Արդարութեան Եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Իրաւական Կեդրոնի Ստեղծում՝ Ի Խնդիր Ցեղասպանութեան Արդարացի Լուծման Եւ Արցախի Անկախութեան Սատարման

28 Սեպտեմբերին «Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի վարչութեան նախագահ Քեն Խաչիկեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու՝ վերոյիշեալ կեդրոնի վարչութեան անդամ Կիրօ Մանոյեան տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարեցին Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի հաստատման մասին։ Անոնք հաստատեցին, որ կեդրոնը պիտի գործէ ի շահ հանրութեան, անոր նպատակն է յարատեւ լուծումներ գտնել Հայոց Ցեղասպանութեան տակաւին շարունակուող համաշխարհային, ազգային, համայնքային եւ անհատական հետեւանքներուն վերաբերող՝ այսպիսով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերուն առնչուած իրաւական գործընթացները  տեղափոխելով նոր մակարդակ։

«Այսօր ալ Թուրքիան, որեւէ զղջում չցուցաբերելով, պաշարման մէջ կը պահէ աշխարհի հայ գաղութները, շրջափակած է Հայաստանի եւ Ղարաբաղի հայութիւնը, կը բորբոքէ պատերազմի բոցը, կը զրկէ Թուրքիոյ ներկայի բնիկ հայերը կրօնական եւ մարդու իրաւունքներէն, կը փորձէ լռեցնել Սփիւռքի գաղութները, Ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութեան բացակայութիւնը տակաւին կը շարունակէ մեծապէս ազդել հայերուն իրաւունքներուն վրայ: Այս կեդրոնը ազգային եւ միջազգային ատեաններու եւ հարթակներու ճամբով պիտի փորձէ հասնիլ Հայոց Ցեղասպանութեան արդարացի լուծման եւ պաշտպանել Արցախի անկախութեան իրաւունքը», ըսաւ Քէն Խաչիկեան:

Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ կեդրոնը պիտի ջանայ համակարգել մարդու իրաւունքներու խախտումներուն առնչուող հայցերը, յայտնաբերել հայցուորներ, հետաքննել խախտումները եւ հաւաքել անհրաժեշտ ապացոյցներ:

«Հայ Դատի յանձնախմբերի կատարած աշխատանքներն աւելի շատ քաղաքական բնոյթի են: Այս կենտրոնը, որպէս իրաւական կառոյց, նախ հաւաքել է գոյութիւն ունեցող ուսումնասիրութիւնները, կատարելու է նաեւ նոր ուսումնասիրութիւններ՝ պարզելու համար, թէ ինչ իրաւական հայցեր կարող է նախաձեռնել: Կենտրոնը կարող է ինքը նախաձեռնել, կարող է դա անել այլ իրաւատէրերի հետ: Ամէն դէպքում, հիմա կայ կենտրոն, որից կարելի է ակնկալել, որ առնուազն տարբեր նախաձեռնութիւնների մասին կը տայ իրաւական խորհրդատուութիւն: Մենք տեսել ենք որոշ դէպքեր, երբ խմբային հայց է եղել, սակայն ինչ-որ փուլում հայց ներկայացնողները զգացել են, որ իրաւազրկուել են: Այս կենտրոնի անմիջական աշխատանքները հիմնուելու են այդ ուսումնասիրութիւնների վրայ, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչ ուղղութեամբ իրաւական հարցերը կարող ենք առաջ տանել», յայտարարեց Կիրօ Մանոյեան:

Անոր համաձայն՝ կան տարբեր դատական հայցեր թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ տարբեր երկիրներու մէջ: Կեդրոնը նաեւ պիտի հետեւի այդ գործընթացներուն:  Մանոյեան դիտել տուաւ, որ ցարդ կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ միջազգային իրաւունքը այնքան ալ կատարեալ չէ, երբ կը վերաբերի անցած անարդարութիւնները սրբագրելուն:

«Ներկայում պէտք է կենտրոնանալ տարբեր պետութիւնների, այդ թւում, Թուրքիայի, դատարանների վրայ, տեսնենք, թէ ինչ կարելի է ձեռնարկել: Կան նախադէպեր, երբ հայերը թուրքական դատարաններում հայցեր են ներկայացրել եւ որոշ չափով իրենց իրաւունքը վերականգնուել է: Կան նախադէպեր, երբ այլ ազգի ներկայացուցիչները, ովքեր որեւէ պետութեան կողմից անարդար վերաբերմունքի են արժանացել, պետութեան դէմ գործ են յարուցել եւ դրական եզրակացութեան են յանգել», աւելցուց Կ. Մանոյեան:

Ան դիտել տուաւ, որ կեդրոնը պիտի արձագանգէ  հայոց ազգային, համայնքային եւ անձնական գոյքի զաւթումներուն, որպէսզի գտնէ այնպիսի լուծումներ, որոնք տարածաշրջանին մէջ պիտի հաստատեն յարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն՝ հիմնուած արդարութեան եւ պատասխանատուութեան վրայ:

«Կենտրոնը ազգային եւ միջազգային իրաւական ասպարէզներում Ցեղասպանութեան համար հատուցման հասնելու իր ջանքերն իրագործելիս, յանձն է առնում ապահովել արդարութիւն բոլոր նրանց համար, ովքեր դեռեւս կրում են այս յանցագործութեան վէրքերը: Իսկ աւելի լայն առումով, որպէս մարդու իրաւունքների համաշխարհային շարժ-մանը նուիրուած կազմակերպութիւն, ՀԻԿը, միջազգային իրաւունքի եւ համաշխարհային մարդասիրական արժէքներին համահունչ իրաւական նախադէպեր ստեղծելու եւ համապատասխան քաղաքականութեան մշակմանը աջակցելու միջոցով, աշխատելու է ապագայ բռնութիւնները կանխելու ուղղութեամբ», աւելցուց Մանոյեան։

Նախորդ դարասկիզբին ներկայի Թուրքիոյ տարածքը միլիոնաւոր հայերէ, յոյներէ, պոնտոսցիներէ, ասորիներէ, քաղդէացիներէ բաղկացած մեծաթիւ, հնամեայ եւ կենսունակ, բնիկ քրիստոնեաներու հայրենիքն էր, ա-նոնք կը կազմէին բնակչութեան շուրջ 25 տոկոսը: Այսօր այդ համայնքները կը կազմեն Թուրքիոյ բնակչութեան ընդամէնը 0.1 տոկոսը: Մարդիկ հետապնդուած են իրենց դէմ կատարուած ցեղասպանութեան մասին խօսելու կամ գրելու համար, իսկ Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ սերտօրէն համագործակցելով շրջափակած է Հայաստանն ու Արցախը, ուր կը բնակին թոռները այն անձերուն, որոնց կը փորձէին բնաջնջել:

«Տասնամեակներ անց արդէն պարզ է, որ հարկաւոր է այնպիսի մոդել, որը հիմնուած կը լինի արդարութեան, այլ ոչ՝ ցեղասպանութեան վրայ: ՀԻԿը լրացնելու է այդ բացը», հաստատեց Մանոյեան:

Ք. Խաչիկեան դիտել տուաւ, որ Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը կը նախատեսէ աշխատիլ աշխարհի հայ գաղութներու բոլոր հատուածներուն հետ միասնաբար՝ անդրադառնալու Թուր-քիոյ Հանրապետութեան եւ այլոց պատասխանատուութեան Հայոց Ցեղասպանութեան աշխարհաքաղաքական, տարածքային եւ մանր տնտեսական հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստան հայրենիքի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համապատասխան սփիւռքեան եւ այլ շահառուները փոխհատուցելու, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ապագային վերաբերող հարցերուն, յատկապէս, երբ այսօր Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը միջազգային մակարդակի վրայ հարցականի տակ են հիմնականօրէն Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք:

Միջազգային իրաւական գործունէութեան զուգահեռ կեդրոնը իր ուշադրութիւնը պիտի սեւեռէ Ցեղասպանութեան ընթացքին յափշտակուած կամ բռնագրաւուած հաւաքական գոյքի եւ այլ ունեցուածքի վրայ, որոնց կարգին՝ եկեղեցիներ, կրօնական վայրեր, հաստատութիւններ, դպրոցներ, թանգարաններ, մշակոյթի գործեր, մշակութային արժէքներ, գիրքեր եւ այլ ունեցուածք:

Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի կեդրոնատեղին պիտի ըլլայ Ուաշինկթընի մէջ, բայց պիտի աշխատի միջազգային ասպարէզին մէջ՝ ուշադրութիւնը սեւեռելով հատուցման հասնելու համար բոլոր կարելիութիւններուն։

Կեդրոնի գործադիր տնօրէնը պիտի ըլլայ Քէյթ Նահապետեանը՝ խմբային հայցերու մեծ փորձառութիւն ունեցող փաստաբան, որ աւելի քան տասը տարի Ուաշինկթընի մէջ աշխատած է ամերիկահայերու պաշտպանութեան հարցերով: Ան նախապէս աշխատած է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակին, Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան մէջ, այն օրերուն ծերակուտական Ժոզէֆ Պայտընի հետ եւ Միջազգային խաղաղութեան «Քարնըկի» հիմնարկին մէջ: Քէյթ Նահապետեան միջազգային եւ մարդու իրաւունքներու վերաբերող իրաւագիտութեան դոկտորի աստիճան ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պերքլիի իրաւագիտութեան բաժանմունքին մէջ՝ մասամբ ֆինանսաւորուելով հեղինակաւոր, Նոր ամերիկացիներու համար Փոլ եւ Տեյզի Սորոսներու կրթաթոշակին կողմէ:

Վարչութեան նախագահն է Քէն Խաչիկեան (Միացեալ Նահանգներ), որ երկար տարիներ աշխոյժ կերպով աշխատած է ամերիկահայ գաղութին մէջ, վարչութեան անդամներն են Կարօ Արմէնեան (Միացեալ Նահանգներ), Սթիւ Տէտէյեան (Միացեալ Նահանգներ), Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (Քանատա), Գէորգ Յակոբճեան (Աւստրիա), Րաֆֆի Համբարեան (Միացեալ Նահանգներ), Խաժակ Քորթեան (Աւստրալիա), Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան), Էդուին Մինասեան (Միացեալ Նահանգներ), Երուանդ Փամպուքեան (Լիբանան), Րաֆֆի Սարգիսեան (Քանատա), դոկտոր Հենրի Թերիօ (Միացեալ Նահանգներ), դոկտոր Վլադիմիր Վարդանեան (Հայաստան) եւ Վահէ Եագուպեան (Միացեալ Նահանգներ):

Պիտի ըլլայ նաեւ լայն ներկայացուցչութիւն ունեցող խորհրդականներու կազմ՝ բաղկացած միջազգային իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու եւ կեդրոնի աշխատանքներուն անհրաժեշտ ոլորտներու այլ փորձագէտներէ:

Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը սկսած է գործելու  Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի հիմնադրամի առատաձեռն դրամաշնորհով եւ պիտի ջանայ ստանալ գաղութներուն նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը՝ իր աշխատանքները զօրացնելու համար:

Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու եւ նուիրատուութիւն կատարելու համար կարելի է այցելել www.armenianlegal.org կայքը։

Scroll Up