Ֆրեզնոյի Հայ Բժիշկները Հիւրընկալուեցան Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/150.jpg)
Հոկտեմբեր 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի գլխաւորութեամբ` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մարդասիրական բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով ԱՄՆ-էն ժամանած բժիշկներու պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց հայ բժիշկներու մարդասիրական առաքելութիւնը, Հայաստանի մարզերուն եւ Արցախի մէջ բժշկական օգնութեան եւ խորհրդատուութեան իրականացումը, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցներուն նուիրաբերուած ժամանակակից սարքաւորումները: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Լաւ կը լինի, որ աւելի յաճախ ու կազմակերպուած լինեն ոչ միայն միակողմանի օգնութիւնները, այլեւ` բժիշկների փոխայցելութիւնները, փորձի փոխանակումը, համատեղ պրակտիկ աշխատանքը: Այդպիսով կեանքի կը կոչենք «Առողջ Հայաստան» նախագիծը` Հայաստանը դարձնելով բժշկական ծառայութիւններ մատուցող երկիր»:
Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ներկայացուց խումբի կատարած աշխատանքները, տպաւորութիւնները: Ան նշեց, որ ծրագիրը կ’իրականացուի Ֆրեզնոյի հայ համայնքի աջակցութեամբ եւ աւելցուց. «Հայաստանի եւ Արցախի հիւանդանոցներուն նուիրաբերելու համար բերած ենք 750 հազար տոլարի սարքաւորում : Իրականացուցած ենք ժամանակակից սարքաւորումներով ու նոր տեխնոլոգիաներով վերապատրաստման աշխատանքներ, 110 նեղ մասնագիտական խորհրդատուութիւն, 30 ատամնաբուժական եւ դիմածնօտային, ինչպէս նաեւ` այլ վիրահատութիւններ: Ամենակարեւորն այն է, որ Արցախի մէջ դիմածնօտային խնդիրներ ունեցող վիրաւոր զինուորներուն օգնութիւն ցուցաբերած ենք: Մենք նման քայլով փորձած ենք քիչ մը օգտակար ըլլալ Արցախի ժողովուրդին: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած ենք նաեւ, որ տեղի բժիշկները իւրաքանչիւր հարցով համացանցի միջոցով կապի մէջ մնան Ֆրեզնոյի մեր մասնագէտներուն հետ: Բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելէ զատ` ծանօթացած ենք իրավիճակին, հանգամանօրէն գրի առած ենք բոլոր կարիքներն ու խնդրանքները: Մեր վերադառնալուն պէս աշխատանքի պիտի լծուինք, ջանանք համայնքին աջակցութեամբ ձեռք բերել եւ ուղարկել բոլոր անհրաժեշտ սարքաւորումները:Կը քննարկենք նաեւ առաքելութեան յաջողուած կէտերը: Եւ անշուշտ` համագործակցելով Սփիւռքի նախարարութեան հետ, յաջորդ տարի` Սեպտեմբերի վերջը կը վերադառնանք, ու, թերեւս, աւելի մեծ ծաւալով աջակցութիւն կը բերենք»:
Արդէն երկրորդ տարին է, որ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի գլխաւորութեամբ ԱՄՆ-էն հայ եւ օտարերկրեայ բժիշկներու խումբ մը կը ժամանէ Հայաստան եւ Արցախ` մարդասիրական բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով: Առաջին այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն եղած է 2015թ-ին: Այդ այցին ընթացքին Հայաստանի 6 մարզերուն եւ Երեւանի մէջ մատուցուած են հետեւեալ ծառայութիւնները` աւելի քան 505 հիւանդի բուժզննում, 16 վիրահատութիւն, 90 ատամնաբուժական ծառայութիւն, 26 մանկաբուժական ծառայութիւն:
Այս տարի եւս` Հոկտեմբեր 1-14, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի նախաձեռնութեամբ, 28 հայ եւ օտարերկրեայ բժիշկներ ժամանած են Հայաստան եւ Արցախ բժշկական եւ վիրահատական օգնութիւն ցուցաբերելու հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ օգնելու քառօրեայ պատերազմէն տուժած զինծառայողներուն:
Ֆրեզնոյի մէջ գործող շարք մը բարեգործական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներու շնորհիւ անոնք իրենց հետ բերած են մեծ քանակութեամբ դեղօրայք, բժշկական պարագաներ, ինչպէս նաեւ` բարձրորակ սարքաւորումներ:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք Պերճ Աբգարեանի կոչով եւ նախաձեռնութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ դրամահաւաք կազմակերպուած է` պատերազմին զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցելու համար: Հաւաքուած էր աւելի քան 40,000 ԱՄՆ տոլար, որ բաժնուած է 85 զոհուածներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն: