«Թարգմանչաց Տօնը Մեր Մեծագոյն Տօնն Է» Ընդգծեց Դոկտ. Ժան Սալմանեան

Կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) վարչութեան, ուրբաթ, 7 հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թարգմանչաց տօնին առիթով յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ, ներկայութեամբ` ՀՀՀ-ի անդամներու եւ բարեկամներու:

ՀՀՀ-ի անունով Սիլվա Գարավարդանեան ողջունեց ներկաները` նշելով, որ վերամուտի այս ձեռնարկով բացուած կը յայտարարուի համախմբումի 2016-2017 տարեշրջանի գործունէութեան սկիզբը: Ան շեշտեց Թարգմանչաց տօնին եւ առհասարակ թարգմանչական աշխատանքին դերն ու կարեւորութիւնը, յատկապէս` հայ ժողովուրդին մօտ:

Գարավարդանեան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան զեկուցաբեր-դասախօսը` դոկտ. Ժան Սալմանեանը: Դոկտ. Սալմանեան հմուտ մասնագէտ է` լեզուական եւ թարգմանչական գիտութեան եւ առնչակից աշխատանքներու: Ան դասախօս է մէկէ աւելի համալսարաններու մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչն է միջլիբանանեան քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան խորհուրդին եւ միջեկեղեցական յանձնախումբերու մօտ: Դոկտ. Ժան Սալմանեան երկար տարիներ վարած է Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետի պաշտօնը:

Ապա Գարավարդանեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը:

Դոկտ. Ժան Սալմանեան խօսեցաւ Թարգմանչաց տօնի ծնունդին, խորհուրդին եւ անոր ունեցած առաւելութիւններուն եւ յատկապէս բարիքներուն մասին` հայ ժողովուրդի ազգային ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանման եւ ամրագրման առումով: Ապա ան թուեց թարգմանչական աշխատանքի հմտութեան հիմնական քայլերը` բաղդատաբար ժամանակակից արհեստագիտական թարգմանչական միջոցներուն եւ ոճերուն:

Պատմական հակիրճ ակնարկով դոկտ. Սալմանեան նշեց, որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ձեռամբ 405 թուականին հայ գիրերու գիւտէն ետք Թարգմանչաց շարժումին նպատակն էր նախ հայերէնի թարգմանել Աստուածաշունչը, հայացնել քրիստոնեայ եկեղեցական ծէսը, ապա հայալեզու քրիստոնէական գրականութիւն տարածել: Թարգմանիչ կը նշանակէ նաեւ մեկնիչ, մեկնող, մեկնաբանող, լուսաբանող, Աստուածաշունչի այս կամ այն գրութիւնը, բովանդակութիւնը կամ իմաստը բացատրող: Հայ եկեղեցին կը տօնէ վեց թարգմանիչներու յիշատակը Մեսրոպ Մաշտոցի գլխաւորութեամբ: Այս վեցեակին մէջ են նաեւ Գրիգոր Նարեկացին եւ Ներսէս Շնորհալին, իսկ տօնացոյց մտած են երեքը` հինգերորդ դարու Եղիշէն, Մովսէս Քերթողը եւ Դաւիթ Անյաղթը: Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը, որ «թարգմանութիւններու թագուհին» նկատուած է, վիթխարի դեր կատարած է հայերէնը համազգային, եկեղեցական եւ գրական լեզուի վերածելու գործին մէջ`  նպաստելով  Հայաստանի հոգեւոր մշակութային զարթօնքին: Հայալեզու թարգմանական գրականութիւնը    չէզոքացուցած է յունարէնի եւ ասորերէնի գերիշխանութիւնը, տկարացուցած է յոյն եւ ասորի եկեղեցիներուն ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ եկեղեցիներուն թիկունք կանգնած պետութիւններուն ազդեցութիւնը: Հին հայկական թարգմանութիւններուն շնորհիւ պահպանուած են համաշխարհային մշակոյթի եւ գիտութիւններու բազմաթիւ գլուխ – գործոցներ, որոնց բնագիրները կորսուած են: Զարեհ արք. Ազնաւուրեան թարգմանիչ վարդապետները «յաւերժական սուրբեր» որակած է, ինչպէս նաեւ` Աստուծոյ խօսքին ճշմարի՛տ աշակերտները, ճշմարի՛տ ուսուցիչները, ճշմարի՛տ  յեղափոխականները  եւ ճշմարի՛տ նորարարները: Անոնք ունեցած են երեք հիմնական մտահոգութիւններ. առաջին Աւետարանին լոյսը հայ միտքին հասցնել,  երկրորդ` օտար մշակոյթներու հոսանքին մէջ ազգային ինքնութիւնը պահպանել` սեփական գիրի եւ գրականութեան ստեղծումով, երրորդ` մեր ժողովուրդին քաղաքական, լեզուական ու հոգեբանական միութիւնը ապահովել` թօթափելով օտար կրօնական ազդեցութիւնները եւ պայքարելով օտար պետութեանց ճնշումներուն եւ  ձուլումի քաղաքականութեան դէմ:

«Թարգմանչաց տօնը ինքնանկախացումի, ինքնատնօրինումի պայքարի ամբողջական յաղթանակի օրն է: Թարգմանչաց տօնը մեր մեծագոյն տօնն է», ընդգծեց դոկտ. Սալմանեան:

Դասախօսութեան աւարտին եղան հարցումներ եւ մեկնաբանութիւններ: Այս առիթով անդրադառնալով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք հայկական թարգմանչական աշխատանքը կու գար ամբողջացնելո՞ւ հայոց Պապ թագաւորի ազգային եւ յատկապէս կրօնական անկախ եւ ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանման քաղաքականութեան ճիգերը,  Սալմանեան ընդգծեց, որ թարգմանութիւնը ամրագրեց հայկական ոգին` խթան հանդիսանալով հայ ժողովուրդի գոյատեւման`  իր ազգային ինքնուրոյն իւրայատկութիւններով յատկանշուող ժողովուրդ: Ան անհրաժեշտ նկատեց թարգմանչական կեդրոնի մը հաստատումը:

Աւարտին, համախմբումի ատենապետ Յակոբ Հանտեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ դասախօսին` իր ներկայացուցած օգտաշատ նիւթին համար, «ինչ որ առիթ ընծայեց, որ մենք ալ մտածենք թարգմանութեան կարեւորութեան մասին` երկրորդելով թարգմանչական կեդրոնի եւ քարոզչական մեքենայի կարեւորութիւնը հայ իրականութեան մէջ»: Ապա ան կատարեց ընթացիկ կարգ մը յայտարարութիւններ եւ ներկաները հրաւիրեց հիւրասիրութեան:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up