ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/GetThumbnail.jpg)
Հոկտեմբեր 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Հոկտեմբեր 6-ին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է կառավարութիւն եւ նոր ձեւաւորուած կառավարութեան առաջին նիստէն առաջ հանդիպում ունեցած վարչապետին եւ նորանշանակ նախարարներուն հետ: Հանրապետութեան Նախագահը նախ շնորհաւորած է զանոնք պետական բարձր պաշտօններուն նշանակուելու առթիւ, մաղթած արգասաբեր աշխատանք, ապա անդրադարձած այն խնդիրներուն, որոնք դրուած են նոր կառավարութեան առջեւ: Նախարարը ներկայացուց երկրի նախագահի սպասելիքները նոր կառավարութենէն, ցուցումներն ու յանձնարարականնները եւ ակնկալիքները, որ այսուհետ առաւել ներդաշնակօրէն պիտի գործեն երկրի բոլոր պետական օղակները, պիտի աջակցին, ոգեւորեն, սատարեն կառավարութեան եւ պիտի ընթանան նոյն ուղղութեամբ:
Բարեփոխումներու ծիրէն ներս քննարկուեցան գերատեսչութեան աշխատանքներու
կատարելագործման, արդիւնաւէտութեան, պատասխանատուութեան բարձրացման, Սփիւռքի հետ առաւել միասնական, նպատակասլաց գործելուն առնչուող հարցեր:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն յանձնարարուեցաւ առաւել հետեւողականօրէն իրականացնել իրենց վերապահուած գործառոյթները: Տրուեցան այլ յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ: