Տօնական Ձեռնարկներ Ռումանիոյ Քոնսթանցիա Քաղաքին ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/IMG_1949.jpg)
Հոկտեմբեր 8-9 Ռումանիոյ Քոնսթանցա քաղաքին մէջ տեղի ունեցան շարք մը հոգեւոր ու մշակութային ձեռնարկներ` նուիրուած տեղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 118-ամեակին: Կազմակերպիչներն էին Քոնսթանցայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծուխը` գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ, արժ. Տ. Օշական քահանայ Խաչատրեանի եւ Ռումանիոյ Հայոց միութեան Քոնսթանցայի մասնաճիւղի` նախագահութեամբ Լիւիու Մերտինեանի:
Ինչպէս Հայերն այսօրին կը հաղորդեն Ռումանիոյ Հայոց թեմէն` տօնական ձեռնարկներու մեկնարկը տրուեցաւ Հոկտեմբեր 8-ին` շաբաթ օրը, ժամը` 18:30-ին: Մարիա թագուհիի անունը կրող արուեստի դպրոցի մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ երէցկին Արմինէ Խաչատրեանի մենահամերգը` նուագակցութեամբ անուանի դաշնակահարուհի Սիլվիա Ցիկմէանուի: Երեկոյին ընթացքին հնչեցին հայ դասական երաժշտութեան գոհարներ, եղանակներ տարբեր օփերաներէ, ինչպէս նաեւ` համաշխարհային դասական երաժշտութեան յայտնի երգահաններու ստեղծագործութիւններ` Կոմիտաս, Տիգրան Չուխաջեան, Ռոբերտ Պետրոսեան, Գրիգոր Հախինեան, Գեղունի Չթչեան, Մոզարտ, Հենտել, Ռոսինի, Պուչինի, Վերտի եւ այլն:
Երեկոյին ներկայ էին Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեան, բազում հիւրեր եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ ոչ միայն Քոնսթանցայէն, այլ նաեւ Ռումանիոյ շարք մը քաղաքներէ` Պուխարեստ, Փիտեշտ, Թուլչա եւ այլն:
Հոկտեմբեր 9-ին, ժամը 10:30-ին, Քոնսթանցայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տօնական Ս. Պատարագ` ձեռամբ Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեանի, յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ բարեկարգուած ու ընդարձակ պարտէզին մէջ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն: Օրհնուած մատաղը բաժնուեցաւ ներկայ հաւատաւոր բազմութեան
Միեւնոյն օրը, Հոկտեմբեր 9-ին, ժամը 13:30-ին, Իպիս հիւրանոցային համալիրի ,,Փրեստիժ,, սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արժ. Տ. Օշական քահանայ Խաչատրեանի ,,Քարոզներ,, գիրքի շնորհանդէսը: Ներկայ էին գերշ. Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, հիւրեր, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Համառօտ բանախօսութեամբ հանդէս եկան Արշալոյս Սարգսեան Կուրըուն, որ նաեւ գիրքի խմբագիրներէն մէկն է, ինչպէս նաեւ հեղինակը` խոստովանելով, որ իր քարոզները մէկ ընդհանուր գիրքով լոյս ընծայելու մտայղացումը կը պատկանի Թեմակալ Առաջնորդին, որուն յորդորներով ալ սկսած է հաւաքել վերջին տարիներուն Քոնսթանցայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրբազան խորանէն խօսուած քարոզները` ամփոփելով ատոնք մէկ գիրքի մէջ: Գիրքը երկլեզու է` հայերէն եւ ռումաներէն, նախատեսուած ինչպէս հայախօս, այնպէս ալ ռումանախօս ընթերցողներու համար: Քարոզգիրքի նպատակն է Աստուծոյ խօսքն ու Աւետարանական ճշմարտութիւնները առաւել հասանելի ու մատչելի դարձնել հասարակութեան լայն շրջանակներուն համար` նպաստելով քրիստոնէական կեանքին մէջ մարդկային յետագայ յառաջընթացին ու հաւատքի զօրացման: Գիրքը լոյս ընծայուած է օրհնութեամբ Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեանի եւ աջակցութեամբ ու հովանաւորութեամբ Ռումանիոյ Հայոց միութեան` ,,Արարատ,, հրատարակչութեան մէջ:
Շնորհանդէսէն ետք տօնական սեղանի շուրջ բոլոր ներկաներն ու հրաւիրեալները առիթ ունեցան ծանօթանալու իրար հետ եւ կիսուելու իրենց տպաւորութիւններով: Օրն աւարտեց Թեմակալ Առաջնորդի` գերշ. Տ.Տաթեւ եպս. Յակոբեանի օրհնութեան ու բարեմաղթանքի խօսքով: