսէս Պչաքճեան
Խոր ցաւով տեղեկացանք, թէ մեր սիրելի Մովսէս Պչաքճեան յաւիտենական հրաժեշտ առած է մեզմէ: Քանի մը օրուան մահաքունէ ետք, Հոկտեմբեր 17-ին կնքած է իր մահկանացուն, 76 տարեկանին: Այս մասին ըստ «Հայերն այսօրի» յայտնած է «Նոր Յառաջը»:
Ան տարիներ առաջ ուղեղային կաթուածի մը զոհ դարձած էր եւ անկէ ի վեր երբեք չէր վերագտած իր նախկին առողջութիւնը:
Գրող, արձակագիր Մովսէս Պչաքճեան ծնած է 1940-ին, Հալէպ։ Նախակրթութիւնը ստացած է Կրթասիրաց վարժարանին մէջ. ապա յաճախած է «Քարէն Եփփէ» ազգային ճեմարանը: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Դամասկոսի Պետական համալսարանին մէջ, հետեւելով անգլերէնի եւ անգլիական գրականութեան ճիւղերուն, ուրկէ ալ վկայուած է։
Ուսանողական տարիներուն կը զուգադիպի գրական իր նախափորձերը՝ Ճեմարանի «Պարման» եւ «Ծիլեր» պարբերաթերթերուն մէջ։ Եօթը տարի պաշտօնավարած է նոյն հաստատութեան մէջ, իբրեւ հայերէնի եւ անգլերէնի ուսուցիչ։
1970-ին փոխադրուած է Պէյրութ, ապա 1976-ին հաստատուած է Փարիզ: Աշխատակցած է սուրիահայ եւ լիբանանահայ մամուլին, յատկապէս՝ Հալէպի «Արեւելք» եւ Պէյրութի «Այգ» օրաթերթերուն, գրելով՝ հրապարակախօսական յօդուածներ եւ գեղարուեստական գործեր: 1970-ական տարիներուն՝ աշխատակցած է նաեւ «Բագին» գրական ամսագրին, իսկ Փարիզ հաստատուելէ ետք՝ «Յառաջ»-ին: Թարգմանած է Էրիք Սէկալի «Սիրոյ պատմութիւն» վէպը (1972): 1973-ին հրատարակած է «Անկարելի կարելին» թատերգութիւնը, 1975-ին` «Բարե՛ւ, Հայաստան» հատորը: Գրած է «Ծիծեռնակները պիտի չսարսափին խրտուիլակներէն» («Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակ), «Լուսաւոր աչքերով օտարականը», «Անցողիկը եւ անժամանցելին» վէպերը: Վերջին շրջանին, Հայաստանի մէջ սկսեր էր տպագրուիլ իր «Երկերու լիակատար ժողովածու»-ն, յաջորդական հատորներով:
Մովսէս Պչաքեան, գրական շրջանակէն անդին, փարիզահայ համայնքին ծանօթ դէմք էր նաեւ երկար տարիներ իր վարած Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցւոյ դիւանապետի պաշտօնին բերմամբ:
Որքան ալ յանկերգային ըլլայ՝ ճշմարտութիւնը սա՛ է, որ ինչպէս իր նմաններու պարագային, Մովսէսի ալ մեկնումով քիչ մը աւելի կը տժգունի փարիզահայութեան դիմագիծը. անոնց տեղերը կը մնան դատարկ: