Կարօ Փայլան Յայտարարած է Էրտողանը Դատի Տալու Մտադրութեան Մասին

Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան այսօր կը պատրաստուի դատի տալու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Փայլան այս մասին յայտարարած է twitter-ի իր պաշտօնական էջին մէջ, կը գրէ Tert.am-ը:

Հայազգի պատգամաւորին զայրացուցած են Էրտողանի`տրապիզոնեան հանրահաւաքի ընթացքին ըրած շարք մը ցեղապաշտական յայտարարութիւնները:

Յիշեցնենք, որ Տրապիզոնի մէջ իր ելոյթի ժամանակ Էրտողան հեգնած էր կիները:

«Յիշեցէք, թէ ձեզի ինչ կ՛ըսէի: Օր կը պիտի չմեռնի՞նք: Բայց տղամարդու պէս մեռնիլ կայ, մէկ ալ մատամի պէս մեռնել կայ», – ըսած էր Էրտողան տրապիզոնցիներուն:

Այստեղ Կարօ Փայլան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, որ Էրտողան կ՛օգտագործէ «մատամ» բառը, այսինքն` կը մատնանշէ ոչ թէ մահմետական, այլ եւրոպացի կամ քրիստոնեայ կիները:

Աւելին` Փայլան, իր էջին մէջ դրած է Էրտողանի ելոյթի տեսանիւթը, նշելով, որ ուշադիր հետեւելու պարագային նկատելի է, թէ ինչպէս Էրտողան գոհ կը ժպտի,  երբ տրապիզոնցիները կը վանկարկեն «հայու վիժուածքները մեզ չեն կրնար վհատեցնել»:

«Ժողովուրդը կը հայհոյէ հայուն: Բնաւ չի միջամտեր: Վաղը մեղադրանք պիտի ներկայացնեմ», – գրած է Փայլան twitter-ի իր էջին մէջ:

Scroll Up