Ախալցխայի ՄԷջ Բացուեցաւ Եւս Մէկ Հայկական Կազմակերպութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/86908788.jpg)
Ախալցխայի մէջ օրերս գրանցում ստացաւ եւ բացուեցաւ եւս մէկ հայկական կազմակերպութիւն: Կազմակերպութեան անուանումն է «Վրաստանի ժողովուրդներու ժողովրդավարական միութիւն», հիմնադիրն է` Աշոտ Կաւալերեան:
Կազմակերպութեան հիմնական նպատակն է աջակցիլ Վրաստան բնակող հայերուն, ինչպէս նաեւ երկրի այլ բնիկ ժողովուրդներուն իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ: Նպաստել անոնց ինքնութեան պահպանման եւ միաժամանակ աջակցիլ անոնց ընդելուզման Վրաստանի պետական եւ հասարակական կեանքին մէջ, կը գրէ akhaltskha.net-ը: