Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան Քսանամեակը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2016 տարուան «Ծառայութեան Տարի» իր հռչակագիրին մէջ կ՛ըսէ. «Հոն, ուր եկեղեցին հեռու մնացած է ծառայութենէն, ան փաստօրէն հաւատարիմ չէ մնացած իր կոչումին: Հոն, ուր եկեղեցին ծառայութիւնը դարձուցած է իր կեանքին առանցքը ու նպատակը, ան դարձած է հզօր ու կենսունակ: Հոն, ուր եկեղեցին իր հեղինակութիւնը տեսած է այլ տեղ եւ ոչ թէ ծառայութեան մէջ, ժողովուրդը հեռացած է եկեղեցիէն: Հոն, ուր եկեղեցին ինքզինք նոյնացուցած է ժողովուրդի ցաւին ու տառապանքին հետ՝ դառնալով ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեանքէն ներս, ժողովուրդը ամրօրէն կառչած է եկեղեցւոյ»:

Արդարեւ, այս նոյն սկզբունքով, վեհափառը իր գահակալութեան անցած 20 տարիները նուիրագործեց մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան: Հայոց հայրապետին նուիրական այս ոգիին ու անխոնջ ծառայութեան 20ամեակը նշուեցաւ մեծ շուքով, Կլենտէյլի Երկրորդական վարժարանի սրահէն ներս, Հոկտեմբեր 1ի երեկոյեան։

Բացման խօսքէն եւ գեղարուեստական յայտագիրէն ետք ցուցադրուեցաւ վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20ամեակին նուիրուած տեսերիզը՝ պատրաստուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան լսատեսողական բաժանմունքին կողմէ։ Ապա, կաթողիկոսութեան երիցագոյն անդամներէն՝ Եփրեմ արք. Թապագեան նեկայացուց վեհափառ հայրապետին 20ամեայ գործունէութիւնը:

«Ազգային թէ միջազգային գործադաշտերու մէջ այնքա՛ն ծաւալուն է ու բազմաճիւղ ձեր ծառայութիւնը, այնքա՛ն տիրապետող է ձեր ներկայութիւնը եւ այնքա՛ն ճառագայթող՝ համբաւը, որ իսկապէս այս պահուն կը դժուարանամ, այսպէս, յաւուր պատշաճի խօսքի մը մէջ խտացնել եւ արժանաւորապէս ներկայացնել Ս. օծութեանդ յոգնութիւն չճանչցող գործունէութեան տարողութիւնն ու կշիռը», յայտնեց Եփրեմ սրբազան եւ ամփոփեց Արամ Ա. կաթողիկոսի ծառայական գործունէութիւնը հետեւեալ կէտերուն մէջ.

ա. Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծաղկում, բ. Շինարար Կաթողիկոս, գ. Միջազգային յարաբերութիւններ, դ. Հայ Դատ, ե. Հայաստան եւ զ. Հայ ժողովուրդ:

Սրբազանը իր վկայութիւնը եզրափակեց՝ ըսելով. «Ձեր ներկայութիւնը այս օրերուն Արեւմտեան թեմէն ներս, անհուն ուրախութիւն կը պատճառէ բոլորիս: Ձեր յաղթանակի ուրախութիւնն է այս, զոր բոլորս սա պահուն մե՛րը կը նկատենք: Ձեր 20 տարիներու լո՛յս վաստակը այսօր կը լուսաւորէ մեր կեանքը: Ապահով կը զգանք ձեզմով ու նաեւ՝ հպարտ: Ձեզի կը մաղթենք քաջառողջ եւ երկար կեանք, որպէսզի նոր ամեակներու հեռապատկերով շարունակէք ձեր ծառայութիւնը՝ Աստուծոյ եւ մեր պատուական ժողովուրդի փառքին ու յաւիտենականութեան համար»:

Վեհափառի գործունէութիւնը անգլերէն լեզուով ներկայացուց Դաւիթ Մելքոնեան, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վրայ կարճ պատմական ակնարկ մը նետելէ ետք՝ շեշտեց. «Այսօր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը՝ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ղեկավարութեամբ, վերակազմակերպուած է դիմագրաւելու 21րդ դարու մարտահրաւէրները՝ միաժամանակ կառչած մնալով մեր եկեղեցական դարաւոր աւանդութիւններուն: Նորին սրբութիւնը հաստատակամ է, որ եկեղեցին պէտք է քայլ պահէ ժամանակին հետ, դիմագրաւելու համար այժմու պահանջները եւ սպասարկելու իր հօտին: Ան նախանձախնդիր է յարգելու եւ պահպանելու աւանդութիւնները, առանց արգելափակուելու անոնցմով՝ աւանդապահ եւ ո՛չ աւանդամոլ»:

Վեհափառին ապագայատեսիլ եւ իրապաշտ ըմբռնումներուն կողքին, դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ անոր բերած նպաստին՝ Հայ Դատին, միջեկեղեցական շարժումին, հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին:

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան խօսք առնելով՝ շնորհաւորեց վեհափառին գահակալութեան 20ամեակը եւ նշեց. «Ձերդ Ս. օծութիւնը ճանչցած ենք իբրեւ տեսիլք ունեցող, ժրաջան, գործունեայ, նուիրումն ու նուիրաբերումը գնահատող եւ աւելի պայծառ ապագայի մը կերտման ձգտող ղեկավար մը, որ իր գլխագիր գործովն իսկ կը յորդորէ բոլորս՝ հետեւիլ ձերդ սրբութեան օրինակին ու քայլերուն, մանաւանդ հոգածու ըլլալու մեր ժողովուրդին ու անոր երիտասարդ սերունդներուն, որոնք այսօր ու վաղը յանձն պիտի առնեն մեր երթին դրօշները»:

Ապա, ան հակիրճ կերպով ներկայացուց թեմէն ներս ծառայած չորս մտաւորականները՝ Վազգէն Մատէնլեանը, դոկտ. Վիգէն Եագուպեանը, Ժան Գոսագեանը եւ Սարգիս Մահսէրէճեանը, ու հրաւիրեց կաթողիկոսը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրէ զիրենք ու փոխանցէ իր հայրապետական պատգամը:

Վեհափառը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց այս ձեռնարկի կազմակերպութեան եւ արտասանուած խօսքերուն համար՝ յիշեցնելով, որ 20ամեակը, իր անձէն անդին, կ՛երթայ այն եկեղեցական ու ազգային վեհ արժէքներուն, որոնց ծառայութեան լծուած է ինք:

«Եկեղեցականը միջոց է եւ ո՛չ նպատակ: Եկեղեցականը արժէք կը դառնայ իր անձնազոհութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ ծառայութեամբ: Եկեղեցականի մը տարած գործունէութեամբ մեր ազգն ու եկեղեցին կը փառաւորուին, այլ ո՛չ թէ մեր անձը: Մենք կը մերժե՛նք անձի պաշտամունքը. անձը չի՛ կրնար արժէքներէն վեր ըլլալ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ այս շունչով ու ոգիով կը կազմաւորուին մեր նոր սերունդի զաւակները՝ եկեղեցին ու ազգը դարձնելով մեր ծառայութեան ա-ռանցքը», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Խօսելով կաթողիկոսութեան դերակատարութեան մասին՝ ան յիշեցուց. «Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Անթիլիասը կատարեց մեր ժողովուրդի պատմութեան հրաշքներէն մին: æարդուած ու կոտորակուած մեր ժողովուրդի կեանքը վերակազմակերպեց ու անոր յարութեան եւ վերածաղկումի յոյս ներշնչեց: Մենք այսօր Սփիւռքի մեր գաղութներէն ներս կը շարունակենք մեր եկեղեցանուէր ու ազգանուէր գործունէութիւնը՝ եկեղեցւոյ առաւել պայծառացման, հայրենիքի առաւել հզօրացման եւ մեր ժողովուրդի արդար Դատի առաւել ամրապնդման ի խնդիր»:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց առաջնորդ սրբազանը, եկեղեցական դասը, Ազգային վարչութիւնն ու բոլոր անոնք, որոնք զանազան միութիւններու միջոցաւ թեմէն ներս իրենց ծառայութիւնը կը բերեն մեր եկեղեցիին ու ազգին: Խօսքի աւարտին, վեհափառը յայտնեց. «Ամեակները պէտք է առիթ ըլլան նայելու մեր անցեալին, դասեր քաղելու մեր անցեալի սխալներէն եւ կերտելու մեր պայծառ ապագան։ 20ամեակի այս առիթով կը վերանորոգեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտս՝ առաւել նուիրուածութեամբ ու վերանորոգ հաւատքով շարունակելու մեր եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութիւնն ու ազգային ծառայութիւնը»:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Հայրապետական օրհնութեամբ, «Ի Վեհ Բարձանց» մաղթերգի եւ «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up