ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղ. Քերմես – Խրախճանքի Կազմակերպում` Խանդավառ Մթնոլորտի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, շաբաթ, 16 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Քերմես-խրախճանք` Ամանոսի «Երեւանեան» շէնքերուն բակը:

Հրակ Աւետանեան ձեռնարկին բացումը կատարեց նշելով, որ «Ս. Թեհլիրեան» ակումբը ժողովուրդին տունն է, իսկ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղը կը մնայ բոլորին կողքին: Ան նաեւ աւելցուց, որ շրջանի կոմիտէութիւնը կը մնայ հաւատարիմ շրջանին ու ժողովուրդին:

Քերմեսին մասնակցեցան շրջանի երիտասարդները, պատանիները եւ փոքրիկները` իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ: Անոնց հրամցուեցան զանազան տեսակի ուտելիքներ եւ խաղեր: Քերմեսին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Միհրան» երգչախումբը` երեկոն ճոխացնելով հայկական ժողովրդային երգերով: Քերմեսի հիմնական նպատակն էր հայ երիտասարդին ու պատանիին ծանօթացնել միութենական կեանքին կարեւորութիւնը եւ թէ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը այդ մեծ դպրոցն է, ուր հայ երիտասարդը ամուր կապեր կը հաստատէ իր շրջանակին հետ, կը դաստիարակուի հայու շունչով ու կը զինուի` պահպանելու Հայ դատը:

Ձեռնարկի աւարտին ժողովրդային եւ ազգային երգերով մթնոլորտը ճոխացուց Հրաչ Կայծակեան, որ իր կարգին եղած է «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի անդամ: Ան ըսաւ, թէ հպարտ է, որովհետեւ եղած է այս միութեան զաւակը: Երեկոն շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ ժամեր` խաղերով եւ շուրջպարերով:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up