Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ասպետ»-ի Շքանշանով Պատուեց Տիար Արամ Համբարեանը
Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը, Ուաշինկթընի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան՝ Գաւազանակիր եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան։
Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Տիար Արամ Համբարեան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին, իր շնորհաբեր այցին համար, նշելով որ Հովուապետին այս այցելութիւնը մեծապէս կը քաջալերէ եւ նոր մղում կու տայ իրենց աշխատանքին։
Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի գրասենեակին տարած աշխատանքները՝ քաղաքական եւ ժողովրդային մակարդակներու վրայ ծանօթացնելով հայ ժողովուրդի արդար դատը։ Ան յիշեցուց, որ այս գրասենեակը ի մի կը բերէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակերը եւ կ’ոգեւորէ յատկապէս մեր երիտասարդ սերունդը։ Նորին Սրբութիւնը լուսարձակի տակ առաւ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Տիար Արամ Համբարեանի անխոնջ ջանքերը եւ յիշեցուց, որ ան կարեւոր դեր կը խաղայ գրասենեակի աշխատանքներու համադրման ու առաւել արդիւնաւորման համար։ Առ ի գնահատանք Տիար Համբարեանի տարիներու ծառայութեան, Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուներուն, բարեկամներուն եւ Ուաշինկթընի զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութեան, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով պատուեց զինք։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ այս շքանշանին ընդմէջէն ան կը պատուէ ու կը գնահատէ Հայ Դատի գրասենեակի բոլոր պաշտօնեաներն ու կամաւորները։ Աւարտին,
Վեհափառ Հայրապետը պատախանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչութիւն ունէին Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին, Հայ Եկեղեցւոյ, Ամերակայի հայ գաղութներուն եւ երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն։