Երեւանի Մէջ Տեղի Կ’ունենայ Թեքուոնտոյի Միջազգային Յուշամրցաշարը

Հայաստանի մինչեւ 17-տարեկան թեքուոնտիստներն իրենց ուժերը կը փորձեն նոյեմբեր 6-ին Երեւանի «Տինամօ» մարզասրահին մէջ մեկնարկող թեքուոնտոյի միջազգային յուշամրցաշարին, որ նուիրուած Է այս մարզաձեւի հայ անուանի մասնագէտ, մարզիչ եւ միջազգային կարգի մրցավար Արմէն Մարտիրոսեանի յիշատակին:

Այս մասին ինչպէս  «Արմէնփրէս»-ին կը տեղեկացնեն Հայաստանի թեքուոնտոյի  ֆետերասիայի փոխնախագահ եւ գործադիր տնօրէն Վարդան Ղահրամանեան, մրցաշարին  մասնակցելու համար հրաւիրուած են նաեւ Իրանի եւ Վրաստանի մարզիկները:

Մարտիրոսեան հայկական թեքուոնտոյի ֆետերասիոյ հիմնադիրներէն  եւ աշխոյժ գործիչներէն մէկը եղած է: 10 տարիէ աւելի ան նպաստած Է Հայաստանի մէջ այս մարզաձեւի վերելքին եւ ատոր միջազգային ճանաչման, կազմակերպած է բազմաթիւ մրցումներ եւ մարզական այլ կարգի ձեռնարկներ:

Ղահրամանեան տեղեկացուց նաեւ, որ Իրանի թեքուոնտոյի ֆետերասիայի նախագահ Սաիտ Մոհամետ Փոլատարիի այցը Հայաստան նախատեսուած Է 2014 թուականին:

http://armenpress.am/

Scroll Up