Երեւանի ՄԷջ Պիտի Ցուցադրուի Նայիրի Հոխիկեանի «Արեւը Ցեխով Չես Ծածկի» Փաստավաւերագրական Ֆիլմը

Հոկտեմբեր 18-ին, ժամը 16:00-ին Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի կ’ունենայ լրագրող, տարածաշրջանային եւ միջէթնիկ հակամարտութիւններու փորձագէտ Նայիրի Հոխիկեանի «Արեւը ցեխով չես ծածկի» փաստավաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը:

Ֆիլմը Արեւմտեան Հայաստանի աւելի քան 4.5 մլն հայերուն նուիրուած «Վերադարձի ժամանակը» փաստավաւերագրական ֆիլմաշարի 6-րդ մասն է:  Նկարահանումները կատարուած են ՀՀ-ի, Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու, յատկապէս` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ տեւած  4 տարի` 2012-2016թթ: Ֆիլմին մէջ կը ներկայացուին  ծպտեալ հայեր, որոնք Թուրքիոյ մէջ կը պայքարին ազգային ինքնութեան պահպանման համար:

Scroll Up