Վարուժան Ոսկանեան Շահած Է Լեհական Գրական «Անկելուս»-ի Բոլոր Մրցանակները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/varujan-Voskanyan.jpg)
Լեհական Վրոցլաւ (Wrocław) քաղաքի Քափիթոլ երաժշտական թատրոնին մէջ Հոկտեմբեր 15-ին շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Կեդրոնական Եւրոպայի գրական Անկելուս (ANGELUS) 11-րդ մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, Վարուժան Ոսկանեան իր «Շշուկներու մատեան» վէպով շահեցաւ այս տարուան բոլոր մրցանակները. Անկելուսի Մեծ մրցանակը, Ընթերցողներու «Նաթալեայ Կորպանեւսկայա» մրցանակը եւ «Լաւագոյն թարգմանութեան» մրցանակը: «Շշուկներու մատեան» վէպի լեհերէն թարգմանիչն է Եոաննա Քորնաշ-Վարուասը (Joanna Kornaś-Warwas), իսկ վէպը տպագրած է Չաժքովէ Քլիմաթէ (Książkowe Klimaty) հրատարակչութիւնը:
Մրցանակները յանձնեցին Վրոցլաւի քաղաքապետ Ռաֆալ Տուտկեւիչը (Rafał Dutkiewicz) եւ Անկելուսի ժիւրիի նախագահ փրոֆ. Միքոլա Ռեապչուկ (Mykoła Riabczuk): Հեղինակաւոր այս մրցոյթի վերջնագիծ հասած էին եօթ գրող` Քրիստիան Թէոդորեսկուն (Cristian Teodorescu, Ռուանիա), Մաչէյ Հեն (Maciej Hen) եւ Աննա Եանկոն (Anna Janko, Լեհաստան), Քրիսթինա Սապալիաուսկայտեն (Kristina Sabaliauskaitռ) եւ Ալուիտաս Շլեփիկասը (Alvydas Šlepikas, Լիթուա), եւ Վլատիﬕր Նեկլիաեւ (Vladimir Nekliajev, Պելառուս): Նախապէս մրցոյթին յայտ ներկայացուցած եւրոպական 21 երկիրներու գրողներ: «Անկելուս»-ը լեհերէն թարգմանուած արձակի աﬔնաբարձր մրցանակն է: Յաղթողը կը ստանայ 150.000 լեհական զլոտի եւ Եւա Ռոսանոյի (Ewa Rossano) քանդակած արձանիկ:
Ընթերցողներու «Նաթալեայ Կորպանեւսկայա» մրցանակը հիմնուած է 2013թ. ի յիշատակ ռուս այլախող գրող Նաթալեայ Կորպանեւսկայայի, որ «Անկելուս»-ի ժիւրիի նախագահ եղած է ﬕնչեւ իր մահը` 2013թ.: Մրցանակը կը շնորհուի ընթերցողներու առցանց քուէարկութեամբ, որուն յաղթող այս անգամ ճանչցուած է «Շշուկներու մատեան» վէպը: Ռումանիոյ մէջ կը համարեն, որ Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեան» վէպի արժանանալը գրական «Անկելուս»-ին բոլոր մրցանակներուն ռումանական գրականութեան ﬔծ յաջողութիւնն է Լեհաստանի մէջ եւ եւրոպական մակարդակով անոր արժէքներու ճանաչումը: Դեռեւս 2015թ. ամրան եւ աշնան Վարշաւայի Ռումանական Մշակոյթի հիմնարկը կազմակերպած էր «Շշուկներու մատեան» վէպի լեհերէն հրատարակութեան ներկայացումը Վարշաւայի եւ Քրաքովի մէջ, հեղինակին մասնակցութեամբ: Քրաքովի հեղինակաւոր Քոնրատ գրական փառատօնին Վարուժան Ոսկանեան եղած է յատուկ հրաւիրեալ: