Նախագահը Նիւ Եորքի ՄԷջ Հանդիպում Ունեցած Է Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Տնօրէններու Խորհուրդի Անդամներուն Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ Հոկտեմբեր 10-ի առաւօտեան հանդիպում  ունեցած է Ամերիկայի հայկական համագումարի տնօրէններու խորհուրդի անդամներուն հետ, կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Զրուցակիցները անդրադարձած են համահայկական կարեւորութիւն ունեցող օրակարգային հարցերուն, Ամերիկայի հայկական համագումարի գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն,ուժեղ կերպով  զարգացող հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն ու ատոնց յետագայ ամրապնդման եւ խորացման հնարաւորութիւններուն: Միտքեր  փոխանակած են նաեւ միջազգային արդի խնդիրներու, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի մարտահրաւէրներու, ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացքի ներկայ փուլին ու առկայ խնդիրներուն, Սուրիոյ մէջ շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով յառաջացած փախստականներու հիմնախնդիրին շուրջ: Այդ ծիրէն ներս  ՀՀ Նախագահը եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի տնօրէններու խորհուրդի անդամները քննարկած են Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութիւններէն տուժած Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ համատեղ ջանքերով ցուցաբերուող աջակցութեան վերաբերող հարցեր:

Սերժ Սարգսեան պատասխանած է նաեւ հանդիպման մասնակիցներուն հետաքրքրող հարցերուն, ներկայացուցած Հայաստանի տնտեսական զարգացման ընթացքն ու հեռանկարը, ՀՀ նոր կառավարութենէն ակնկալիքները:

Միացեալ Նահանգներ աշխատանքային այցի ծիրէն ներս նոյն օրը երեկոյեան Նախագահը կը մասնակցի «Հայաստան» ներդրումային համաժողովին:

 

Scroll Up