Քուէյթի Ազգային Վարժարանի Պաշտօնական Բացում
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/Քուվեյթ4.jpg)
Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբեր, 2016-ին, Քուէյթի Ազգային Վարժարանի շրջափակէն ներս, տօնական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, ներկայութեամբ՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանի, Քուէյթի մօտ ՀՀ դեսպան Տիար Մանուէլ Բադէյեանի եւ ազնուափայլ տիկնոջ, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու, Ազգային Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան, ուսուցիներուն եւ աշակերտութեան:
Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը նոյն օր վարժարանս նշեց նաեւ Սրբոց Թարգմանչաց եւ ուսուցչաց տօները:
Հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ Քուէյթի եւ ՀՀ քայլերգներով, որոնք հնչեցին վարժարանի աշակերտութեան քաղցր շրթունքներէն: Այնուհետեւ վարժարանի 12-րդ կարգի աշակերտուհի Նաթալին Թաշճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ.- «Հայ դպրոցը՝ Ազգային Վարժարանը, մեզի համար միտքի եւ հոգիի դարբնոց է: Կը հարստացնէ մեզ գիտելիքներով եւ կ’օգնէ ըլլալ աւելի լաւ մարդ ու ապրիլ ճիշդ կեանքով: Այսօր, մենք կը նշենք նաեւ ուսուցչաց տօնը, գեղեցիկ առիթ մը, որուն ընթացքին մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք կրթութեան եւ գիտութեան մշակներուն, անոնց, որոնք իրենց համակ ժամանակն ու կարողութիւնները կը ծայառեցնեն մեզ դաստիարակելու սրբազան գործին: Այսօր, սիրելի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, ձեր ձեռքերը սեղմելով անկեղծօրէն կ’ըսենք ձեզի՝ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ»:
Յաջորդիւ վարժարանի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուեցաւ գեղեցիկ ու ճոխ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Ազգային Վարժարանի տնօրէն՝ տօքթ. Ներսէս Սարգիսեան խօսք առնելով, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա շեշտեց, որ հայ դպրոցը հոգեմտաւոր կրթութեան ու հայեցի դաստիարակութեան կեդրոն է, ուր կը պատրաստուին այնպիսի երիտասարդներ, որոնք հետագային պիտի ծառայեն իրենց ընկերութեան ու Հայրենիքին:
Պրն. Տնօրէնը հրաւիրեց ՀՀ դեսպանը փոխանցելու իր սրտի խօսքը:
Մեծարգոյ դեսպանը իր կարգին ջերմօրէն ողջունեց բոլորին եւ շնորհաւորական իր խօսքը փոխանցեց վերամուտի առթիւ ու կարեւորեց հայ մանկավարժի դեր հայ իրականութեան մէջ:
Աւարտին հայրական խօսքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ Զօպույեան: Ան իր կարգի շնորհաւորեց տնօրէնութիւնն ու ուսուցչաց կազմը վերամուտի առթիւ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես հայկական վարժարանին մէջ հասակ առնող սերունդին, յաջողութիւն մաղթեց բոլոր աշակերտներուն եւ յանձնարարեց շարունակել հաւատալ հայ դպրոցի առաքելութեան, որովհետեւ հայ դպրոցներուն բարգաւաճումով է, որ ազգային կեանքը պիտի շէննայ ու յառաջդիմէ: