ՌԴ Մէջ ՀՀ Դեսպանը ՀՀ Պետական Պարգեւներ Յանձնած Է Կրթութեան Եւ Մշակոյթի Ռուսիա Բնակող Գործիչներու

ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպան Օլեկ Եսայեան Հոկտեմբեր 11-ին ՀՀ պետական մարմիններուն կողմէ շնորհուած պարգեւներ  յանձնած է կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտի Ռուսիա բնակող շարք մը գործիչներու:

Այս մասին տեղեկացուցին ՌԴ  մէջ ՀՀ դեսպանութեան  մամլոյ ծառայութենէն` աւելցնելով. «Դեսպանութեան մէջ կայացած ձեռնարկին Օլեկ Եսայեան ողջունած է պետական պարգեւներու արժանացած գործիչները եւ շնորհակալութիւն յայտնած հայ-ռուսական բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ ներդրած աւանդի համար:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալ յանձնուած է Մոսկուայի Փարաջանովի անուան գեղարուեստական թատրոնի հիմնադիր եւ ղեկավար Վլատիմիր Կապէին: Մոսկուայի թիւ 1967 դպրոցի տնօրէն Արմինէ Առաքէլեանին յանձնուած է ՀՀ ԿԳ նախարարութեան յուշամետալն ու Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալը: Սփիւռքի նախարարութեան նոյն մետալին  արժանացած է գրող, հրապարակախօս Լաուրա Պալեան:

Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ շնորհուած պատուոգիրներ  յանձնուած են Մոսկուայի «Ալթուֆեւօ» անչափահասներու սոցիալ-վերականգնողական կեդրոնի տնօրէն Գոհար Ուսփենսկայային եւ կրթական ու հասարակական ոլորտի շարք մը այլ գործիչներու»:

Scroll Up