Ազգային Առաջնորդարանը Պիտի Պատուէ ՀՕՄը

«Ծառայութեան Տարուան» առիթով եւ Արեւմտեան թեմի ծառայողները գնահատելու նախաձեռնութեանց ծիրին մէջ, Ազգային առաջնորդարանը Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15ին կազմակերպած է յատուկ ճաշկերոյթ մը՝ ի պատիւ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ու անոր նուիրեալ ծառայողներու մեծ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ի յարգանս կնոջական այս մեծ միութեան վիթխարի ծառայութեանց, որոնք կը մատուցուին մեր ժողովուրդին, Հայաստանէն մինչեւ Արցախ ու Ջաւախք, մինչեւ սփիւռքեան գաղութներ:

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ, այս ձեռնարկը կազմակերպուած է Ազգ. առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինին կողմէ, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կից «Աւետիսեան» սրահին մէջ. անիկա սկիզբ պիտի առնէ կէսօրուան ժամը 11:30ին:

Հանդիսավարութիւնը պիտի կատարէ կազմակերպիչ մարմինի ատենապետուհի Ծովիկ Զէյթլեան: Պաշտօնական յայտագիրին վրայ են սրտի խօսքեր՝ ՀՕՄի Կեդրոնական ու Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներու կողմէ, նաեւ առաջնորդ սրբազանին պատգամը եւ Օրհնութեան գիրի շնորհում՝ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան, առ ի գնահատանք անոր նուիրեալ ծառայողներուն:

Նախատեսուած է նաեւ գեղարուեստական բաժին, որ պիտի մարմնաւորուի ասմունքով ու ծանօթ երգիչ Գէորգ Չագմանեանի երգերու փունջով:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up