Գերապայծառ Հայր Սեզար Եսայեանի Ձեռնադրութեան Արարողութիւնը

Հոկտեմբեր 8-ին Պէյրութի Քափուչինեան միաբանութեան Սուրբ Լուիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան հայր Սեզար Եսայեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը: Ձեռնադրութիւնը հանդիսապետեց Վատիկանէն ժամանած Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու միաբանութեան կուսակալ, քարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին: Նորին Պայծառափայլութեան իբրեւ առընթերականեր կը սպասաւորէին Լիբանանի մէջ Պապական նուիրակ Գաբրիէլէ Քաչչան եւ Պէյրութի Առաքելական փոխանորդութեան նախկին առաջնորդ Փոլ արքեպիսկոպոս Տահտահը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան սփիւռքի հետ աշխատանքներու կցորդ Վլադիմիր Պօղոսեան` արարողութեան ներկայ էին Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Գափրոյեան եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միաբաններ, Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւորականներ, Մարոնիտ, Ղպտի, Ասորի, Քաղդէական, Յոյն Ուղղափառ, Յոյն Մելկիտէ, Սուրիական Ուղղափառ, Սուրիական Կաթոլիկ եկեղեցիներու առաջնորդներու ներկայացուցիչները, բարձրաստիճան այլ հոգեւորականներ, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան վանականներ, Լիբանանի Ազգային Ժողովի նախագահ Նապիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Թամամ Սալամի անձնական ներկայացուցիչները, պետական այրեր, արտակարգ եւ լիազօր դեսպաններ, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:
Յատկանշական է, որ յընթացս ձեռնադրութեան Սուրբ Պատարագի կաթոլիկ եկեղեցւոյ սուրբերու անուններուն հետ յիշատակուեցան Հայ Եկեղեցւոյ սուրբերը եւ երանելիները, որոնք Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կողմէ նոյնպէս սրբադասուած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, Երանելի Իկնատիոս Մալոյեանը:
Նորին Պայծառափայլութիւն Լէոնարտօ Սանտրին Սուրբ Պատարագին մասնակից ուխտաւորներուն ներկայացնելով ձեռնադրեալ եպիսկոպոսը, վերջինիս բարեմաղթեց, որ հաստատուն պահէ իր ուխտը, գործէ եւ ծառայէ Տիրոջ եւ Փրկիչի` Յիսուս Քրիստոսի լոյս օրինակով եւ իր եկեղեցանուէր գործերուն յաւելի նորանոր ձեռքբերումներ:
Պէտք է շեշտել, որ Գերապայծառ Հայր Սեզար Եսայեան Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ազգութեամբ հայ միակ տիտղոսակիր եպիսկոպոսն է: Ըստ 2016թ. տուեալներուն, Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցին ունի 2946 եպիսկոպոս:
2016 թուականի Օգոստոս 8-ին Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ վերջինս ձեռնադրուած է Մարէոտսի թեմի տիտղոսակիր եպիսկոպոս (Եգիպտոս, Ալեքսանտրիոյ պատրիարքութեան ներքոյ գործող հին եպիսկոպոսական փոխառաջնորդութիւն, որ վաւերագիրներու մէջ կը յիշատակուի 335-337 թթ.-էն): Ձեռնադրութենէն ետք Գերապայծառ Հայրը ստանձնեց նաեւ Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Պէյրութի Առաքելական փոխանորդութեան առաջնորդի պաշտօնը:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի նորընծայ եպիսկոպոսն իր աղօթքը առաքեց առ Աստուած եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն` մասնակցութեան համար: