Փրոֆ. Ռեմոն Գէորգեանին շնորհուած է Պատուոյ լեգէոնի շքանշան

Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը Պատուոյ լեգէոնի շքանշանի արժանի դատած է պատմաբան փրոֆ. Ռեմոն-Յարութիւն Գէորգեանը՝ Հայոց պատմութեան նուիրուած իր «օրինակելի եւ ամբողջական» վաստակին համար:
Սեպտեմբեր 27-ին, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի «Ալեք Մանուկեան մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է յանձնումի արարողութիւնը: Շքանշանը մեծարեալին յանձնած է Թեմական պատգամաւորական ժողովի նախագահ Արա Տէյիրմէնճեան: Այս մասին ըստ «Հայերն այսօր»-ի՝ կը յայտնէ «Նոր Յառաջ»-ը:
Հանդիսութեան ներկայ եղած են բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, մեծարեալին բարեկամները, ընտանիքը:
Նշենք, որ Պատուոյ լեգէոնը ֆրանսական ազգային տիտղոսներուն ամենէն բարձրն է