«Գութան» Ազգագրական Երգի-պարի Փառատօնը Առաջին Անգամ Արցախի Մէջ է. Մրօ

Այսօր Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, ժամը 19:00-ին տեղի պիտի ունենայ «Գութան» ազգագրական երգի-պարի փառատօնը:
Քիչ առաջ «Գութան» ազգագրական երգի-պարի փառատօնին մասնակից համոյթներու մասնակիցները երգ ու պարով շրջած են Ստեփանակերտի փողոցներով:
«Արցախպրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին «Գութան» ազգագրական երգի-պարի փառատօնի պատասխանատու, ժողովրդական երգիչ Արսէն Գրիգորեանը (Մրօ) նշած է, որ այս կերպով նախատօնական տրամադրութիւն կը ստեղծեն Ստեփանակերտի մէջ. մէկ կողմէ իրազեկելու ժողովուրդին, միւս կողմէ ալ տօնական շունչ հաղորդելու:
«Առաջին անգամ «Գութան» ազգագրական երգի-պարի փառատօնը Արցախ կը գտնուի: Այս կերպով մենք մեր սէրը բերած ենք Արցախին ու արցախցիներուն, եւ այսօր ամբողջական Հայաստանը պիտի ներկայացնենք մեր ազգագրական երգերով, պարերով ու տարազներով: Մենք պէտք է պահենք մեր ազգային տեսակը, ոգին. ամբողջ աշխարհին պէտք է ցոյց տանք, որ Արցախը ամուր է ու յարատեւ»,-նշած է Ա. Գրիգորեան:
Փառատօնային համերգին իրենց մասնակցութիւնը պիտի ունենան` «Մարաթուկ», «Ակունք», «Կարին», «Սասնայ Ծռեր», «Վերադարձ», «Մենք ենք մեր սարերը», «Մշոյ հաւքեր», «Վան», «Տարօնցիներ», «Ծովակ», «Ոստան», «Գորանի», «Մասունք», «Տաւրոս» երգի-պարի համոյթները:
Ա. Գրիգորեան ընդգծած է, որ փառատօնի հիմնական նպատակը հայկական աւանդական երգ ու պարի պահպանումն ու տարածումն է, եւ մեր ժառանգութիւնը երիտասարդ սերունդին աւելի ճանաչելի դարձնելը:
Ա. Գրիգորեանի խօսքով` Արցախի մէջ փառատօնի իրականացման աջակցած է «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամը: