Գուժ Թադեւոսեանի «Կանչ» Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ «Սինեմասիթի» Շարժապատկերի Սրահին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին հինգշաբթի, 13 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Սիթի Մոլ»-ի «Սինեմասիթի» շարժապատկերի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Գուժ Թադեւոսեանի «Կանչ» ժապաւէնը:
Այս առիթով ժապաւէնի ցուցադրութենէն առաջ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Վազգէն Յակոբեան: Ան յայտնեց, որ ինչպէս բոլոր կոմիտէները, «Շուշի» կոմիտէն եւս այս ժապաւէնին ցուցադրութեամբ իր համեստ մասնակցութիւնը կը բերէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին` միշտ ի մտի ունենալով զոյգ հանրապետութիւններու` Հայաստանի եւ Արցախի ամրապնդումը, մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը:
Ան իր խօսքին մէջ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց օժանդակութիւնը բերին այս ձեռնարկին յաջողութեան, մասնաւորաբար Սարգիս Պուտագեանին, ժապաւէնի բեմադրիչ Գուժ Թադեւոսեանին եւ բեմագրութեան հեղինակ Սամուէլ Թադեւոսեանին:
Ժապաւէնի ցուցադրութեան ներկայ էր բեմագրութեան հեղինակ Սամուէլ Թադեւոսեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ այս շարժանկարը ցոյց կու տայ հայ ժողովուրդի կամքը, կորովը եւ վճռակամութիւնը` աւելցնելով, որ ձախողած են բոլոր անոնք, որոնք փորձած են հայ ազգը ջնջել պատմութեան էջերէն:
Խօսելով սփիւռքահայութեան դերակատարութեան մասին` Թադեւոսեան շեշտեց լիբանանահայութեան թափած ճիգերը հայապահպանման առաքելութեան մէջ` յիշելով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին լիբանանահայութեան տրամադրած օժանդակութիւնը արցախցի զինուորին եւ աւելցնելով, որ մենք պէտք է միշտ ծառայենք մեր հայրենիքին:
Թադեւոսեանի խօսքին աւարտին, ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէութիւնը պատուեց զայն յատուկ յուշանուէրով մը:
Նշենք, որ շարժանկարը կը ներկայացնէ Քեսապի ջարդերէն վերապրած Վարդան անունով պատանիի մը ոդիսականը եւ թէ ինչպէ՛ս ան բռնի կը զինուորագրուի` թրքացման նպատակով, սակայն համր ձեւանալով կը խուսափի թրքերէն խօսելէ ու նամազ կատարելէ եւ մինչեւ վերջ կառչած կը մնայ հայ լեզուն պահպանելու իր մեծ հօր կտակին:
Շարժանկարի աւարտին` Վարդան հետեւելով իր մահացած մեծ հօր «կանչ»-ին, կը դիմէ փախուստի` փրկելով մեծ հօրմէն կտակ մնացած կտաւը, որուն վրայ արձանագրուած էին հայոց լեզուի տառերը:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: