Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի 35-ամեակին Առիթով Փառաշուք Հանդիսութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/boston.jpg)
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1-ին, Ուաթըրթաունի Հայ Կեդրոնին մէջ, փառաշուք հանդիսութեամբ մը, նշուեցաւ Պոսթընի Անկախ Ձայնասփիւռի 35-ամեակը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Գերշ. Տէր Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Գերապատիւ Հայր Անտոն Ծայրագոյն վրդ. Ադամեան, Արժ. Տէր Անդրանիկ Աւագ քհնյ. Պալճեան, Վերապատուելի դոկտ. Աւետիս Պոյներեան եւ աւելի քան երկու հարիւր հայորդիներ։
Օրուան բացման խօսքը կատարեց 35-ամեակի յանձնախումբի անդամ՝ եւ Ձայնասփիւռի ատենապետ Կարպիս Զէրտէլեան, որ յայտնեց թէ նմանօրինակ հաւաքներ, կը փաստեն թէ, գաղութը կառչած կը մնայ իր արմատներուն, մշակոյթին եւ արուեստին:
Ապա, Զէրտէլեան բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար՝ Խաժակ Մկրտիչեանը, որ շեշտեց այս ձայնասփիւռի կայանին կարեւորութիւնը, յատկապէս ներկայ օրերուն, ուր կարեւոր եւ առաջնահերթ դերակատարութիւն ունին տեղեկատուական բոլոր միջոցները, որոնց կարգին նաեւ ձայնասփիւռը:
Մկրտիչեան անդրադարձաւ Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի կայանի հիմնադիր Ժիրայր Ղարիպեանի մասին, որուն ժրաջան աշխատանքի արդիւնք կարելի եղած էր հիմնել այս հաստատութիւնը, եւ իր մահէն աւելի քան քսան տարիներ ետք, նոյնքան հետեւողականութեամբ, իր կողակից՝ Եւգինէ Ղարիպեանը, որ կը շարունակէ գործը, ամենայն բծախնդրութեամբ:
Օրուան բանախօսն էր, յատուկ այս ձեռնարկին առթիւ, Նիւ Եորքէն հրաւիրուած դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, որ յայտնեց թէ.-
Կազմակերպութիւններու կազմաւորումները քանի մը հանգրուաններէ կ՛անցնին:
Առաջին Հանգրուան- Կազմակերպութիւններ կը ծնին ՏԵՍԼԱԿԱՆէ մը: Տեսլականը ,բանե մըն է, մարմին չէ, ձեւ չունի, չկա՛յ, չէ՛ եղած: Տեսլականը՝ ,ի՞նչ էե հարցադրումն է: Փիլիսոփայութիւն է: Անո՛վ կ՛առաջնորդուինք:
Տեսլականը երեւակայական թռիչք է, գաղափար է: Անմարմին բան մը: Ձգտում մըն է դէպի նոր ու չայցելուած մշուշոտած աշխարհներ: Հոն, ուր սաղմը նոր պիտի կազմուի: Պիտի կազմուի՝ ծնելու համար նո՛ր աշխարհներ, նո՛ր ձեւերով եւ նո՛ր ձգտումներով եւ նո՛ր ուղղութիւններով:
Տեսլականը սակայն եթէ չհիմնաւորուի, կը խամրի, կը չորնայ եւ ի վերջոյ կը մահանայ անպտուղ:
Կազմաւորման ճանապարհին կու գայ՝
Երկրորդ Հանգրուանը- ԾՐԱԳՐՈ՛ՒՄն է: Ծրագրումը (planning) ընթացքը բնորոշող ուղիին է, խորքին մէջ՝ ,ինչ ընելե հարցադրումին պատասխանը:
Երրորդ Հանգրուանը- ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆն է: ,ինչպէս ընելե:
Մարգարեան յատուկ գնահատանքի եւ երախտագիտութեան խօսք փոխանցեց, նշելով թէ այս ձայնասփիւռի կայանը, հայ ունկնդիրը հաղորդ կը դարձնէ ազգային եւ մշակութային արժէքներուն:
Կարդացուեցաւ նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան շնորհաւորական նամակը, որուն մէջ կը նշուէր.- ՛՛Ձեր գործունէութիւնն արժանի է բարձր գնահատանքի: Արդէն 35 տարի է, ինչ հեռաւոր Պոսթընում հեռարձակուող այս կայանը յաջողութեամբ շարունակում է իր ամէնօրեայ երթը եւ հայեցի մտածողութեամբ, հայ ինքնութեանը նուիրաբերելու առաքելութեամբ, հայապահպան գործունէութեամբ դարձել է մի իւրայատուկ փարոս, որն իր մէջ կրում է Մայր Հայրենիք, Հայ, Հայաստան, Հայութիւն գաղափարները:…35-ամեայ յոբելիանին առթիւ, մաղթում ենք մշտական անխափան եթեր, նոր նուաճումներ եւ հայանպաստ բեղուն գործունէութեան երկար տարիներ՛՛:
Բնականաբար, ճոխ էր գեղարուեստական յայտագիրը, ուր ելոյթ ունեցան ասմունքողներ՝ Մէրի Գալստեան եւ Սիլվա Զոպեան-Սարգիսեան:
Նաեւ փունջ մը երգերով բեմ բարձրացան մեներգուհի Ժանէթ Խալարեան եւ ,Ուրարտուե երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Արթուր Վերանեանի:
Դաշնակի վրայ ելոյթ ունեցաւ Մարինէ Մարգարեան-Գաւլաքեան։
Տոհմիկ պարերով ելոյթ ունեցաւ Պոսթընի Համազգայինի ՛՛Էրեբունի՛՛ պարախումբը, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Արման Մնացականեանի:
Ներկաներուն խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթին, երբ հանդիսավար Մկրտիչեան բեմ հրաւիրեց օրուան երգիչ Գէորգ Հաճեանը, որ այս առթիւ յատուկ ժամանած էր Նիւ Եորքէն: Ընկերակցութեամբ դաշնակահար Մարինէ Գաւլաքեանի, ան իր ազգային եւ տոհմիկ երգերով աւարտեց այս տպաւորիչ երեկոն:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերշ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, որ իր կարգին շեշտեց թէ այս կայանը իր բազմամեայ գործունէութեան ընթացքին, դարձած է Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի ամենէն աւելի փնտռուած կայաններէն մէկը:
Երեկոն աւարտեցաւ մոմավառութամբ եւ հիւրասիրութեամբ: Պատասխանատու Եւգինէ Ղարիպեան որ իր խոր շնորհակալութիւնը յայտնած էր, բոլոր անոնց որոնք սատար հանդիսացած էին այս ձեռնարկի կազմակերպման, ապա հրաւիրեց ներկաները, համտեսելու այս 35-ամեակին առթիւ պատրաստուած յատուկ կարկանդակը:
Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթի թղթակից