«Միսիս Եւրոպա» Գեղեցկութեան Մրցոյթին Աննա Տէմիրխանեան Կը Ներկայացնէ Կովկասը

Գեղեցկուհի մոտել Աննա Տէմիրխանեան շուտով պիտի  մեկնի Սոչի, ուր Հոկտեմբերի սկիզբը պիտի կայանայ «Միսիս Եւրոպա 2016» գեղեցկութեան մրցոյթը: Հայ գեղեցկուհին մրցութին Կովկասը պիտի ներկայացնէ: Երգչուհիին խօսքերով իր ընտրութիւնը շատ արագ եղած է, անակնկալ:

Ըստ blog.168.am-ի` մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ յաղթող գեղեցկուհիի երկրին մէջ:

Մրցոյթին պիտի մասնակցին 30-35 գեղեցկուհիներ: Շատ ուժեղ մրցակցութիւն կը սպասուի, քանի որ աղջիկներուն մեծամասնութիւնը սլաւոնական ծագում ունին:

«Մրցոյթին պիտի ներկայանամ  տարբեր զգեստներով` ազգային մարզական եւ երեկոյեան»,- ըսած է Աննան:

Scroll Up