51րդ Վերամուտ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ Վարժարանի

Քալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանը Սեպտեմբեր 17ին պաշտօնական բացումը կատարեց իր 51րդ տարեշրջանին: Այդ օրը կրկնակի տօն էր աշակերտութեան համար. անոնք նաեւ նշեցին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25ամեակը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ դպրոցներու ուսումնական խորհուրդի ատենապետուհի դոկտ. Էլի Անդրէասեան, ծնողներ եւ նախկին աշակերտներ:

Օրը սկսաւ տնօրէն Նորայր Տատուրեանի ողջոյնի խօսքով: Ան նախ բարի վերադարձ եւ յաջող ուսումնական տարի մաղթեց բոլոր աշակերտներուն, ներկայացուց ուսուցչուհիներ Մարալ Դաւիթեանը, Ազնիւ Սէրայտարեանը եւ Անի Մարսէլեանը, ապա անդրադարձաւ գաղութէն ներս շաբաթօրեայ դպրոցներու յատուկ առաքելութեան. երբ բազմաթիւ հայորդիներ զրկուած են հայկական ամէնօրեայ վարժարանէն, շաբաթօրեայ վարժարանն է անոնց հայեցի դաստիարակութեան յոյսը:

Վարժարանի 45 աշակերտները միաբերան երգեցին Հայաստանի քայլերգը եւ աղօթեցին Տէրունական աղօթքը: Իսկ դասարաններու մէջ եւ սահիկներու ցուցադրութեան միջոցով, անոնք ծանօթացան հայկական պետականութեան խորհրդանշաններուն, ինչպէս՝ զինանշանին, եռագոյնին, խորհրդարանի շէնքին, երեք նախագահներուն, բանակին, թղ-թադրամներուն, եւ այլն:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը 3-13 տարեկան հայորդիներուն կը մատուցէ հայեցի դաստիարակութիւն: Վարժարանի առաքելութիւններէն մէկն է նաեւ իր շրջանաւարտները քաջալերել հայկական ամէնօրեայ երկրորդական վարժարան յաճախել: Այդ երիտասարդ-երիտասարդուհիները նոր նպատակով, որպէս կամաւոր օժանդակ ուսուցիչներ, կը շարունակեն ամէն Շաբաթ օր վարժարան երթալ: Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցման առընթեր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը հայ ինքնութեան համար կը կարեւորէ նաեւ փոխանցումը հայկական դարաւոր մշակոյթին՝ պատմութեան, կրօնքի եւ բեմական արուեստներու միջոցով, ինչպէս՝ հայկական պարը, երգը, ասմունքը եւ թատրոնը:

Բարի երթ աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին:

(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)

Scroll Up