Համացանցի Ապահովութեան Նուիրուած Աշխատանիստ՝ «Մեսրոպեան»ի Մէջ

Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին մէջ, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ համացանցի ապահովութեան նուիրուած աշխատանիստ մը, համագործակցութեամբ՝ Դաշնակցային հետախուզութեանց գրասենեակին (FBI)։

Աշխատանիստը պիտի առաջնորդէ Դաշնակցային հետախուզութեանց գրասենեակի Լոս Անճելըսի համայնքային յարաբերութեանց մասնագէտներէն Քէյ Քոն։

Անիկա տեղի պիտի ունենայ վարժարանի «Տէր Մինասեան» համակարգիչի կեդրոնին մէջ։ Վարժարանի հասցէն է 8420 Beverly Rd, Pico Rivera, CA։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (562) 699-2057 եւ (323) 723-3181 թիւերուն, կամ՝ info@mesrobian.org հասցէին։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up