Գրգեաշարեան Գայիքեան ֆոնտը կրթաթոշակ կը յատկացնէ

Աւստրալական մամուլէն տեղեկացանք հետեւեալ հաղորդագրութեան մասին որ մամուլին տրուած է   University of Sydney Faculty of Arts and Social Sciences Research Office ի կողմէ:

Կը շնորհաւորենք Գրգեաշարեան Գայիքեան Ֆօնտի առաջին հետազօտող նպաստընկալները՝ Փրոֆ. Իըն Կարտնըր եւ Դոկտ. Ճան Շօ, երկուքն ալ University of Sydneyի դասախօսներ:

Գրգեաշարեան Գայիքեան Ֆօնտը ստեղծուեցաւ 2014ի աւարտին Տէր եւ Տիկին Ստեփան եւ Հիլտա Գրգեաշարեանի առատաձեռն նուիրատուութեամբ: Գրգեաշարեան Գայիքեան ֆոնտը կրթաթոշակ կը յատկացնէ բոլոր անոնց, որոնք Սիտնիի Համալսարանին մէջ ակադեմական հետազօտութիւն կը կատարեն Հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ սկիզբէն մինչեւ 19րդ դարու աւարտը:

«Շատ հետաքրքրական է որ այս ուսումնասիրական աշխատանքը պիտի տարուի, եւ հաւանաբար Աւստրալիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ոչ հայ ակադեմականներու կողմէ, որոնք հետաքրքրուած են Հայաստանի շատ հարուստ պատմութեամբ: Հայաստանըդեռ 9րդ եւ 10րդ դարերուն ուսումնարաններ ունէր, որոնք համազօր էին արդի համալսարաններուն, ինչպէս Տաթեւայ ու Հաղբատի վանքերը, որոնք որեւէ ժամանակահատուածի մէջ կը հաշուէին աւելի քան 500 ուսումնագէտներ: Այս բարձրորակ ակադեմականները ստեղծագործեցին եւ մարդկային քաղաքակրթութեան շնորհեցին անհաւատալի գանձեր, զորս կը սպասեն ուսումնասիրուելու Արեւմտեան ակադեմական շրջանակներու կողմէ: Յուսով եմ որ այս երկու նպաստները սկիզբն են եւ առաջին փոքր քայլերը՝ ակադեմական երկար ճամբորդութեան մը » յայտարարեց Պրն Գրգեաշարեան:

Կրօնքներու Պատմութեան Փրօֆէսէօր Իըն Կարտնըր, օգտագործելով հայոց պատմութեան աղբիւրներ, պիտի փորձէ ի յայտ բերել թէ արդեօ՞ք Մանին, Մանիքէյութեան հիմնադիրը, երրորդ դարուն իր կատարած ճամբորդութեան ընթացքին Հայաստանայցելած է կամ ոչ: Այս ուսումնասիրութիւնը պիտի լուծէ այս մարզին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր վիճելի հարց մը եւ լոյս պիտի սփռէ Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութեան պատմութեան վրայ, որ կը մնայ հիմնահարց մը ազգային ինքնութեան ոլորտէն ներս:

Հոկտեմբերին Փրոֆ Կարտնըր պիտի այցելէ Հայաստանի Հախվերանի շրջանը, ուր պիտի դասախօսէ գիտաժողովի մը, կազմակերպուած  Իրան եւ Կովկաս պարբերաթերթին կողմէ: Մասնակցելով այս ժողովին եւ այցելելով զանազան հնավայրեր, ան կը յուսայ աւելի մօտէն ծանօթանալ հայ ինքնութեան կառուցման գործընթացին եւ անոր ունեցած կապին Հռովմէական կայսրութեան Արեւելեան շրջանին մէջ  Մանիքայութեան եւ Քրիստոնէութեան զարգացման հետ, որ Փրոֆէսէօրին ուսումնասիրութեան նիւթն է:

«Երախտապարտ եմ ինծի տրուած առիթին համար աւելիով մխրճուելու Հայոց պատմութեան բնագաւառին մէջ, ուր բաւարար ուսումնասիրութիւններ չեն եղած: Կը յուսամ ապահովել նոր ձեռքբերումներեւ յայտնաբերել թէ ինչ կը կատարուէր Հայաստանի մէջ նախ քան 301 թուականը, ժամանակահատուած մը, որուն մասին առ այժմ շատ քիչ բան գիտենք» ըսաւ Փրոֆ Կարտնըր:

Դոկտ. Ճան Շօ կը ծրագրէ Անգլիական պատմական տեսանկիւնէն ուսումնասիրել Կիլիկեան Հայաստանը Ֆրանսական Մէլիւզին վիպերգութեան ընդմէջէն, որ պատշաճեցուած է անգլերէնի 1500 թուականին: Այս ուսումնասիրութիւնը պիտի հակաճառէ իրական եւ երեւակայածինայն ազդեցութեանց հանգամանքին, որ արեւելեան Քրիստոնեայ համայնքները ունէին ԺԵ դարու Անգլիական մշակոյթին վրայ եւ պիտի յայտնաբերէ այն փոխազդեցութիւնը, որ այս երկու աշխարհագրական տարածաշրջանները ունեցած են :

«Շնորհիւ այս կրթանպաստին պիտի կարենամ աւելի լաւ ուսումնասիրել այդ ժամանակաշրջանին Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Կիլիկեան Հայաստանի եռանկիւնաւորումը» յայտարարեց Դոկտ. Շօ:

«Շատ հետաքրքրուած եմ ուսումնասիրելու այն հետաքրքրական յարաբերութիւնը,  որ գոյութիւն ունի պատմութեան եւ գրականութեան միջեւ յենուելով այդ ժամանակահատուածին մէջ Կիլիկեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն վրայ: Պատմութիւնը չէ տեղեկացուած Հայկական տեսանկիւնէն, հետեւաբար յուսով եմ որ պիտի կարենամ փոխել կիզակէտը եւ վերահաստատել պատմութիւնը եւ լոյս սփռել հայկական տեսակէտին վրայ» բացատրեց Դոկտ. Շօ:

Գրգեաշարեան Գայիքեան Ֆոնտը կրթանպաստ պիտի տայ ամէն տարի եւ առ յաւէտ: Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար դիմել՝

Faculty of Arts and Social Sciences Research Office at fass.research@sydney.edu.au Phone: +61 2 9351 2222

Scroll Up