ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Փարիզի «Հրանդ Տինք» Վարժարանի Ուսմասվար, Ֆրանսահայ Կարապետ Դաքէսեանը

Հոկտեմբեր 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Փարիզի «Հրանդ Տինք» վարժարանի ուսմասվար, ֆրանսահայ Կարապետ Դաքէսեանը:

Հանդիպման ընթացքին նախարարը կարեւոր համարեց Ֆրանսայի հայ համայնքի դերն ու աշխուժութիւնը ինչպէս Ֆրանսայի հասարակական, քաղաքական, մշակութային կեանքէն ներս, այնպէս ալ հայրենիքի հետ կապերու ծիրէն ներս: Քննարկուեցան նաեւ արեւմտահայերէնին եւ Ֆրանսայի հայ համայնքին առնչուող այլ հարցեր:

Հանդիպման աւարտին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Սփիւռքի նախարարութեան 5-ամեակին առիթով Կարապետ Դաքէսեանը պարգեւատրեց «Մայրենիի դեսպան» մետալով:

Scroll Up