ՀՀ Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս Ճափոնի Ազգային Ազգաբանութեան Թանգարանին ՄԷջ

Սեպտեմբեր 29-ին Ճափոնի Օսաքա քաղաքի Ազգային ազգաբանութեան թանգարանին մէջ բացուեցաւ «Խաչքարերու պատմութիւնը – Հայկական Խաչը եւ Քարը» խորագիրը կրող ցուցահանդէս, որ նուիրուած է ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Ցուցահանդէսի համադրման աշխատանքները իրականացուած են Երեւանի պատմութեան թանգարանի փոխտնօրէն, թանգարանագէտ Գէորգ Օրբէլեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ:
Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած են փայտէ եւ քարէ խաչքարեր, հայկական զարդանախշ ափսէներ` Ազգաբանութեան թանգարանի հաւաքածուէն, ինչպէս նաեւ յատուկ բերուած Հայաստանէն: Ներկայացուած է նաեւ մեծ միւռոնաման` Հալէպի հայկական եկեղեցւոյ: Ցուցահանդէսին մաս կը կազմեն Նորադուզի խաչքարերու չորս կրկնօրինակներ, որոնք ստեղծուած են փրոֆէսոր Գունիթօ Նակաոկայի կողմէ:
Ներկայացուած ցուցանմուշները իւրօրինակ ձեւով կը պատմեն հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի քրիստոնէական պատմութեան, հայկական համայնքներու մէջ խաչքարի արուեստի ձեւաւորման, զարգացման ու տարածման մասին:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպան Հրանդ Պօղոսեան, Ազգային Ազգաբանութեան թանգարանի տնօրէն Գենիչի Սուտոն, սոյն թանգարանի փրոֆէսոր Միչուհիրօ Շինմէն, Գիոթօ Սէյքա Համալսարանի պատուաւոր փրոֆէսոր Գունիթօ Նակաոքան եւ թանգարանագէտ Գէորգ Օրբէլեան:
Ցուցահանդէսը կը գործէ մինչեւ Հոկտեմբեր 11: