Երեւանի Օրուան Առթիւ Բնակարան Կը Ստանան Նաեւ Դաշնակահարուհի Սուետլանա Նաւասարդեան, Գուսան Հայկազուն, Ազատամարտիկ Վիրաս Սարգսեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/Avagani-620x300.jpg)
Երեւանի աւագանիի Հոկտեմբեր 5-ին գումարած արտահերթ նիստին, որ վարած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, նիստին մասնակիցները նախ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են իրենց գործընկերոջ` Երեւանի աւագանիի «Հանրապետական կուսակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Աշոտ Պապայեանի յիշատակը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի մամլոյ ծառայութենէն:
Անցնելով օրակարգի հարցերուն` Երեւանի աւագանին հաստատած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի առաջարկը` Երեւան քաղաքի 2798-րդ տարեդարձին առթիւ, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով բնակարանային պայմաններու բարելաւման խիստ անհրաժեշտութիւնը` Երեւան համայնքի սեփականութիւն համարուող բնակարանը նուիրել 1991թ. Ապրիլին Շահումեանի շրջանի Գետաշէն գիւղին մէջ հերոսաբար զոհուած ազատամարտիկ Արթուր Կարապետեանի ընտանիքին:
Աւագանիի մէկ այլ որոշմամբ հաստատուած է ՀՀ եւ ԼՂՀ սահմաններու ինքնապաշտպանական, ազատագրման մարտերուն եւ ՀՀ սահմաններու պաշտպանութեան, «Սասունցի Դաւիթ» աշխարհազօրային ջոկատի անդամ, վիրաւոր ազատամարտիկ Վիրաբ Սարգսեանի բազմանդամ ընտանիքին անհատոյց օգտագործման իրաւունքով բնակարանի տրամադրման որոշման նախագիծը:
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի առաջարկով, Երեւան քաղաքի 2798-րդ տարեդարձին առթիւ, ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, պետական մրցանակի եւ միջազգային չորս մրցոյթի դափնեկիր, «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» եւ «Պատուոյ» շքանշանակիր, «Սուրբ Սահակ, Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանի ասպետ, Երեւանի երաժշտանոցի փրոֆէսոր Սուետլանա Նաւասարդեանին, Երեւանի աւագանիի որոշումով նոյնպէս կը տրամադրուի Երեւան համայնքի սեփականութիւն համարուող բնակարան:
Հաշուի առնելով Արցախեան ազատամարտին ունեցած ներդրումը, հայ ազգագրական ու հայրենասիրական երգերու ստեղծման եւ տարածման գործին մէջ ունեցած զգալի աւանդը, ինչպէս նաեւ բնակարանային պայմաններու խիստ կարիքաւորութիւնը` Երեւանի աւագանիի որոշումով բնակարան կը տրամադրուի նաեւ ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գուսան Հայկազունին:
Աւագանին հաստատած է նաեւ ութ անչափահաս երեխաներ ունեցող Արթուր Սաֆարեանի եւ Լուսինէ Բակունցի ընտանիքին անհատոյց օգտագործման իրաւունքով բնակարանի տրամադրման որոշման նախագիծը:
Երեւանի աւագանիի այլ որոշումներով անհատոյց օգտագործման իրաւունքով բնակարաններ կը տրամադրուին նաեւ բնակարանային պայմաններու բարելաւման կարիք ունեցող եւս 4 ընտանիքի: