«Հայ-Ամերիկեան Առողջութեան Կեդրոն» Հիմնադրամի Բժիշկները Ստեփանակերտի Մէջ Անվճար Ծառայութիւններ Պիտի Մատուցեն

Հոկտեմբեր 14-ին եւ 15-ին ժամը 10:00-էն Հայաստանի Հանրապետութեան «Հայ-ամերիկեան առողջութեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Խաչանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, մամոլոկ` Արմէն Քոչարեանի եւ ռատիոլոկ` Գայեանէ Յովակիմեանի կողմէն, ԼՂՀ առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» ՓԲԸ մօտ պիտի իրականացուի անվճար հետազօտութիւն, խորհրդատւութիւն եւ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ վիրահատական միջամտութիւններ:

ԼՂՀ առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով` ցանկացողները կրնան դիմել Հանրապետական բժշկական կեդրոնի դարմանատան բաժանմունք կամ զանգահարել /047/ 95-17-99 հեռախօսահամարով:

Scroll Up