Տեղի Պիտի Ունենայ Գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանի` «Գալէմքեարեաններ. Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ» Գիրքի Շնորհանդէսը

Հոկտեմբեր 19-ին, ժամը 15:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ գեղանկարիչ, ազգագրագէտ Հրազդան Թոքմաճեանի «Գալէմքեարեաններ. Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ» գիրքի շնորհանդէսը: (Հասցէ` Արամի փողոց, շէնք 1):

Գիրքին մէջ ներրկայացուած են Գալէմքեարեաններու պղնձագործութեան նմուշներն ու աւանդոյթները:

Ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ:

 

Scroll Up