«Շատ Մեծ Հաւատք Ունիմ Հայ Դպրոցին Հանդէպ Եւ Կը Հաւատամ, Որ Ամէն Հայ Մանուկ Նախ Եւ Առաջ Իր Դաստիարակութիւնը Պէտք Է Ստանայ Հայկական Վարժարանին Մէջ»
Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ.
Վերամուտի առիթով եւ դպրոցին մէջ նախատեսուած ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին նոր տնօրէն Փաուլա Եղիայեանին հետ: Խօսելով Ճեմարանի հիմնադրութեան օրէն եկող եւ միշտ պահպանուող այն առաքելութեան մասին, որ Ճեմարանի յարկին տակ աշակերտը ո՛չ միայն լեզու եւ գիտութիւն կը սորվի, այլ նաեւ` ազնիւ ու գիտակից մարդ, պատասխանատու եւ ինքնավստահ հայ ըլլալ, ան հաստատեց, որ այդ մէկուն շարունակութիւնը երաշխաւորելու առումով ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի: Անդրադառնալով անցեալի յաջողութիւններուն` Փաուլա Եղիայեան խօսեցաւ նաեւ ապագայի ծրագիրներուն մասին, յատկապէս նորօրեայ մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն լոյսին տակ` հաստատելով, որ դպրոցին եւ ծնողներուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ համադրուած ճիգերով կարելի է հասնիլ ճշդուած նպատակներուն:
Փաուլա Եղիայեան նաեւ մանրամասնութիւններ փոխանցեց արդիական մանկամսուրի շինութեան հեռանկարներուն մասին: Ան անդրադարձաւ ուսուցիչի փորձառութեան եւ տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնի ստանձման մղիչ ազդակներուն:
Ստորեւ` հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:
«Ա.».- Նախ խօսինք Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտներուն յաջողութիւններուն մասին` ըլլա՛յ պետական քննութիւններուն մէջ, ըլլա՛յ աւարտելէ ետք, համալսարաններ ընդունման հանգրուանին եւ համալսարանական ուսման ընթացքին:
ՓԱՈՒԼԱ ԵՂԻԱՅԵԱՆ.- Ճեմարանի աշակերտները շատ լաւ յաջողութիւն կ՛ապահովեն պրէօվէի եւ պաքալորէայի պետական քննութիւններուն, եւ մեծ թիւով աշակերտներ կ՛արժանանան յիշատակութիւններու: Այսպէս, 2015-2016 տարեշրջանի պրէօվէի պետական քննութիւններուն ներկայացող 30 աշակերտներն ալ յաջողեցան եւ այդ 30-էն 14-ը արժանացան յիշատակութիւններու: Նոյնպէս` աւարտական դասարանի ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 32 աշակերտներն ալ յաջողեցան, եւ այդ 32-էն 16-ը արժանացան յիշատակութիւններու:
Ինչ կը վերաբերի համալսարան ընդունման հանգրուանի եւ համալսարանական ուսման ընթացքին իրենց յաջողութիւններուն, պէտք է ըսել, թէ Ճեմարանի աշակերտները ընդհանուր առմամբ առանց դժուարութեան կ՛ընդունուին եւ իրենց ուսումը կը շարունակեն թէ՛ ամերիկեան, եւ թէ՛ ֆրանսական համալսարաններու մէջ: Անոնք շատ յաճախ բարձր գնահատանքի կ՛արժանանան եւ կը գրաւեն առաջնակարգ դիրքեր իրենց ընտրած ճիւղերուն եւ մասնագիտութիւններուն մէջ եւ ասիկա` թէ՛ Լիբանանի մէջ, թէ՛ Լիբանանէն դուրս:
«Ա.».- Ճեմարանի առաքելութիւնը ինչպէ՞ս կը սահմանէք, ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք անոր իրականացման ձեւերը:
Փ. Ե.- Ճեմարանի հիմնադիրները անոր տուած են յատուկ առաքելութիւն մը. Ճեմարանի մէջ աշակերտը ո՛չ միայն կը սորվի լեզուներ եւ գիտութիւններ ու կը պատրաստուի ներկայանալու պետական քննութիւններու, այլ նաեւ ան կը սորվի ըլլալ ազնիւ ու գիտակից մարդ եւ միաժամանակ պատասխանատու եւ ինքնավստահ հայ: Ճեմարանի մէջ կը կերտուի իւրաքանչիւր աշակերտի նկարագիրը, կը կազմաւորուի իր ընկերային կեանքը եւ իր մէջ կը զարգանան մարդկային արժէքներն ու արժանիքները: Հետեւաբար Ճեմարանի շրջանաւարտը կը դառնայ սկզբունքներու տէր անձ եւ հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր բարձրագոյն ուսումը, կը նետուի իր ընտրած ասպարէզին մէջ ու յաճախ կ՛ունենայ հանրային աշխուժ գործունէութիւն:
Բնականաբար նման առաքելութիւն մը լիակատար իրականացնելու համար կարեւոր է, որ ծնողները եւս բերեն իրենց նեցուկը եւ դպրոց ու ընտանիք փորձեն կառչած մնալ նոյն սկզբունքներուն ու համոզումներուն եւ ջանան համադրել աւանդականն ու արդիականը:
«Ա.».- Գալիք տարիներուն մանկավարժական-կրթական ինչպիսի՞ նորութիւններ կարելի է իրագործել Ճեմարանի մէջ, որո՞նք են ձեր մասնագիտական անմիջական նպատակները:
Փ. Ե.- Լիբանանեան պետական ծրագրի, ինչպէս նաեւ ֆրանսական պաքալորէայի ծրագրի գործադրութիւնը կը պահանջէ համադրուած, հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանք: Այս ծիրէն ներս մանկավարժական-կրթական ամենակարեւոր ազդակն է դասաւանդման արդիական ու արդիւնաւէտ մեթոտներու եւ մօտեցումներու, ինչպէս նաեւ արժեւորման այլազան եղանակներու կիրարկումը:
Վերջին տասնամեակներուն մանկավարժական եւ կրթական ասպարէզներէն ներս կարելի է գտնել նորանոր ուսումնասիրութիւններ, ուր ներկայացուած են զանազան փորձեր ու փորձարկումներ, որոնց նպատակն է բարելաւել աշակերտներու մէջ հմտութիւններ զարգացնելու ձեւերն ու միջոցները: Այս մասնագիտական աշխատանքները յաճախ կը բերեն մեթոտաբանական նորութիւններ եւ աշխատելաձեւի նոր թելադրանքներ ու առաջարկներ: Հիմնուելով այժմէական այս մօտեցումներուն վրայ` մեր անմիջական նպատակը պիտի ըլլայ յարմարագոյն մեթոտներով թափ տալ աշակերտին հետաքրքրութիւններուն, զարգացնել իր ըմբռնողութիւնը, լեզուական հմտութիւնները, տրամաբանելու եւ վերլուծելու կարողութիւնը, դատողութիւնն ու մանաւանդ ստեղծագործ միտքը:
«Ա.».- Յաճախ կը խօսուի Ճեմարանը յատկանշող մթնոլորտի մը մասին, դաստիարակչական ոճի մը մասին: Կրնա՞ք մանրամասնել:
Փ. Ե.- Ճեմարանը յատկանշող մթնոլորտը դպրոցին մէջ տիրող ընտանեկան հիմերու վրայ հաստատուած մթնոլորտն է, իսկ յատուկ դաստիարակչական ոճը փոխադարձ յարգանքի եւ գիտակից կարգապահութեան վրայ հիմնուած ոճն է:
Ճեմարան յաճախող իւրաքանչիւր աշակերտ կը մեծնայ անկաշկանդ ու ազատ մտածելու մթնոլորտի մէջ: Այս բնական ընթացքը զինք կը մղէ հետզհետէ դառնալու աւելի գիտակից եւ իր մէջ կը զարգացնէ իր անձին ու իր շուրջիններուն նկատմամբ յարգանքը, ինքնավստահութիւնը, քննադատական միտքն ու դատողութիւնը, արժանապատուութեան զգացումն ու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը:
«Ա.».- Կարելի՞ է հաւատարիմ մնալ ձեր նկարագրած ոճին եւ մթնոլորտին` հակառակ մեր օրերու բարքերուն եւ դժուարութիւններուն: Ինչպէ՞ս:
Փ. Ե.- Ներկայ արհեստագիտացած մեր առօրեային մէջ այս դաստիարակչական ոճի պահպանման եւ գոյատեւման պայքարին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն Ճեմարանէն ներս գործող նուիրուած ուսուցչական կազմն ու անձնակազմը, որոնք գործակցաբար ծնողներու հետ` յառաջ կը մղեն աշակերտի ինքնագիտակցութիւնն ու բնական զարգացումը:
Այո՛, կարելի է հաւատարիմ մնալ այս ոճին եւ մթնոլորտին, այնքան ատեն որ կայ դպրոցի եւ ծնողներուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան եւ գործակցութեան վրայ հիմնուած ամուր յարաբերութիւն մը: Այդ համադրուած ճիգերն են, որ կրնան ապահովել մանուկին ու պատանիին ֆիզիքական, հոգեկան ու մտային բնական կազմաւորումն ու զինք փոքր տարիքէն գիտակից ու յանձնառու դարձնելու փորձին յաջողութիւնը:
«Ա.».- Կը լսենք յաճախ, որ Ճեմարանի աշակերտները շատ ծանրաբեռնուած են: Եթէ այս նկատողութիւնը ճիշդ է, ինչո՞ւ է այդպէս:
Փ. Ե.- Ճեմարանի աշակերտները կը հետեւին լիբանանեան պետական ծրագրին, ինչպէս նաեւ կը պատրաստուին ֆրանսական պաքալորէայի: Բնականաբար նաեւ հիմնական տեղ կը գրաւեն հայոց պատմութիւնն ու հայերէնագիտական դասանիւթերը, որոնք կը ծառայեն մայրենի լեզուի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան ջամբումին: Այս բոլորին կողքին, աշակերտները ունին նաեւ արուեստի (երգ, պար, թատրոն, նկարչութիւն եւ ձեռային աշխատանք), համակարգիչի եւ մարզանքի յատուկ դասապահեր:
Դասանիւթերու այս այլազանութիւնը պատճառ կը դառնայ բաւական ծանրաբեռնուած դասացուցակի մը: Այս ծանրաբեռնուածութիւնը որոշ ճնշումի տակ կը պահէ աշակերտը, սակայն նոյն այդ դասանիւթերու այլազանութիւնը եւ անոնց պահանջած աշխատանքը կը կերտեն պատանիին մտաշխարհը, անհատականութիւնն ու նկարագիրը:
«Ա.».- Կառուցային-շինարարական նոր ծրագիրներ կա՞ն:
Փ. Ե.- Կառուցային-շինարարական հիմնական նոր ծրագիրը Ճեմարանի շէնքի կողքի հողաշերտին վրայ կառուցուելիք արդիական մանկամսուրն է:
Շնորհիւ տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեաններու ազնիւ նուիրատուութեան` այս մանկամսուրի շինարարական աշխատանքները արդէն իսկ սկսան յունիս 2016-ին: Նորակառոյց մանկամսուրը պիտի կարենայ ընդունիլ 80-100 նախադպրոցական տարիքի երեխաներ եւ օժտուած պիտի ըլլայ այժմէական եւ մասնագիտական սարքերով:
Պէտք է ըսել, որ այժմ Ճեմարանի տարածքին գործող մանկամսուրը արդէն իսկ 15 տարեկան է եւ տասնեակ մը մանուկներով ճամբայ ելած այդ ծրագրի աշակերտութեան թիւը այսօր արդէն իսկ եռապատկուած է եւ մանկամսուրը կը գործէ տարիքային երեք բաժանմունքներով:
Յոյսով ենք, որ 2018-2019 տարեշրջանի մանկամսուրի վերամուտը տեղի ունենայ նոր կառոյցին մէջ:
Այս գլխաւոր շինարարական ծրագրի կողքին բնականաբար կան դպրոցին մէջ բարեկարգման եւ նորոգութիւններու զանազան աշխատանքներ, որոնց կ՛անդրադառնանք յառաջիկային:
«Ա.».- Ի՞նչն է, որ ձեզ մղած է ուսուցչական ասպարէզը ընտրելու: Ի՞նչն է, որ ձեզ մղեց ստանձնելու այս պատասխանատու պաշտօնը:
Փ. Ե.- Ուսուցչական ասպարէզը յատուկ սէր մը արթնցուցած է իմ մէջս, որովհետեւ միշտ հետաքրքրութիւնը ունեցած եմ գիտնալու, հարցնելու եւ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կը մտածեն երեխաները, երբ կը գտնուին որոշ կացութեան մը առջեւ, եւ թէ` ի՛նչ ձեւով կը տրամաբանեն անոնք` հասնելու համար խնդիրի մը լուծումին:
Հասկնալ իւրաքանչիւր աշակերտի մտածելու եւ տրամաբանելու եղանակը, վերլուծել իւրաքանչիւր աշակերտի պարագան եւ կարենալ ուղղել իւրաքանչիւր աշակերտ, այս բոլորը ինծի կը թուին հիմնական մարտահրաւէրներ եւ կը մղեն զիս աւելի մօտէն ծանօթանալու աշակերտներու աշխատելաձեւին եւ կարողութիւններուն: Ուսուցչական ասպարէզը սովորական ասպարէզ մը չէ. ան կը պահանջէ լայն համբերութիւն եւ մնայուն ինքնազարգացում: Ուսուցչութիւնը նուիրում է:
Իսկ այս պաշտօնը ստանձնելուս պատճառները մէկէ աւելի են:
Առաջին. ես շատ մեծ հաւատք ունիմ հայ դպրոցին հանդէպ եւ կը հաւատամ, որ ամէն հայ մանուկ նախ եւ առաջ իր դաստիարակութիւնը պէտք է ստանայ հայկական վարժարանին մէջ` հայերէն մտածելով եւ հայերէնով արտայայտուելով: Բնականաբար ամէն բանէ առաջ իմ փափաքս է ծառայել հայ դպրոցին:
Երկրորդ. Ճեմարանի շրջանաւարտ ըլլալով եւ Ճեմարանի մէջ պաշտօնավարած ըլլալով` գիտեմ այս կրթական հաստատութեան արժանիքները եւ ծանօթ եմ իր յատուկ առաքելութեան: Հետեւաբար այս պատասխանատուութիւնը ստանձնելով` կը փափաքիմ Ճեմարանի վերելքին ու Ճեմարանի աշակերտներուն նուաճումներուն մէջ դրական ներդրում ունենալ:
«Ա.».- Եթէ մեծագումար նուիրատուութիւն մը ըլլայ Ճեմարանին, այդ գումարը ի՞նչ ծրագիրի պիտի փափաքէիք յատկացնել:
Փ. Ե.- Մեծագումար նուիրատուութեան մը պարագային, ամէն բանէ առաջ առաջնահերթ է մտածել Ճեմարանի սաներու ֆոնտին յատկացում մը ընելու, ինչպէս նաեւ համալսարանական կրթանպաստի կարիքը ունեցող մեր շրջանաւարտներուն որոշ չափով նեցուկ կանգնելու մասին:
Իսկ եթէ մեծագումար նուիրատուութիւն մը ըլլայ Ճեմարանին շինարարական նոր ծրագիր մը իրականացնելու համար, այդ մէկը պիտի փափաքիմ, որ ըլլայ նախակրթարանի առանձին արդիական բաժին մը կառուցելը: Բաժին մը, որ օժտուած ըլլայ նախակրթարանի աշակերտներու յարմար խաղավայրով, ծածկուած եւ բացօթեայ մարզադաշտերով, մանկական գրադարանով եւ լսատեսողական կազմածներով, դասարաններով ու աշխատանոցներով: