Կիւմրիի Ատամնաբուժարանին ի նպաստ նախաձեռնուած դրամահաւաքին առթիւ. Հարցազրոյց SOAR-ի Մոնթրէալի մասնաճիւղի նախագահ բժիշկ Սարգիս Երէցեանի հետ

«Հորիզոն»ի խմբագրատուն այցելեց բժիշկ Սարգիս Երէցեան, որ հիմնադիրն ու նախագահն է Հայ Որբերու Օգնութեան Ընկերակցութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղին: Բժիշկ Սարգիս Երէցեան ծնած է Հալէպ, Գանատա հաստատուելէն ետք վիրաբուժական մասնագիտական ուսումը ստացած է Շէրպրուքի մէջ եւ 1980-էն ի վեր կը զբաղի վիրաբուժութեամբ Մոնթրէալի մէջ: Ունի բժշկական անհատական ծրագիրներ, որոնք կ’իրագործուին Մոնթրէալի եւ ՄգԿիլ համալսարաններուն մէջ, եւ որոնց մասին պիտի անդրադառնանք յառաջիկային:
Հ.- Յարգելի՛ բժիշկ Սարգիս Երէցեան, Դուք հիմնադիրն ու նախագահն էք Հայ Որբերու Օգնութեան Ընկերակցութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղին, կրնա՞ք ընթերցողին գաղափար տալ այս ընկերակցութեան հիմնադրման մասին:
Ս.Ե.- Հայ Որբերու Օգնութեան Ընկերակցութիւնը (SOAR) հիմնուած է 2005 թուականին տէր եւ տիկ. Ճորճ եւ Էրիկա Եագուպեաններուն կողմէ: Այս ամոլը ամուսնութենէ ետք զաւակ չունենալուն պատճառով կը դիմէ Հայաստանի կառավարութեան՝ հայ երեխայ մը որդեգրելու նպատակաւ: Հայ աղջնակ մը որդեգրելէ ետք կը վերադառնան Ֆիլատելֆիա, որմէ ետք Աստուած իրենց կը շնորհէ 3 զաւակ: Այսպիսով անոնք նախաձեռնութիւնը ունեցած են սոյն ընկերակցութեան: 7 հոգինոց Գործադիր խորհուրդին նախագահի պաշտօնը ստանձնած է ինքը՝ Ճորճ Եագուպեանը, որ մասնագիտութեամբ իրաւաբան է: Այս ընկերակցութիւնը ունի 75 մասնաճիւղեր եւ վեց շրջանային տնօրէններ: Ամբողջ աշխարհի տարածքին գրանցուած են 15000 հայ որբեր, որոնց մեծամասնութիւնը Հայաստանի մէջ են:
Հ.- Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ այս ընկերակցութիւնը եւ ուրկէ՞ կ’ապահովէ իր ծրագիրներուն նիւթական յատկացումները:
Ս.Ե.- Ընկերակցութեան նպատակն է հայ որբերու բարօրութեան համար աշխատանք տանիլ, ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ Արցախի, Ջաւախքի, Լիբանանի, Սուրիոյ մէջ եւ ամէն տեղ, ուր հայ կայ: Հետեւաբար ընկերակցութեան գլխաւոր նպատակն է օգնել որբերուն՝ իրենց ֆիզիքական, զգացական եւ մտային զարգացման մէջ, որպէսզի անոնք դառնան ուսեալ եւ ինքնաբաւ հասուն անհատներ: Իսկ նիւթական յատկացումները կ’ապահովուին մեծ ընկերութիւններէ եւ բարերար անհատներու նուիրատուութեամբ: Հոս կ’ուզեմ նշել, որ ընկերակցութիւնը գնահատելի սկզբունք մը որդեգրած է՝ Հայաստանի որբերուն օգնութեան համար գնումներուն նախապատուութիւնը կը տրուի տեղական հայկական արտադրութեանց, հայրենի տնտեսութեան սատարելու նպատակաւ:
– Ի՞նչ են Հայ Որբերու Օգնութեան Ընկերակցութեան ծրագիրները:
– Ծրագիրները շատ են, սակայն նշեմ անոնցմէ մէկ քանին. ա) օտար լեզուներու ուսուցում, որուն ծիրէն ներս անգլերէն լեզուի ուսուցումը յանձն առած է Միամիի մասնաճիւղը, իտալերէնինը՝ Միլանի մասնաճիւղը, սպաներէնինը՝ Կադիզի մասնաճիւղը, բ) Կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու հմտութիւն, որ յանձն առած է Կիպրոսի մասնաճիւղը, գ) Փորձառութեան փոխանցման մէջ հմտանալու ծրագիր, որ հաստատուած է Միլանի մասնաճիւղին կողմէ, դ) Տարբեր մասնագիտական գիտելիքներու խորացման ծրագիր, որ կ’իրագործուի Օքսպրիճի մասնաճիւղին կողմէ, ե) «Pen pal» ծրագիրը, որուն միջոցաւ Հայաստանի որբերը կրնան հաղորդակցիլ, բարեկամանալ եւ ընկերանալ իրենց տարիքի այլ որբերու հետ, աշխարհի տարածքին: Այս միջոցառման հաղորդակցութեան լեզուն է անգլերէնը, որպէսզի որբերը լաւապէս իւրացնեն անգլերէն լեզուն: Վերջին ծրագիրը ստանձնած է Հոլանտայի մասնաճիւղը:
– Պարո՛ն Երէցեան, դուք ինչպէ՞ս մաս կազմեցիք այս ընկերակցութեան եւ ի՞նչ ներդրում ունեցած էք առ այսօր:
– Ընկերակցութեան հիմնադիր Ճորճ Եագուպեանը Linkedin-ի միջոցաւ ծանօթացաւ ինծի եւ առաջարկեց, որ Մոնթրէալի մէջ ստեղծեմ ընկերակցութեան մասնաճիւղ մը եւ ստանձնեմ անոր նախագահութիւնը: Ես սիրով ընդունեցի այս հայրենանուէր գործունէութեան մաս կազմելու առաջարկը, եւ հիմնեցինք Մոնթրէալի մասնաճիւղը: Ընկերակցութեան մաս կազմելով զանազան աշխատանքներ տարած եմ, որոնցմէ էր 6 Սեպտեմբեր 2015-ին մեր առաջին դրամահաւաքը, որուն շնորհիւ գոյացաւ 5000 տոլար. գումարը ուղարկուեցաւ Հայաստանի Կիւմրիի որբանոցին: Այս առիթով կ’ուզեմ մեր մասնաճիւղի խորհուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնել մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս ազգանուէր գործին:
– Հայ Որբերու Օգնութեան Ընկերակցութեան աշխատանքներուն մաս կը կազմէ Ատամնաբուժական հիմնադրամի ծրագիրը, կրնա՞ք ասոր մասին ընթերցողին տեղեկութիւններ փոխանցել:
– Մեր ուսումնասիրութիւններուն ծիրէն ներս նկատի առնուեցաւ, որ Հայաստանի որպէս երկրորդ քաղաք ճանչցուած Կիւմրիի մէջ տարեցներ եւ ընդհանրապէս ընտանիքներ կ’ապրին ծայրայեղ աղքատութեան մէջ, իսկ բժշկական եւ յատկապէս ատամնաբուժական ծառայութիւնները բացարձակապէս անհասանելի են: Սոյն ուսումնասիրութիւնը բացայայտեց, որ բոլոր տարիքի երեխաները խոռոչներ ունին իրենց ակռաներուն վրայ, իսկ 18 տարեկանէն վեր պատանիներուն միայն 20 տոկոսը ունի ամբողջական ակռաներ ունի:
Հետեւաբար ատամնաբուժական այս խնդիրները լուծելու համար SOAR-ը 2015 թուականին ստեղծեց Ատամնաբուժութեան հիմնադրամ: Այս հիմնադրամի նպատակներն են կառուցել ատամնաբուժարաններ ու բժշկական գործիքներով կահաւորել բուժման սենեակները, այս ծիրէն ներս արդէն իսկ Խարբերդի որբանոցի ատամնաբուժական սենեակը նորոգուեցաւ մեր ընկերակցութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ Կիւմրիի մրջ կառուցուեցաւ Տիրամայր Հայաստան Կուսաստան Կեդրոնին մէջ նոր ատամնաբուժարան մը, որ պիտի ծառայէ Կիւմրիի ոչ միայն որբերուն, այլ նաեւ տարեցներուն: Մեր ընկերակցութիւնը նաեւ կը հաւաքագրէ ատամնաբոյժներ աշխարհի չորս կողմերէն, որպէսզի սոյն կեդրոնի երեխաներուն Ծաղկաձորի մէջ ունեցած ամառնային ճամբարին ընթացքին, որ կը տեւէ 12 շաբաթ եւ որուն կը մասնակցին 200 հայ որբեր, կամաւորապէս ծառայեն մեր որբերուն ատամնաբուժական կարիքներուն՝ իւրաքանչիւրը գոնէ մէկ շաբաթ: Սոյն ճամբարին աշխոյժ գործունէութիւն կը տանի Տիթրոյիթի մեր մասնաճիւղը: Հիմնադրամի մասնագէտները նաեւ աշխատանք կը տանին նուիրատուութիւններու ճամբով ատամնաբուժական գործիքներ ապահովելու եւ ուղարկելու Հայաստան:
Այս առթիւ կ’ուզեմ Հիմնադրամի աշխատակազմի անունով շնորհակալութիւն յայտնել մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ Տիրամայր Հայաստան Կուսաստան կեդրոնի ատամնաբուժարանի բացումն ու աշխատանքի սկսիլը, սակայն այստեղ վերջ չի գտներ մեր աշխատանքը, տակաւին մենք կարիքը ունինք նիւթական օժանդակութեան, որպէսզի հոգանք անոր ծախսերն ու կարենանք լաւագոյն ծառայութիւնները ապահովել մեր երեխաներուն:
Կոչ կ’ուղղեմ բոլոր մեր անձնուէր բարերարներուն, որ իրենց նուիրատուութիւնները անյապաղ ուղարկեն SOAR MONTREAL CHAPTER-ին կամ համացանցի միջոցաւ հետեւեալ հասցէին.http://www.globalgiving.org/projects/dental-care-clinics-for-orphans-in-armenia
Նշենք, որ Հայ Որբերու Օգնութեան Ընկերակցութիւնը վերոյիշեալ ատամնաբուժարանի ծրագիրին ի նպաստ կազմակերպած է դրամահաւաքի ձեռնարկ մը, տիար Կրէկորի Շաւերտեանի աջակցութեամբ, որ տեղի պիտի ունենայ 15 Հոկտեմբեր 2016-ին, «Փօլ Պօղոսեան»ի սրահին մէջ, հետեւեալ հասցէին. 3000 Edouard Monpetit, Laval, PQ, H7T 2T5, ուր տեղի պիտի ունենայ նաեւ գեղարուեստական բացառիկ յայտագիր, որ կ’ընդգրկէ օփերայի երգիչներու եւ երեխաներու մասնակցութիւն՝ երեխաներուն համար:
Հարցազրոյցյը վարրեց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան