Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանը Հանդիսաւորապէս Նշեց Իր Հիմնադրութեան Տօնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/haygazian-4_101716.jpg)
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը տարբեր հրապոյր մը ունէր: Համալսարանի շրջափակին մէջ դասախօսներ, պաշտօնէութիւն, հին եւ նոր շրջանաւարտներ, ուսանողներ արտասովոր խանդավառութեան մէջ էին: Ամէնուրեք տեղադրուած համալսարանին նշանաբանը` «Ճշմարտութիւն, ազատութիւն եւ ծառայութիւն», առիթ կու տար բոլորին պահ մը խորհրդածելու ըսուածին կարեւորութեան մասին, ոչ միայն ուսանողներուն, այլեւ իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ:
Կրթական հաստատութեան մը հիմնադրութեան տօնը հպարտալի առիթ է գնահատելու այդ հաստատութեան տասնամեակներու վաստակը: Փաստօրէն հայկական սփիւռքի միակ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան` Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան տօնն էր: Այո՛, տասնամեակներու փորձառութեամբ արմատացած հաստաբուն այս կրթական հաստատութիւնը իր հիմնադրութեան արժանաւոր տօնը կը նշէր հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 17 հոկտեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիասրահին մէջ` մասնակցութեամբ պետական, կառավարական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, հոգեւորականներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու, համալսարանի բարեկամներու, շրջանաւարտներու եւ հոծ բազմութեան մը:
Հանդիսաւոր կերպով բեմ բարձրացան Հայկազեան համալսարանի նախագահը, արուեստի եւ գիտութեան բաժանմունքներու ղեկավարները, ապա պարգեւատրումի արժանացող կրթական հաստատութիւններու տնօրէնները:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վեր. Հրայր Չոլաքեան փառաբանութեան եւ երախտագիտութեան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` խնդրելով օրհնութիւն, անսակարկ ծառայութեան շնորհ եւ իմաստութիւն Հայկազեան համալսարանի դասախօսական կազմին եւ ուսանողութեան:
Ցուցադրուեցաւ գեղեցիկ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Հայկազեան համալսարանի տասնամեակներու կրթական տարեշրջաններու գործունէութիւններէն, շրջանաւարտներու հանդիսութիւններէն յիշատակալից եւ յուզումնախառն պահերը յաւերժացնող պատկերներ:
Ելոյթ ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ Փոլ Հայտոսթեան: Ան իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտադրեց երեք նշանակալից կէտեր Հայկազեան համալսարանի տասնամեակներու վրայ երկարող կրթական պատմութենէն: Առաջին կէտով ըսաւ, թէ բարի տեսիլքը կը շրջանցէ բոլոր սահմանները, ապա անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերութիւնը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը նոր ծրագիրի մը դէմ յանդիման կը գտնուէին անցեալին, երբ Ս. Փիլիպոսեան եւ Ս. Մեխակեան տեսիլք ունեցած են անձնուիրաբար իրականացնելու ծրագիր մը` յաւերժացնելու համար իրենց անդարձ կորած ծննդավայրերը: Եւ շնորհիւ այդ ծրագիրին ծնունդ առած է Հայկազեան համալսարանը: Վեր. Փ. Հայտոսթեան նշեց, որ տեսիլքը պէտք չէ պայմանաւորուած ըլլայ աշխարհագրական կամ քաղաքական սահմաններով: Ապա ներկայացուց երկրորդ կէտը` կորուստն ու վտանգը կրնան յառաջացնել եւ զարգացնել մարդու ստեղծագործական ծառայութիւնը: Ան հաստատեց, որ Հայկազեան համալսարանի փորձառութիւնը կենդանի է եւ կ՛ապացուցէ, որ յոյսը երեւոյթի մը սպասումը չէ, յոյսը մարդու ներգրաւումն է պատշաճ ու յարմար ծառայութեան մէջ:
Վեր. Հայտոսթեան երրորդ կէտով հաստատեց, որ ուսումնառութիւնը միշտ ալ շահեկան է, երբ լուսարձակի տակ կ՛առնէ անցեալն ու ներկան, ինչպէս նաեւ ապագայի ակնկալելիքները: Ան ըսաւ, թէ վարժարաններու, ուսուցիչներու եւ պատասխանատուներու աջակցութիւնը կը շարունակէ վճռական դեռ խաղալ Հայկազեան համալսարանի առաքելութեան մէջ: Ան եզրափակեց իր խօսքը նշելով. «Մինչ մեր հիմնադիրները կը յիշատակենք, կը տօնենք նաեւ պայծառութիւնը մեր ուսանողական տարրին, համալսարանին, անձնակազմին եւ աշխարհով մէկ ցրուած մեր 4000 շրջանաւարտներուն: Մեր համալսարանի առաքելութիւնը, անզուգական առանձնայատկութիւնը եւ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտը այս անտարբեր աշխարհին մէջ խիստ անհրաժեշտ են»:
Օրուան պատգամախօսն էր Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական դպրոցի նախագահ վեր. դոկտ. Ճորճ Սապրա: Ան իր խօսքին սկիզբը բաղդատական մը կատարեց կրթութեան եւ ուսումնառութեան հին ու արդի ժամանակներուն մեթոտներուն միջեւ` ներկայացնելով երկու ժամանակներուն ընթացքին կիրարկուած կրթական համակարգերու դրական եւ ժխտական կողմերը:
Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ ներկայ ժամանակներուն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ կիրարկուող քննական մտածողութեան կարեւորութեան` նշելով քննադատութեան նուրբ եւ մանաւանդ հեգնանքէ հեռու ըլլալու կարեւորութիւնը: Վեր. Ճորճ Սապրա ըսաւ, որ քննադատութիւնները պէտք է հիմնուած ըլլան գերազանցապէս կառուցողական հիմերու վրայ, ինչ որ կը դիւրացնէ ուսանողին կեանքը եւ կ՛առաջնորդէ զինք դէպի ճիշդ ճամբան:
Ան ըսաւ, թէ Հայկազեան համալսարանը նշանաբան ունենալով ճշմարտութեան, ազատութեան եւ ծառայութեան արժէքները, պիտի շարունակէ իր յանձնառութիւնը աշակերտներուն մօտ խորացնելու քննական հմտութիւնները, բայց միշտ ալ հեռու պահելով զիրենք անհիմն հեգնանքէն:
Ան նշեց, որ համալսարանական կրթութենէն առաջ մեծագոյն մարտահրաւէրը այս երկրին մէջ պէտք է ըլլայ այն, որ աշակերտները կարենան արժեւորել իրենց սորվածը յօգուտ իրենց, իրենց ձեռք բերած գիտութիւնը պէտք է փոխէ իրենց նայուածքը կեանքին նկատմամբ:
Ճորճ Սապրա եզրափակեց իր խօսքը նշելով, թէ Հայկազեան համալսարանը յանձնառու է ուսում ջամբելու երիտասարդ սերունդներուն, սորվեցնելու տարբերութիւնը այն ինչին, որ պէտք է վարժ ըլլան եւ այն ինչէն, որ հաճոյքը կը ստանան: Հայկազեանը յանձնառու է ուսուցանելու տարբերութիւնը անհիմն քննադատութեան եւ հասուն ու արդար դատողութեան միջեւ, եւ իբրեւ արժանաւոր համալսարան տարբերութիւն դնելու երեւոյթներու արժեգիներուն եւ իրենց արժէքներուն միջեւ, այն արժէքներուն, որոնք անգին են»:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Արմանի Հերա Սելիմեան` մեկնաբանելով Ուիթնի Հիուսթընի «Օն մոմընթ ին լայֆ» երգը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Շողակաթ Աբարթեան-Սելիմեանի:
Հանդիսութեան աւարտին վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ձեռամբ պարգեւատրուեցան եւ հաւաստագիրներ ստացան Հայկազեան համալսարանի այն շրջանաւարտները, որոնք ստանձնած են կրթական հաստատութիւններու մէջ տնօրէնութեան պաշտօններ` մեծապէս արժեւորելով ու գնահատելով անոնց անմնացորդ նուիրումը եւ ներդրումը կրթական կառոյցներու տնօրինութեան, կրթութեան եւ դաստիարակութեան մարզերուն մէջ:
Հաւաստագիրներ ստացան 10 տնօրէններ. Հելիփոլիս բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Պաշշար Ապտուլսաթար, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի տնօրէն պատ. Յակոբ Աքպաշարեան, ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յովակիմեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն Արա Վասիլեան, Պաուշրիէի Ատվենթիսթ վարժարանի տնօրէն Ճիմի Շուֆանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն Վարդուկ Պալըքճեան, Ռապիէի աւետարանական տղոց եւ աղջկանց վարժարանի տնօրէն Սամեր Ժամալ, Մուսայթպէի Ատվենթիսթ վարժարանի տնօրէն տոքթ. Էլիաս Շուֆանի, Վահան Թէքէեան վարժարանի տնօրէն Կալինա Շէմէմեան, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի տնօրէն Նելլի Վեքիլեան, Պաալպեքի Հելիփոլիս բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Նետիմ Ապտուլ Սաթար:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Հայկազեան համալսարանի քայլերգով, որմէ ետք հարազատ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ շնորհաւորանքներու փոխանակում: