«ԱՌՆՈՒԱԶՆ ԵՐԵՔ ՈՐԴԻՈՎ ՍԵՂԱՆ ՆՍՏԻՆՔ»
«ՀԱՅԵՐԸ` ԱՌԱՆՑ ԾԽԱԽՈՏԻ»
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է, ԵԿԷ՛Ք ՀԶՕՐԱՑՆԵՆՔ ԶԱՅՆ»
«ՀԱՅ Է ԱՆ, ՈՎ ԻՆՔԶԻՆՔ ՀԱՅ ԿԸ ԶԳԱՅ»
«ՀԱՅԸ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼԷՆ ԲԱՑԻ ՊԷՏՔ Է ՆԱԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ Մէջ ՇԱՀ ՍՏԱՆԱՅ»
«ԴԱՐՁԻ՛Ր ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴԸ, ՏԷՐՆ ՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆԸ ԱՄԵՆՈՒՐԵՔ»
«ՔՈՒ ՏԱՂԱՆԴԷԴ, ՇՆՈՐՀՆԵՐԷԴ ԱՓ ՄԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈ՛ՒՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻԴ»
«ՏԱՆ ՄԷՋ ԽՕՍԻ՛ՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆ»
«ԱՌՆՎԱԶՆ 3 ՏԱՐԻՆ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ ՀԱՆԳՍՏԱՑԻ՛Ր ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ Մէջ»
«ԳԾԷ՛ ՏՈՀՄԱԾԱՌԴ»
«ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՒՆ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ»
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆԸ ԵՒ «ԵԱՆ»-Ը ՔՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԴ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ»
«ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒ ՈՒՆԵՑԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ
«ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՐ ՀԱՅ ՊԷՏՔ Է ՏԵՍՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»
«ԿԱՆՔ, ՊԻՏԻ ԼԻՆԵՆՔ ՈՒ ԴԵՌ ՇԱՏԱՆԱՆՔ» Պ. ՍԵՒԱԿ
«ՈՎ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՔՈ ՄԻԱԿ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ՄԷՋ Է» Ե. ՉԱՐԵՆՑ

Համազգայինի Լաթաքիոյ «Վ. Նաւասարդեան» մասնաճիւղի կազմակերպած ձեռնարկը. «Գառնի» պարախումբը խնադավառեց հանդիսատեսը

Երեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2016-ի, երոկոյեան ժամը 6:00-ին, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի Լաթաքիոյ «Վ. Նաւասարդեան» մասնաճիւղի, «Տար ալ-Ասատ» մշակութային սրահէն ներս «Գառնի» պարախումբը ներկայացաւ պարերու փունջով մը: Այս մասին ըստ «Հայերն այսօրի»՝ կը յայտնէ PERIO NEWS-ը:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու զոյգ քայլերգներով եւ մէկ վայրկեան յոտնկայսով:
Ներկայ էին Հոգեշնորհ Տէր Արտակ վարդապետ Արապեան, Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 300 հանդիսականներ:
Հայերէն բացման խօսքը ուղղեց «Վ.Նաւասարդեան» մասնաճիւղի Ատենապետ Նայիրի Կարապետեան, որ յիշեցուց, թէ հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ունեցած է հարուստ մշակոյթ, հայերէն երգն ու հայկական պարը միշտ ծաղկեցուցած են բեմերը, հմայած հայ թէ օտար արուեստասէր հանրութեան:
«Այսօր անհուն ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ մեր գաղութին մէջ, արդէն իսկ վերակազմուած է հմազգայինի «Վ.Նաւասարդեան» մասնաճիւղը, եւ անկասկած պիտի վերագտնէ իր երբեմնի աշխուժ գործունէութիւնը, որուն արգասիքը պիտի վայելենք բոլորս, մասնաւորաբար նորահաս սերունդը, որ պիտի արժանանայ միութեանս յատուկ հոգատարութեան զարգացնելով իրենց ձիրքերն ու նախասիրութիւնները», հաստատեց ան: Կարապետեան յայտնեց, որ Համազգայինի Լաթաքիոյ «Վ.Նաւասարդեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, հիւրընկալած է վիրավոր Հալէպէն ժամանած «Գառնի» պարախումբը, ղեկավարութեամբ Վրէժ եւ Նանօր Թերզեաններուն, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ընդառաջեցին միութեան առաջարկին եւ այսօր իրենց հմայիչ պարերով պատրաստ են ճոխացնելու մեր երեկոն»:
Իսկ արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի վարչութեան Ատենադպրուհի Սարին Կիրակոսեան-Գէորգեան:
Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցաւ «Գառնի» պարախումբը: «Գառնի» պարախումբը հանդէս եկաւ հայկական եւ օտար պարերով: Ուշագրաւ էին տղոց ռազմական պարը եւ աղջիկներու` կուժերով պարը. առաջինը իր շարժումներով եւ երաժշտութեամբ պահած էր իր աւանդական ձեւն ու խորքը` փոխանցելով հայդուկներու արդարադատ եւ վրէժխնդիր ոգին: Իսկ երկրորդը, ընդհակառակն. աւանդական կուժերով պարը, որ յատուկ տեղ կը գրաւէ աշխարհահռչակ «Անուշ» օփերային մէջ, ներկայացուեցաւ արդիականացած ձեւով, երաժշտութեան, շարժուձեւերուն, ինչպէս նաեւ տարազներուն ընդմէջէն: Ինչ կը վերաբերի օտար պարերուն, պարողները ներկայացուցին ժամանակակից, պիւրլեսք, հիփ հոփ, սալսա, հնդկական եւ ճափոնական պարեր:
Պարողները բեմ բարձրացան վերջին պարով մը` ելոյթին ընթացքին ներկայացուած տարբեր պարերու, երաժշտութիւններու եւ տարազներու հերթականութեամբ: «Գառնի» պարախումբը արժանացաւ բուռն ծափահարութեան եւ հանդիսատեսներու բացագանչութիւններուն: Պարողները բոլոր պարային ներկայացումները կատարեցին փոխանցիկ աշխուժութեամբ եւ ուրախութեամբ, հանդիսատեսներուն զգալի դարձնելով զիրենք շարժող ներքին ուժը: Անոնք անգամ մը եւս փաստեցին, թէ քաղաքական եւ ընկերային աննպաստ պայմաններուն մէջ, արուեստը եւ պարը նոր շունչ եւ կենսատու ուժ կը հանդիսանան մարդուն համար:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, իսկ Հոգեշնորհ Տէր Արտակ վարդապետ Արապեան «պահպանիչ» աղօթքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը:

14517366_1695907487398251_7993599381921900769_n 14570339_1695907207398279_645539882666882122_n 14606475_1695907324064934_1696751695582888451_n 14650358_1695907877398212_299097936786397712_n 14680553_1695906907398309_263132491050571370_n 14680709_1695907104064956_4562588824345454765_n 14681808_1695907380731595_6475236054953984002_n 14690926_1695907054064961_3352373048242842965_n 14702296_1695906840731649_760125380358179332_n 14708222_1695906607398339_8988021988365930751_n 14721511_1695906950731638_5721271470552155209_n 14729246_1695907544064912_4756989776825866598_n 14731188_1695907757398224_7738712439764574449_n

Scroll Up