Լեռնագնաց Թելմա Ալթուն Պիտի Մեծարուի

Հայ լեռնագնացներու միութիւնը (Armenian Hikers Association) եւ Հայ լեռնագնացութեան ընկերակցութիւնը (Armenian Hiking Society) Կիրակի, Հոկտեմբեր 9ին, «Խաչատուր Աբովեանի լեռներու օր»ուան ընթացքին կայանալիք միացեալ լեռնագնացութեամբ եւ ձեռնարկով մը պիտի մեծարեն լեռնագնաց Թելմա Ղազարեան-Ալթունը։

Թելմա փոքր տարիքէն մարզիկ եղած է, իսկ Կլենտէյլի Հանրային երկրորդական վարժարան ու Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան յաճախելու տարիներուն, եղած է անոնց մարզական խումբերուն անդամ եւ մասնակցած է առաջին դասակարգի մրցումներու։

Եօթը տարի առաջ, ան սկսած է «ծայրայեղ մարզանք» պիտակին տակ մրցումներու եւ արշաւներու մասնակցելու՝ պատուաւոր դիրքեր գրաւելով, միաժամանակ հանդիսանալով միակ հայ գերմարաթոնի մարզիկը։

Անոր վերջին մրցումը եղած է Քոտիաքի 100 մղոննոց մրցումը՝ Քալիֆորնիոյ Պիկ Պեր շրջանին մէջ, զոր ամբողջացուցած է 34 ժամ եւ 58 վայրկեանէն, գրաւելով 10րդ դիրքը։

«Պարզապէս երեւակայեցէք. այս կը նշանակէ, որ Թելմա մէկ ու կէս օր շարունակաբար վազած է բաւական բարձր վայրերու մէջէն», հիացումով կը յայտնէ Հայ լեռնագնացներու միութենէն՝ կազմակերպող Կարէն Եղբայրեան։

Ալթուն նաեւ մասնակցած է 170 մղոննոց «Կրենտ թու Կրենտ Ալթրա» մրցումին եւ 50-100 մղոննոց շարք մը այլ մրցումներու, Քալիֆորնիոյ եւ Եութայի մէջ։

Թելմա Ղազարեան-Ալթուն պիտի հանդիսանայ նշեալ կազմակերպութեան կողմէ մեծարուող երրորդ լեռնագնացը։ Նախապէս մեծարուած են նաեւ Էմիլ Մարգարեանն (2014) ու Գեղամ Մինասեանը (2015)։

Հոկտեմբեր 9ին կայանալիք լեռնագնացութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8։15ին, Թոփանկայի Նահանգային զբօսայգիէն, որուն հասցէն է 20828 Entrada Rd., Topanga, CA 90290։

Մասնակցութեան սակը 10 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել robassar@yahoo.comհասցէին, իսկ ձեռնարկին օրը՝ (818) 434-5952 թիւին։

Հայ լեռնագնացներու միութեան մասին տեղեկութեանց համար, այցելել

www.armenianhikersassociation.com կայքը կամwww.facebook.com/home.php#!/groups/521538567895715 կայքէջը:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up